Մեր քրիստոնէական ծառայութիւնը զարդարող վարք
ՊԵՏՐՈՍ առաքեալ կը խըրատէ Քրիստոնեաներուն որ ‘իրենց վարքը հեթանոսներուն մէջ բարի պահեն’։ (Ա. Պետրոս 2։12) Պօղոս առաքեալ ցոյց կու տայ որ մեր լաւ վարքով, ‘մեր Փրկիչ Աստուծոյ վարդապետութիւնը ամէն բանի մէջ կը զարդարենք’։ (Տիտոս 2։10) Համայն աշխարհի մէջ Եհովայի Վկաները լաւ վարքի համբաւը շահած են։ Քանի մը օրինակներ նկատի առէք։
Լաւ Վարքի Մասին Ուսուցիչին Տպաւորութիւնը
◻ Դիտարանի Ընկերութեան Գոսթա Րիքայի մասնաճիւղը կը տեղեկագրէ թէ այդ երկրին մէջ մեծ թիւով երիտասարդներ լաւ օրինակ կը հանդիսանան։ Եղբայր մը կը պատմէ թէ ի՛նչ բան զինք ճշմարտութեան բերաւ։ Ան կ’ըսէ. «Ինծի ամենէն շատ հրապուրողը երիտասարդներուն եւ չափահասներուն, բայց մանաւանդ երիտասարդներուն լաւ վարքն էր։ Մինչ որպէս ուսուցիչ կ’աշխատէի, մօտէն կը քննէի դպրոցիս մէջի Վկաները։ Իսկ քանի որ Եհովայի Վկայ ընտանիքի մը քով կը մնայի, հոն եղող պզտիկներուն ալ վարքը կը դիտէի։
«Դպրոցին մէջ Վկայ աշակերտներուն եւ միւս աշակերտներուն տարբերութիւնը կը նշմարէի։ Վկաները միշտ ճշդապահ եւ քաղաքավար էին, բնաւ չէին ստեր եւ միշտ իրենց նշանակուած բաները կ’ընէին։ Նաեւ կը նշմարէի որ քննութիւններու ատեն ալ անոնք պարկեշտ էին, մինչ միւս աշակերտները խարդախութիւն կ’ընէին։ Մանաւանդ որպէս ուսուցիչ ինծի հանդէպ շատ քաղաքավար եւ յարգալից էին։ Դպրոցի պատանի Վկաներէն եւ մնացած տանս Վկաներէն տպաւորուած, սկսայ այս կրօնքը հետազօտել եւ վերջապէս ընդունեցի ճշմարտութիւնը»։
Համաժողովի Ընթացքին Քրիստոնէական Վարքի մը Լաւ Արդիւնքը
◻ Էլ Սալվատորի արեւմտեան շրջանի ժողովքի մը Եհովայի Վկաներէն մէկը փափաքեցաւ Թագաւորութեան բարի լուրը բաժնել իր երկու մարմնաւոր եղբայրներուն հետ։ Անոնցմէ մէկը մտիկ ըրաւ եւ սկսաւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել Եհովայի Վկաներուն հետ։ Միւս եղբայրը որ կը պատկանէր Խաղաղութեան Իշխան կոչուող Աւետարանչական եկեղեցիի մը, ըսաւ իր եղբօր. «Ինծի մի՛ խօսիր. դուք Սատանայի շահերուն կը ծառայէք»։
Երբ նահանգային համաժողովի ժամանակը եկաւ, ուսումնասիրողը իր եղբօր հրաւիրեց որ իրեն հետ համաժողովի երթայ։ Եղբայրը ըսաւ. «Շատ լաւ, հետդ կու գամ. բայց միայն պիտի տեսնեմ թէ ի՛նչ սխալ պիտի գտնեմ Վկաներուն վրայ»։ Երկու եղբայրները միասին համաժողովի գացին։ Հոծ բազմութիւնը եւ համաժողովի կարգապահութիւնը տպաւորեցին Աւետարանչականը որ ըսաւ թէ նախապէս այսպիսի բան մը չէր տեսած։ Երբ տուն վերադարձան, ան իր եղբօրը ըսաւ. «Ձեռքդ տուր»։ «Ինչո՞ւ համար», հարցուց եղբայրը։ «Ձեռքդ ինծի տուր», պատասխանեց ան։ Անոնք իրարու ձեռք թօթվեցին եւ Աւետարանչական եկեղեցիին պատկանող եղբայրը ըսաւ. «Ասկէ վերջ, Եհովայի Վկաներուն հետ պիտի ուսումնասիրեմ։ Իրապէս չէի գիտեր ի՛նչ կը կորսնցնեմ»։ Հիմա ան ալ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրին եռանդուն եւ աշխոյժ հրատարակիչ մըն է։