Միջշաբաթային ժողովին առնչութեամբ ճշդումներ
Սեպտեմբեր 3–ով սկսող շաբաթէն սկսեալ, Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւնը որ 25 վայրկեան էր, 30 վայրկեան պիտի տեւէ։ Իր բացման խօսքերուն մէջ, վարողը պէտք է մէկ վայրկեան տրամադրէ նախորդ դասը վերաքաղ ընելու համար։ Ծառայութեան ժողովն ալ 35 վայրկեանի տեղ, 30 վայրկեան պիտի ըլլայ։ Այլեւս ծանուցումներու համար յատուկ բաժին մը պիտի չըլլայ։ Փոխարէն, որեւէ ծանուցում պէտք է տրուի Ծառայութեան ժողովի առաջին նիւթին սկիզբը։ Սովորաբար, անհրաժեշտ ծանուցումները քիչ կամ ոչինչ են, եւ հարկ չկայ նշելու թէ ի՛նչ նիւթեր պիտի ներկայացուին։ Դաշտի ծառայութեան, մաքրութեան յայտագիրներուն եւ ստացուած բարեւներուն առնչութեամբ ծանուցումներ պէտք չէ տրուին (թծ 10/2008 էջ 1, պարբ. 4)։ Եթէ երկար ծանուցում մը պիտի ներկայացուի, յարմար պիտի ըլլայ որ բաժիններ ունեցողները նախապէս տեղեակ ըլլան, որպէսզի իրենց նիւթը կարճ պահեն։