Սո՛ւրբ Եղէք Ձեր Ամբողջ Վարքին Մէջ
1. Ինչո՞ւ կարեւոր է սուրբ ըլլալ մեր ամբողջ վարքին մէջ։
1 Սուրբ Աստուծոյ՝ Եհովայի ծառաները ըլլալով, կը ջանանք սուրբ ըլլալ մեր ամբողջ վարքին մէջ։ (Ա. Պետ. 1։15, 16) Ասիկա կը նշանակէ թէ մեր կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ կը ջանանք Եհովայի չափանիշներուն կառչիլ։ Այս տարուան նահանգային համաժողովը մեզի պիտի ընծայէ սուրբ վարք ցուցաբերելու յատուկ առիթ մը։
2. Ի՞նչպէս կրնանք պանդոկներուն մէջ լաւ վարք ցուցաբերել։
2 Պանդոկներուն Մէջ. Անցեալ տարի համաժողովի պատուիրակներուն իջեւանած մէկ պանդոկին պատասխանատուն ըսաւ. «Եհովայի Վկաները շատ հաճելի մարդիկ են։ . . . Մենք ձեզի նման հիւրեր կ’ուզենք ունենալ»։ Հետեւեալ վերյիշեցումները ի գործ դնելը կ’օգնէ որ մեր լաւ համբաւը պահպանենք. (1) Հարկ եղածէն աւելի սենեակներ մի՛ վերապահէք, եւ ձեր սենեակը արտօնուած թիւէն աւելի անհատներ մի՛ ունենաք։ (2) Եթէ ձեր վերապահումը պիտի ջնջէք, անմիջապէս պանդոկը տեղեակ պահեցէք։ (3) Պայուսակներ փոխադրելու կառքը առէք, միայն երբ զայն պիտի գործածէք։ (4) Եփել արգիլուած սենեակներուն մէջ մի՛ եփէք։ (5) Ամէն օր ձեռաձիր ձգեցէք սենեակին հոգ տանողին համար։ (6) Անվճար նախաճաշը, սուրճն ու զովացուցիչը մի՛ շահագործէք. անոնք իջեւանողներուն համար են, մինչ պանդոկին մէջ են։ (7) Պանդոկի անձնակազմին հանդէպ հոգիին պտուղը ցուցաբերեցէք, մանաւանդ շատ խճողուած ժամանակներուն, ինչպէս՝ ձեր սենեակը ստանալու կամ յանձնելու ատեն։—Գաղ. 5։22, 23
3. Դեռատի Վկաներուն վարքը ի՞նչպէս կրնայ ուրիշները տպաւորել։
3 Մեր լաւ նիստուկացը կրնայ ազդու վկայութիւն մը տալ։ Անցեալ տարի պատանի Վկայ մը պանդոկին մէկ պաշտօնեայէն քաղաքավարօրէն գրենական խնդրեց, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց։ Ասիկա լաւ տպաւորութիւն ձգեց, եւ պաշտօնեան նշեց. «Այլեւս այսպիսի քաղաքավար պատանիներ չենք տեսներ»։ Սակայն կարգ մը պարագաներու, տեսնուած է որ չվերահսկուած երախաներ կը լողան, վերելակին մէջ կը խաղան, բարձրաձայն կը խօսին եւ նրբանցքներուն մէջ կը վազվռտեն։ Ծնողները պէտք չէ թոյլ տան որ զաւակները իրենց ուզածը ընեն, այլ անոնց վրայ պէտք է հսկեն, վստահ ըլլալու համար թէ անոնց վարքը Եհովայի փառք կը բերէ։—Առ. 29։15
4. Ճաշարանին մէջ ի՞նչպէս կրնանք ուրիշներու հանդէպ նկատառու գտնուիլ։
4 Ճաշարաններուն Մէջ. Համաժողովի մը մօտակայքը գտնուող ճաշարանի մը սպասեակը ըսաւ. «Վկաները տարբեր են։ Անոնք ուրիշներու հանդէպ յարգանք կը ցուցաբերեն»։ Լաւ վարքը կը պարփակէ բարձրաձայն խօսելէ ու խնդալէ խուսափիլ, որ կրնայ միւս յաճախորդները նեղացնել։ Չմոռնանք նաեւ թէ կարգ մը տեղեր սովորութիւն է 15-20 առ հարիւր ձեռաձիր ձգել, սպասարկութեան որակին համաձայն։ Նոյնիսկ երբ ուտենք ու խմենք, կը ջանանք ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ընել։—Ա. Կորն. 10։31
5. Համաժողովին մէջ լաւ վարքը ի՞նչ կը պարփակէ։
5 Համաժողովին Մէջ. Մեր լաւ վարքը յատկապէս բացայայտ պէտք է ըլլայ համաժողովին մէջ։ Հաճեցէք ենթարկուիլ հիւրընկալներուն տուած ուղղութիւններուն, կառատան եւ լսարանին մէջ։ (Եբր. 13։17) Ընտանիքները միասին պէտք է նստին, փոխանակ թոյլ տալու որ երախաներ ու դեռատիներ, քով–քովի գալով խմբակներ կազմեն։ Ձայնագրութեան մեքենաները լսարանին ելեկտրական կամ ձայնային սարքերուն պէտք չէ կապուին, եւ կարելի է զանոնք գործածել միայն եթէ ուրիշները չեն խանգարեր։ Եթէ պիտի նկարէք, նիստերու ընթացքին ֆլէշ պէտք չէ գործածէք։ Փէյճըր–ները եւ բջիջային հեռաձայնները անձայն վիճակի մէջ պէտք է ըլլան, շուրջինները չխանգարելու համար։ Եթէ համաժողովի շէնքին մէջ արկածի մը ականատես ըլլաք, փոխանակ 911–ի հեռաձայնելու, հաճեցէք տեղեկացնել հիւրընկալի մը կամ Նախնական Դարմանումի Բաժնին, քանի որ որակելի բժշկական օժանդակութիւնը մատչելի է։
6. Համաժողովներուն մէջ մեր վարքը ի՞նչպէս Աստուած կը փառաւորէ։
6 Մեր վարքը մեզ ուրիշներէ կը զատորոշէ եւ մեր Աստուածը կը փառաւորէ։ (Ա. Պետ. 2։12) Համաժողովի ընթացքին, Եհովայի Վկաներու արարքները հանրութեան կողմէ պիտի տեսնուին։ Հետեւաբար վճռեցէք սուրբ ըլլալ ձեր ամբողջ վարքին մէջ։
[Շրջանակ՝ էջ 5]
Սուրբ Վարք Ցուցաբերեցէք
◼ Պանդոկի բոլոր կանոններուն հնազանդեցէք
◼ Երախաներուն վրայ հսկեցէք
◼ Ուրիշներուն հանդէպ նկատառու եղէք