Եհովայի վկաները միջազգային համաժողովներ պիտի գումարեն
Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմինը կը ծրագրէ, միջազգային համաժողովներ գումարել 1998–ի ընթացքին։ Այս ծանուցումը խանդավառ ընդառաջում մը գտաւ Փէնսիլվանիոյ Դիտարանի Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան տարեկան ժողովին, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ՝ 5 Հոկտեմբեր 1996–ին, Ճըրզի Սիթիի Համաժողովի Սրահին մէջ։
Սովորական նահանգային համաժողովներու կողքին, մի քանի միջազգային համաժողովներ պիտի գումարուին Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ, 1998–ի կիսամեայէն սկսեալ։ Կը նախատեսուի որ այս հաւաքումները, զանազան երկիրներէ հարիւր հազարաւոր Վկաներ միատեղ պիտի բերեն։ Որպէսզի կարելի եղածին չափ շատ երկիրներ մասնակցին, Դիտարանի Ընկերութեան աւելի քան 100 մասնաճիւղերը պատուիրակներ պիտի նշանակեն Հիւսիսային Ամերիկայի միջազգային համաժողովի համար նշանակուած քաղաքին։
Ակներեւաբար, ոչ բոլոր անոնք որոնք Հիւսիսային Ամերիկա ճամբորդել կը փափաքին, պիտի կարենան ասիկա ընել։ Բայց եւ այնպէս, հազարաւորներու համար կարելի պիտի ըլլայ ներկայ գտնուիլ իրենց երկրին մօտերը տեղի ունենալիք միջազգային համաժողովի մը։ Միջազգային համաժողովներ գումարելու կարգադրութիւններ կ’ըլլան, երկու կամ երեք եւրոպական երկիրներու մէջ, իսկ ուրիշներ՝ Ափրիկէի, Ասիոյ, Լատին Ամերիկայի, Հարաւային Խաղաղականի եւ Կարիպիան կղզիներու մէջ։
Յարմար ժամանակին, Ընկերութեան մասնաճիւղերը իրենց թաղամասի ժողովքներուն պիտի տեղեկացնեն թէ ո՛ր համաժողովի քաղաքին կամ քաղաքներուն հրաւիրուած են։ Տեղեկութիւններ պիտի տրուին համաժողովի թուականներուն եւ պատուիրակներ ընտրելու կարգադրութեան նկատմամբ։ Անոնք որոնք պատուիրակութեան դիմումնագրեր կ’ուզեն լեցնել, թերեւս փափաքին հիմակուընէ նիւթական խնայողութիւններ ընել, այս մասնայատուկ առիթին համար։
Համայն աշխարհի մէջ, բոլոր Եհովայի Վկաները կրնան հաճոյքով սպասել ի՛նչ որ վերապահուած է 1998–ի այս միջազգային հաւաքումներուն։ Բոլոր երկիրներու մէջ, նահանգային համաժողովները նոյնանման յայտագիր մը պիտի ունենան։