Ինչպէ՛ս պարբերաթերթերը առաջարկել
Դիտարան 1 յունուար
«Շատեր կը հաւատան թէ հոգեղէն ծիրին մէջ մտացի էակներ կան, որոնք մեր կեանքին վրայ ազդեցութիւն ունին։ Դուն ի՞նչ կը խորհիս։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Յայտնութիւն 12։7-9։] Այս պարբերաթերթը ցոյց կու տայ, թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ հոգեղէն ծիրին մէջ ապրողներուն մասին, անոնք մեզի ինչպէ՛ս կ’ազդեն, եւ անոնց հետ կրնա՛նք հաղորդակցիլ թէ ոչ»։
Դիտարան 1 փետրուար
«Շատեր կը հաւատան, թէ Եդեմի պարտէզը առասպել մըն է։ Արդեօք պիտի զարմանա՞ս եթէ գիտնաս, որ Յիսուս ի՛նք Ադամին ու Եւային մասին խօսեցաւ որպէս իսկական անհատներ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ, ապա կարդա՛ Մատթէոս 19։4-6։] Այս պարբերաթերթը Եդեմի պարտէզին մասին կարգ մը սովորական հարցումներու պատասխանը կու տայ»։