«Ամէն Ատեն Բարիք Ընելու Ետեւէ Եղէք»
1 Քրիստոնէական ապրելակերպը կը պարփակէ ‘ամէն ատեն ամենուն բարիք ընելու ետեւէ ըլլալ’։ (Ա. Թես. 5։15) Նահանգային համաժողովներուն ներկայ գտնուելով, ուրիշներու բարիք ընելու բազմաթիւ պատեհութիւններ կ’ունենանք։ Այդ առիթներով, հանրութեան աչքերը մեր վրայ կ’ըլլան, եւ մեզի հետ շփման մէջ եկողները մեր մասին կարծիքներ կը կազմեն, հիմնուելով՝ մեր վարուելակերպին վրայ։ Որպէս Եհովայի Վկաներ լաւ համբաւ պահպանելու համար, պէտք է մեր արարքներով ցոյց տանք թէ ‘ամէնքը կը պատուենք’։ (Ա. Պետ. 2։17) Ասիկա կը պարփակէ ‘միայն ձեր անձերուն շահը չփնտռել հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ’։ (Փիլ. 2։4) Նկատի առէք թէ ասիկա ի՛նչպէս կը կիրարկուի համաժողովի իջեւանի կարգադրութեան։
2 Պանդոկի ձեր վերապահումները ըրա՞ծ էք։ (1) Քանի որ պանդոկը կը փափաքի մատչելի եղող բոլոր սենեակները լեցնել, ձեզի հարկ եղածէն աւելի սենեակներ մի՛ վերապահէք։ (2) Մի՛ ակնկալէք որ պանդոկը ձեզի սենեակներ վերապահէ, բացի եթէ ձեր հասնելէն առաջ հարկ եղած կանխավճարը ըրած էք։ (3) Երբ պանդոկ ժամանէք, պանդոկի անձնակազմին հանդէպ համբերութիւն եւ յարգանք ցուցաբերեցէք, մինչ անոնք կը ջանան ձեզի սենեակ մը յանձնել։ (4) Եթէ անվճար նախաճաշ պարփակուած է, մի՛ շահագործէք այս կարգադրութիւնը, որ միայն պանդոկ իջեւանողներուն համար է։ (5) Պանդոկի դիւրութիւնները գործածելու վերաբերեալ բոլոր կանոններուն հնազանդեցէք։ (6) Սովորական ձեռաձիր մը ձգեցէք սպասեակին համար։
3 Երախաներուն Սորվեցնել Ի՛նչպէս Բարիք Ընել. Երբեմն, պանդոկներու մէջ չափահասի մը պատշաճ հսկողութեան ներքեւ չեղող երախաներ խնդիրներ յարուցած են։ (Առ. 29։15) Կարգ մը պարագաներու, ծնողներ ուրիշ գործունէութիւններով զբաղելով իրենց զաւակները առանց հսկողութեան ձգած են սենեակին, լողաւազանին, կամ պանդոկին այլ մասերուն մէջ։ Երախաներէն ոմանք ա՛յնքան անկարգ դարձած են, որ վարչութիւնը հարկ տեսած է զիրենք արգիլել կարգ մը սարքեր գործածելէ, կամ՝ փակել լողաւազանը կամ ժամանցի այլ վայրեր։ Ասիկա նեղացուցած եւ անհանգստացուցած է պանդոկի միւս հիւրերը, թէ՛ Վկայ եւ թէ Վկայ չեղողները։
4 Ո՛վ ծնողներ, լաւ կ’ըլլայ եթէ համաժողովէն առաջ քիչ մը ժամանակ տրամադրէք ձեր զաւակներուն հետ վերաքաղ ընելու թէ ի՛նչպիսի քրիստոնէական վերաբերմունք կ’ակնկալուի իրենցմէ ամէն ատեն եւ ամէնուրեք։ (Եփ. 6։4) Օրինակ, իրենց նշեցէք թէ քրիստոնէական հարազատ սէրը «անվայել վարմունք չունենար, իրենը չի փնտռեր, բարկութեան չի գրգռուիր»։ (Ա. Կորն. 13։5) Չափահասներ կրնան այս խօսքերուն թիկունք կանգնիլ լաւ օրինակ հանդիսանալով, որ բոլորն ալ տեսնեն։ Ո՛վ երախաներ, կրնաք բարիք ընել ձեր ծնողքին հնազանդելով, պանդոկի սարքերուն հանդէպ յարգանք ցուցաբերելով, եւ ձեր շուրջը գտնուողներուն հանդէպ նկատառու ըլլալով։ (Կող. 3։20) Մինչ միասնակամօրէն կը ջանանք բարիք ընել ամենուն, ‘մեր Փրկիչ Աստուծոյ վարդապետութիւնը ամէն բանի մէջ կը զարդարենք’։—Տիտ. 2։10
5 Մեր լաւ վարքը դրական ազդեցութիւն ունի ո՛չ միայն ընդհանուր դիտողներուն վրայ, այլ՝ զանազան պատճառներով մեզ քննադատողներուն վրայ ալ։ Համաժողովին եւ համաժողովի քաղաքին մէջ ի՛նչ որ ալ ընենք՝ փողոցը քալենք, ճաշարանի մը մէջ ուտենք, պանդոկին մէջ հանգստանանք, կամ անպաշտօն վկայութիւն մը տալու պատեհութիւնը օգտագործենք, մեր քրիստոնէական խօսելակերպը եւ վարուելակերպը պէտք է ապացուցանեն թէ կ’ուզենք բարիք ընելու ետեւէ ըլլալ։
[Շրջանակ՝ էջ 4]
Հաճեցէք Յիշել.
■ Պանդոկի անձնակազմին հանդէպ համբերատար ու յարգալից եղէք։
■ Պանդոկի կանոններուն համակերպեցէք, բոլոր հիւրերուն օգտին համար։
■ Անվճար նախաճաշի կարգադրութիւնը մի՛ շահագործէք։
■ Պատշաճօրէն հսկեցէք ձեր երախաներուն գործունէութիւններուն վրայ։