Համաժողովներու ընթացքին ցնծանք եւ Աստուած փառաբանենք
Աստուածաշունչի Աշակերտները, 1880–ական թուականներու սկիզբէն իսկ, նկատեցին որ, տեղական ժողովքներէն զատ, իրենց համար օգտակար պիտի ըլլար ուրիշ շրջաններու իրենց հաւատակիցներուն հետ ալ ծանօթանալ։ Ուստի անոնք սկսան նախ Միացեալ Նահանգներու եւ ապա Գանատայի Աստուածաշունչի Աշակերտներուն համար տարեկան համաժողովներ կազմակերպել։ Ասոնք հոգեւոր կազդուրման պահեր էին, ուր բոլորն ալ քանի մը օրեր սուրբ գրային լայն ուսուցում կը ստանային եւ փոխադարձ հաճելի քաջալերութիւն մը կը վայելէին։ Նորահաւատներու մկրտութիւնը այս համաժողովներուն կանոնաւոր մէկ երեսակը եղաւ։ Այս համաժողովները հանրային մեծ վկայութիւն տալու համար ալ կը ծառայէին։—Հռովմայեցիս 1։11, 12
Ներկայիս, Եհովայի Վկաները կանոնաւորաբար համաժողովներ կ’ունենան։ Ընդհանրապէս մօտ 18–էն 25 ժողովքներ կը կազմեն ինչ որ կը կոչենք շրջան մը, որու կ’այցելէ ճամբորդող տեսուչ մը։ Տարին երկու անգամ, համաժողովներ կը կազմակերպուին Շաբաթ եւ (կամ) Կիրակի օրերը, ուր կը հաւաքուին շրջանի մը ժողովքները կամ անկէ մաս մը։
Տարին անգամ մը, ամէն երկրի մէջ տեղի կ’ունենան երեք կամ չորս օրուայ աւելի մեծ համաժողովներ որոնք կը կոչուին նահանգային համաժողովներ, որոնց ընթացքին հազարաւորներ կրնան մէկ վայրի մէջ հաւաքուիլ։ Այս համաժողովները հոգեւորապէս կը կերտեն Եհովայի Վկաները եւ անոնց գործունէութիւններով հետաքրքրուած ուրիշները. ասոնք ալ հանրային վկայութիւն մը կու տան։
Այս համաժողովներուն յայտագիրը կը պատրաստուի Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմինին կողմէ եւ համայն աշխարհի Վկաներուն կարիքներուն կը համապատասխանէ։ Անիկա կը բովանդակէ դասախօսութիւններ, խօսակցութիւններ եւ առօրեայ կեանքէն ցուցադրութիւններ, որոնք կը ներկայացուին ճամբորդող տեսուչներուն եւ ժողովքներու մէջէն ընտրուած որակելի Վկաներու կողմէ։ Ոմանք փորձառութիւններ ալ կը պատմեն թէ ի՛նչպէս կը դիմագրաւեն ամբարիշտ աշխարհի մը մէջ որպէս Քրիստոնեաներ ապրելու մարտահրաւէրը, կամ կը խօսին թէ ի՛նչ արդիւնքներ ձեռք կը ձգեն ծառայութեան մէջ։ Նահանգային համաժողովները յաւելեալ երեսակ մըն ալ ունին. Սուրբ գրային ժամանակներու կամ արդիական պարագաներէ առնուած թատերախաղեր կը ներկայացուին, բացատրելով թէ ներկայիս Քրիստոնեաները ի՛նչպէս գլուխ կ’ելլեն իրենց խնդիրներուն հետ։
Այս համաժողովներուն ճաշեր եւ զովացուցիչներ ալ կը մատուցուին ներկաներուն։ Ասիկա պատեհութիւն կու տայ անոնց որ հաճելի ընկերակցութիւն մը վայելեն յայտագրէն դուրս։ Այս ամբողջ աշխատանքը կը կատարուի յօժարակամօրէն աշխատող Եհովայի Վկաներու կողմէ։ Համաժողովի վայրերուն վարձքը եւ ուրիշ ծախքերը կը հոգացուին յօժարակամ նուիրատուութիւններով։ Մուտքը ազատ է եւ հանգանակութիւն չկայ։
Ձեր շրջանի Եհովայի Վկաներու ժողովքէն կրնաք տեղեկանալ այս համաժողովներուն թուականը եւ վայրը։ Նաեւ տեղեկութիւններ պիտի տրուին ճամբորդութեան, ինչպէս նաեւ բնակարանի, կարգադրութիւններու մասին։
Այս համաժողովները կ’օգնեն Եհովայի Վկաներուն եւ անոնց հետ ընկերակցողներուն որ իրենց տեղական ժողովքէն անդին տեսնեն եւ համայն աշխարհի իրենց եղբայրներուն ընկերակցութիւնը գնահատեն։—Ա. Պետրոս 2։17
• Աստուածաշունչի նախկին Աշակերտները ի՞նչ օգուտներ կը քաղէին իրենց համաժողովներէն։
• Շրջանային եւ նահանգային համաժողովներու կարգադրութիւնը եւ յայտագիրը նկարագրեցէք։
[Նկարներ՝ էջ 18]
Սուրբ գրային թատերախաղ՝ նահանգային համաժողովի մը, Մ.Ն.
Միջազգային համաժողով, Լեհաստան
Միջազգային համաժողով, Արժանթին
Շրջանային համաժողով, Ճափոն
Պատուիրակներ գրականութիւններ ձեռք կը ձգեն, Զուիցերիա
Միջազգային համաժողովի մը ընթացքին մկրտութիւն, Հար. Ափ.
Սուրբ գրային նոր գրականութիւն մը լոյս կը տեսնէ, Գանատա
Համաժողովի պատուիրակներ երգեցողութեան կը միանան, Սպ.