Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ21 Յունուար էջ 7
  • Տարեկան համաժողովները առիթներ են որ սէր ցուցնենք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Տարեկան համաժողովները առիթներ են որ սէր ցուցնենք
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2021)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Համաժողովներ. ուրախ առիթներ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Համաժողովներու ընթացքին ցնծանք եւ Աստուած փառաբանենք
    Եհովայի վկաները. միացած՝ Աստուծոյ կամքը կատարելու համար համայն աշխարհի մէջ
  • Եհովայի վկաները միջազգային համաժողովներ պիտի գումարեն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • Ատենին Տրուած Հոգեւոր Կերակուր
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
Տես աւելին
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2021)
ժտ21 Յունուար էջ 7

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Տարեկան համաժողովները առիթներ են որ սէր ցուցնենք

Տարբեր մշակոյթներէ եղող Վկաներ իրարու հետ կը նկարուին միջազգային համաժողովի մը ընթացքին։

Ինչո՞ւ համար շատ կը սիրենք տարեկան համաժողովները։ Ինչպէս որ անցեալին Իսրայէլի տօներուն պարագային էր, մեր օրերու համաժողովները մեզի առիթ կու տան, որ Եհովան պաշտենք հարիւրաւոր, նոյնիսկ հազարաւոր, հաւատակիցներու հետ։ Հոն ճոխ հոգեւոր սնունդ կը վայելենք։ Նաեւ կ’ուրախանանք ժամանակ անցընելով մեր բարեկամներուն եւ ընտանիքի անդամներուն հետ։ Մեր խոր գնահատանքը կը ձգէ, որ համաժողովին երեք օրերուն ալ ներկայ ըլլանք։

Երբ առիթ ունենանք միասին հաւաքուելու, պէտք չէ միայն մտածենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք օգտուիլ, հապա նաեւ թէ ինչպէ՛ս կրնանք սէր ցուցնել ուրիշներուն (Գաղ. 6։10. Եբ. 10։24, 25)։ Օրինակ, երբ դուռը բաց կը բռնենք որ եղբայր մը կամ քոյր մը անցնի, կամ երբ մեզի պէտք չեղող աթոռներ չենք գրաւեր, կը ցուցնենք որ ուրիշներուն շահը կը փնտռենք (Փլպ. 2։3, 4)։ Տարեկան համաժողովները շատ աղուոր առիթներ են, որ նոր բարեկամներ ունենանք։ Կրնանք նպատակ դնել, որ համաժողովէն առաջ կամ վերջ կամ ճաշի դադարի ատեն ծանօթանանք մէկու մը որ չենք ճանչնար (Բ. Կոր. 6։13)։ Այդ բարեկամութիւնները կրնան մինչեւ մեր կեանքին վերջը տեւել։ Ամէնէն կարեւորը, երբ մարդիկ տեսնեն որ մենք ինչպէ՛ս իրարու հանդէպ անկեղծ սէր կ’արտայայտենք, թերեւս որոշեն Եհովային ծառայել (Յովհ. 13։35)։

ԴԻՏԷ «ՍԷՐԸ ԲՆԱ՛Ւ Չ’ԻՅՆԱՐ» ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՆԵՐ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • «‘Սէրը բնա՛ւ չ’իյնար’ միջազգային համաժողովներ» վիտէոյէն նկար մը. օտար եւ տեղացի եղբայրներ ու քոյրեր իրար կը բարեւեն եւ փաթթուկ կ’ընեն միջազգային համաժողովի մը ընթացքին։

    2019–ի միջազգային համաժողովներուն ընթացքին ինչպէ՞ս սէր ցուցաբերուեցաւ օտար Վկաներուն հանդէպ։

  • «‘Սէրը բնա՛ւ չ’իյնար’ միջազգային համաժողովներ» վիտէոյէն նկար մը. տեղացի եղբայրներ ու քոյրեր օտար եղբայրներու հետ խումբով կը նկարուին։

    Եհովայի ծառաներուն միջեւ եղած սէրն ու միութիւնը ինչո՞ւ յատուկ է։

  • «‘Սէրը բնա՛ւ չ’իյնար’ միջազգային համաժողովներ» վիտէոյէն նկար մը. քորէացի եղբայրներ ու քոյրեր «Բարի եկած էք» գրութիւնը բռնած կը բարեւեն համաժողովի եկողները։

    Կառավարիչ մարմնի անդամները սիրոյ ո՞ր երեսակները աչքառու դարձուցին։

  • «‘Սէրը բնա՛ւ չ’իյնար’ միջազգային համաժողովներ» վիտէոյէն նկար մը. ուրախ աղջիկ մը կը ցուցնէ իր «Նոր աշխարհի թարգմանութիւնը», որ դեռ նոր առած է։

    Ինչպէ՞ս կրնաս սէր արտայայտել մեր տարեկան համաժողովներուն ընթացքին

    Քրիստոնէական սէրը ինչպէ՞ս մեր եղբայրները միացուցած է Գերմանիոյ եւ Հարաւային Քորէայի մէջ։

  • Ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել