Ինչպէ՛ս կրնանք մեր սորվեցուցած անհատներուն սրտին հասնիլ
1. Յիսուսի ուսուցումները ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցան իր ունկնդիրներուն վրայ։
1 Յիսուս Քրիստոս իր ունկնդիրներուն սրտին հասաւ։ Առնուազն մէկ առիթով, երբ ան իրենց յստակ կերպով Սուրբ Գրութիւնները բացատրեց, իր աշակերտներուն սրտերը ‘բորբոքեցան’ (Ղուկ. 24։32)։ Քանի որ Աստուծոյ հնազանդիլը սրտէն պէտք է գայ, ինչպէ՞ս կրնանք մեր սորվեցուցած անհատներուն սրտին հասնիլ, որպէսզի մղուին իրենց կեանքին մէջ փոփոխութիւններ մտցնելու (Հռով. 6։17)։
2. Փափկանկատութիւնը եւ խորատեսութիւնը ի՞նչ դեր կը խաղան անհատի մը սրտին հասնելուն մէջ։
2 Փափկանկատ եւ խորատես եղիր։ Շատերու պարագային, երբ իրենց պարզապէս ըսենք թէ ի՛նչն է ճիշդը եւ ի՛նչն է սխալը, անոնք պիտի չմղուին քայլ առնելու։ Իրականութեան մէջ, երբ իրենց կրօնական հաւատալիքներուն վրայ յարձակինք շա՜տ մը համարներով, անոնք թերեւս նոյնիսկ հեռանան։ Անհատի մը սրտին հասնելու համար, նախ պէտք է զատորոշենք անոր հաւատալիքներուն եւ արարքներուն պատճառները։ Փափկանկատութեամբ եւ տեսակէտ պարզող լաւ ընտրուած հարցումներ ուղղելը զինք պիտի քաջալերէ, որ իր ամենաներքին մտածումները յայտնէ (Առ. 20։5)։ Միայն այն ատեն է որ պիտի կարենանք Աստուծոյ Խօսքէն ընտրել տեղեկութիւններ, որոնք կրնան իր սրտին դպչիլ։ Ուստի հարկ է որ անձնական հետաքրքրութիւն ցուցաբերենք եւ համբերող ըլլանք (Առ. 25։15)։ Յիշէ թէ ամէն անհատ հոգեւորապէս տարբեր արագութեամբ կը յառաջդիմէ։ Ժամանակ տուր որ Եհովային սուրբ հոգին ազդէ իրենց մտածելակերպին եւ արարքներուն վրայ (Մար. 4։26-29)։
3. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր սորվեցուցած անհատներուն օգնել, որ լաւ յատկութիւններ մշակեն։
3 Անոնց օգնէ որ լաւ յատկութիւններ մշակեն։ Եհովայի բարութիւնը եւ սէրը յայտնող Աստուածաշունչի հատուածները կրնան մեր սորվեցուցած անհատներուն օգնել, որ լաւ յատկութիւններ մշակեն։ Կրնանք գործածել համարներ, ինչպէս՝ Սաղմոս 139։1-4 կամ Ղուկաս 12։6, 7, ցոյց տալու համար թէ Աստուած որքա՛ն մեզմով անձնապէս հետաքրքրուած է։ Երբ անհատներ Եհովայի անարժան բարութիւնը իսկապէս գնահատեն, անոնց սէրը եւ աստուածպաշտութիւնը կ’աւելնան (Հռով. 5։6-9. Ա. Յովհ. 4։19)։ Նաեւ երբ կը գիտնան թէ իրենց վարքը Եհովայի կ’ազդէ, անոնք թերեւս մղուին վարուելու այնպիսի կերպով մը, որ զինք պիտի հաճեցնէ եւ պատուէ (Սաղ. 78։40, 41. Առ. 23։15)։
4. Երբ մեր թաղամասին մէջ անհատներու կը սորվեցնենք, ինչպէ՞ս կրնանք անոնց ընտրելու ազատութիւնը յարգել։
4 Եհովան ոեւէ մէկը չի ստիպեր որ իր պատուէրներուն հնազանդի։ Փոխարէն, ան իր Խօսքին միջոցաւ ցոյց կու տայ թէ իր խրատներուն հետեւիլը իմաստութիւն է (Եսա. 48։17, 18)։ Մենք Եհովան կ’ընդօրինակենք, երբ կը սորվեցնենք այնպիսի կերպով մը, որ մարդոց կ’օգնէ անձնական եզրակացութիւններու հասնելու։ Երբ անհատներ համոզուին թէ պէտք ունին իրենց կեանքին մէջ փոփոխութիւններ մտցնելու, երկարատեւ դրական արդիւնքներ ձեռք կը ձգուին (Հռով. 12։2)։ Անոնք նաեւ «սիրտերը քննող»ին՝ Եհովային, ա՛լ աւելի կը մօտենան (Առ. 17։3, ԱԾ)։