Ներկայացումի նմոյշներ
Յունիս ամսուան առաջին շաբաթ օրը՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար
«Գրեթէ որո՛ւն հետ որ խօսինք, կ’ուզէ խաղաղութիւն տեսնել աշխարհի վրայ։ Բայց պատերազմները տակաւին կը շարունակուին։ Ձեր կարծիքով, ինչո՞ւ համաշխարհային խաղաղութիւն հաստատելը դժուար եղած է»։ Թոյլ տուր որ պատասխանէ. ապա ցոյց տուր Դիտարան–ի 1 յունիս թիւին ետեւի կողքը եւ միասնաբար նկատի առէք առաջին հարցումին տակ գտնուող նիւթը ու նշուած համարներէն առնուազն մէկը։ Պարբերաթերթերը առաջարկէ եւ յաջորդ հարցումը քննարկելու համար վերադառնալու կարգադրութիւն ըրէ։
Նշմար. այս ներկայացումը պէտք է ցուցադրուի յունիս 1–ին կայացող դաշտի ծառայութեան ժողովին ընթացքին:
Դիտարան 1 յունիս
«Մենք շրջանին մէջ կարճ այցելութիւններ կ’ընենք՝ հասարակաց խնդրի մը շուրջ խօսելու համար։ Մարդոց մեծամասնութիւնը ատեն–ատեն կանխադատութեան զոհը դարձած է։ Ձեր կարծիքով, աշխարհի մէջ կա՞յ տեղ մը, ուր կանխադատութիւնը գոյութիւն չունի։ [Թոյլ տուր պատասխանէ։] Նկատի առէք թէ Աստուա՛ծ ինչպէս կը նկատէ բոլոր մարդիկը։ [Կարդա՛ Գործք 10։34։] Այս պարբերաթերթը կը քննարկէ, թէ Աստուած ինչպէ՛ս մէկ ընդ միշտ վերջ պիտի դնէ կանխադատութեան»։
Զարթի՛ր յունիս
«Կ’ուզենք ձեր կարծիքը առնել նիւթի մը շուրջ։ Բնական է որ մէկը ուզէ աւելի լաւ կեանք մը ունենալ։ Կը խորհի՞ք թէ յաւելեալ նիւթական ստացուածքներ ունենալով կրնանք մեր կեանքը բարելաւել։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատեցէք թէ Յիսուս ի՛նչ խորիմաստ խօսք մը ըսաւ։ [Կարդա՛ Ղուկաս 12։15։] Այս պարբերաթերթը նիւթական ստացուածքներու շուրջ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը կը ներկայացնէ, եւ գործնական առաջարկներ կու տայ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր ծախսերը հակակշռել»։