Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 4/04 էջ 4
  • Ատենին Տրուած Հոգեւոր Կերակուր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ատենին Տրուած Հոգեւոր Կերակուր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • 1996–Ի «Աստուածային Խաղաղութեան Պատգամաւորներ» Բնաբանով Նահանգային Համաժողով
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
  • Համաժողովներ. ուրախ առիթներ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • 1999–ի «Աստուծոյ Մարգարէական Խօսքը» Բնաբանով Նահանգային Համաժողովներ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
  • 1997–Ի «Աստուծոյ Խօսքին Հաւատք Ընծայենք» Բնաբանով Նահանգային Համաժողով
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
թծ 4/04 էջ 4

Ատենին Տրուած Հոգեւոր Կերակուր

1. Եզեկիէլ 36։29–ն ներկայիս ի՞նչպէս կը կատարուի։

1 «Ցորենը պիտի կանչեմ եւ զանիկա պիտի շատցնեմ ու ձեր վրայ սով պիտի չբերեմ», կ’ըսէ Գերիշխան Տէր Եհովա։ (Եզեկ. 36։29) Այս մարգարէական խօսքերը ներկայիս կը կիրարկուին Աստուծոյ ժողովուրդին։ Այլաբանօրէն, Եհովա առատօրէն կենսապահ ցորեն աճեցուցած է իր ժողովուրդին համար։ Մեր նահանգային համաժողովներուն միջոցով ատենին հայթայթուած հոգեւոր կերակուրը կը շեշտէ այս իրողութիւնը։

2. Եհովա ի՞նչպէս նահանգային համաժողովները գործածած է՝ ատենին հոգեւոր կերակուր մատակարարելու համար։

2 1931–ին, Գոլըմպըսի մէջ, Օհայօ, գումարուած համաժողովին, Եհովա իր երկրպագուները ուղղեց որ նոր անուն մը որդեգրեն. Եհովայի Վկաներ։ (Եսայ. 43։10-12) 1935–ին, Յայտնութիւն 7։9-17–ի մէջ յիշուած մեծ բազմութեան ինքնութիւնը ճշգրտօրէն բնորոշուեցաւ։ 1942–ին, Եղբայր Նոր ներկայացուց՝ «Խաղաղութիւն. Ան Կրնա՞յ Գոյատեւել» դասախօսութիւնը։ Այդ դասախօսութիւնը աշխարհածաւալ քարոզչութեան թափ տուաւ, եւ Դիտարանի Աստուածաշունչի Գաղաադու Դպրոցին հիմնադրութեան առաջնորդեց։ Թէեւ կարգ մը համաժողովներ յատկապէս յիշատակելի են, սակայն իւրաքանչիւր համաժողով փաստած է ատենին հրամցուած սննդարար հոգեւոր կերակուրի ճոխ սեղան մը ըլլալ։—Սաղմ. 23։5. Մատթ. 24։45

3. Մեր նահանգային համաժողովին ներկայացուած հոգեւոր կոչունքէն օգտուելու համար, ի՞նչ պէտք է ընենք։

3 Լաւ կ’Ուտէ՞ք. Առատ կերակուր ունենալով հանդերձ, եթէ չջանանք ուտել, կրնանք յոռի սննդառութենէ տառապիլ։ (Առ. 26։15) Նոյնը կրնայ պատահիլ հոգեւոր առումով։ Քանի մը համաժողովներու մէջ նկատուեցաւ որ յայտագրի ընթացքին շատեր անհարկիօրէն կը պտըտին կամ ուրիշներու հետ կը խօսին։ Թէեւ շինիչ ընկերակցութիւնը համաժողովին կարեւոր մէկ երեսակն է, սակայն անոր ժամանակը իւրաքանչիւր նիստէն առաջ ու վերջ է։ (Ժող. 3։1, 7) Եթէ մեր տեղը չնստինք եւ ուշի ուշով մտիկ չընենք, կարեւոր կէտ մը կրնանք կորսնցնել։ Համաժողովի բաժնին տեսուչները եւ նշանակում ունեցող եղբայրները, երբեմն կը ստիպուին յայտագրի ընթացքին համաժողովի վերաբերեալ հարցերու շուրջ խօսիլ։ Այլապէս անոնք պէտք է օրինակ հանդիսանան, ուշի ուշով յայտագրին հետեւելով։ Մեզմէ ո՛չ մէկը հայթայթուած հոգեւոր կերակուրէն բան մը պէտք է կորսնցնէ։—Ա. Կորն. 10։12. Փիլ. 2։12

4. Ի՞նչպէս կրնանք շնորհակալ ըլլալ Եհովայի հայթայթած ճոխ հոգեւոր կերակուրին համար։

4 Քրիստոնեայ Աշխարհի անսննդարար սուտ վարդապետութիւններուն հետ բաղդատած, որքա՜ն կ’ուրախանանք Եհովայի առատօրէն հայթայթած հոգեւոր ճշմարտութիւններով։ (Եսայ. 65։13, 14) ‘Շնորհակալ ըլլալու’ կերպերէն մէկն է, համաժողովը նկատել Եհովայի կողմէ ուսուցանուելու պատեհութիւն մը։ (Կող. 3։15, ԱՎ) Կեդրոնացէք դասախօսութեան վրայ եւ ո՛չ թէ դասախօսին վրայ, եւ պատգամը նկատեցէք թէ «Մեծ Ուսուցիչ»ին կողմէ եկած է։ (Եսայ. 30։20, 21, ՆԱ. 54։13) Ուշադրութեամբ մտիկ ըրէք։ Գլխաւոր կէտերը հակիրճօրէն նոթագրեցէք։ Ամէն իրիկուն յայտագրին աչքառու կէտերը վերաքաղ ըրէք։ Ձեր սորվածը կիրարկեցէք։

5. Նահանգային համաժողովները ուրախանալու ի՞նչ պատճառներ կու տան մեզի։

5 Արմագեդոնէն առաջ տեղի ունեցող իւրաքանչիւր համաժողով, ըլլայ անիկա գաղթակայանի մը, պատերազմով պառակտուած երկրի մը կամ խաղաղ շրջանի մը մէջ, Սատանայի վրայ տարուած յաղթանակ մըն է։ Որպէս միացած եղբայրութիւն, նահանգային համաժողովներուն միասնաբար հաւաքուելու մեր պատեհութիւնը կ’արժեւորենք։ (Եզեկ. 36։38) Վստահ ենք որ Եհովա անգամ մը եւս սիրալիրօրէն ‘ատենին ուտելիք’ պիտի հայթայթէ մեզի։—Ղուկ. 12։42

[Շրջանակ՝ էջ 4]

Եհովայի Սեղանը Գնահատեցէք

◼ Ուշադրութեամբ մտիկ ըրէք

◼ Գլխաւոր կէտերը նոթագրեցէք

◼ Իւրաքանչիւր իրիկուն՝ յայտագրին աչքառու կէտերը վերաքաղ ըրէք

◼ Ձեր սորվածը կիրարկեցէք

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել