Հարցումի տուփ
◼ Քարոզելու կամ այլ երկիրներու մէջ ապրող օտարներու հետ սերտելու համար, հրատարակիչները պէ՞տք է համացանցը ընդարձակ կերպով գործածեն։
Կարգ մը հրատարակիչներ համացանցը կը գործածեն Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ ունենալու այն երկիրներուն մէջ, ուր մեր գործունէութիւնը սահմանափակուած է կամ հոն՝ ուր քիչ հրատարակիչներ կան։ Ճիշդ է որ երբեմն լաւ արդիւնքներու հասած են, բայց վտանգներ կան, երբ հրատարակիչներ ե–նամակներ կը փոխանակեն կամ ցանցազրոյցի սենեակէն օտարներու հետ կը խօսակցին (տե՛ս Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին յուլիս 2007 թիւը, էջ 3)։ Ճիշդ է որ մեր նպատակն է ազնուասիրտ անհատներու Թագաւորութեան պատգամը հասցնել, բայց այսպիսի խօսակցութիւններ կրնան եղբայր մը կամ քոյր մը մղել, որ չար ընկերակցութիւն ունենայ Աստուած չպաշտող անհատներու հետ, ներառեալ՝ հաւատուրացներու հետ (Ա. Կոր. 1։19-25. Կող. 2։8)։ Ասկէ զատ, այն երկիրներուն մէջ ուր Թագաւորութեան գործունէութիւնը սահմանափակուած կամ արգիլուած է, թերեւս կառավարութիւնը համացանցի միջոցաւ մեր հաղորդակցութիւնները հսկէ, ինչ որ կրնայ տեղացի եղբայրներն ու քոյրերը վտանգի տակ դնել։ Ուստի հրատարակիչները պէտք չէ առցանց բարի լուրը քարոզեն այլ երկիրներէ մարդոց։
Եթէ անպաշտօն կերպով վկայենք ուրիշ երկրէ եկած անհատի մը, պէտք չէ իր երկիրը վերադառնալէն ետք անոր հետաքրքրութիւնը մշակենք,– բացի եթէ տեղական մասնաճիւղը մեզի ըսէ այդպէս ընել։ Փոխարէն, կրնանք անոր ցոյց տալ թէ ինչպէ՛ս կրնայ jw.org կայքը գործածել յաւելեալ տեղեկութիւն ձեռք ձգելու համար կամ թէ ինչպէ՛ս կրնայ իր երկրին մասնաճիւղին հետ կապ պահել,– եւ ո՛չ թէ իր երկիրը վերադառնալէն ետք անոր հետաքրքրութիւնը մշակել։ Կրնանք նաեւ զինք քաջալերել, որ իր տան մօտ գտնուող Թագաւորութեան սրահ մը այցելէ։ Անշուշտ կարգ մը երկիրներու մէջ Թագաւորութեան սրահներ չկան։ Եթէ անհատը փափաքի որ իր ապրած շրջանին մէջ Եհովայի վկաները իրեն այցելեն, հարկ է որ Հաճեցէք այցելել (S-43) պատճէնը լեցնենք եւ տանք քարտուղարին, որ իր կարգին զայն կազմակերպութեան պիտի ուղարկէ jw.org կայքին միջոցաւ։ Այն մասնաճիւղը որ հետաքրքրուող անհատին ապրած երկրին գործունէութեան վրայ կը վերահսկէ, այդտեղի մասնայատուկ պարագաներուն քաջածանօթ է եւ հետեւաբար ի վիճակի պիտի ըլլայ հոգեւոր օգնութիւն հայթայթելու (տե՛ս Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին յունիս 2014 թիւը, էջ 7, եւ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին նոյեմբեր 2011 թիւը, էջ 2)։
Եթէ անհատ մը, որուն կը վերայցելենք, ուրիշ երկիր փոխադրուի, կամ եթէ կ’ուսումնասիրենք ուրիշ երկրէ եղող անհատի մը հետ, որուն միայն համացանցին միջոցաւ կը ճանչնանք, վերը նշուած ուղղութիւններուն պէտք է հետեւինք։ Բայց կրնանք շարունակել անոր հետաքրքրութիւնը մշակել, մինչեւ որ տեղացի հրատարակիչներ անոր հետ կապ պահեն։ Բայց եւ այնպէս, եթէ ան կ’ապրի երկրի մը մէջ, ուր մեր գործունէութիւնը սահմանափակուած կամ արգիլուած է, շա՛տ զգոյշ պէտք է ըլլանք, երբ նամակի, հեռաձայնի կամ ելեկտրոնային սարքերու միջոցաւ աստուածաշնչական նիւթեր կը քննարկենք (Մատ. 10։16)։