Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 5/00 էջ 4
  • «Ձեր Ամէն Բաները Սիրով Ըլլան»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Ձեր Ամէն Բաները Սիրով Ըլլան»
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Հաւատք՝ Աստուծոյ Խօսքին Վրայ» Եհովայի Վկաներու 1997–Ի Նահանգային Համաժողով
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
  • «Աստուծոյ Մարգարէական Խօսքը»—Եհովայի Վկաներու 1999–ի Նահանգային Համաժողով
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
  • 1996–Ի «Աստուածային Խաղաղութեան Պատգամաւորներ» Բնաբանով Եհովայի Վկաներու Նահանգային Համաժողով
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
  • «Աստուծոյ Սահմանած Կենցաղը» Եհովայի Վկաներու 1998–ի Նահանգային Համաժողով
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
թծ 5/00 էջ 4

«Ձեր Ամէն Բաները Սիրով Ըլլան»

1 «Ձեր անդամները իրապէս հաճելի են. չափազանց քաղաքավար ու յարգալից»։ Այս դիտողութիւնը եկաւ Միացեալ Նահանգներու քաղաքներէն մէկուն, համագումարի ու այցելուներու գրասենեակէ մը, որ հիւրընկալեց մեր նահանգային համաժողովներէն մէկը։ Մեր սիրտը կ’ուրախացնէ, երբ հանրութեան մէջ մեր վարքին մասին գովասանքներ ստանանք։ Ասիկա ցոյց կու տայ թէ որպէս ամբողջութիւն ‘մեր ամէն բաները սիրով կ’ընենք’։ (Ա. Կորն. 16։14) Միեւնոյն ատեն, կան կարգ մը հարցեր որոնց մասին եթէ չխօսինք, անոնք Աստուծոյ ժողովուրդին ունեցած լաւ համբաւը կրնան արատաւորել։

2 Իջեւանի Վերապահումներուն Հետ Առնչուած Խնդիրներ. Համաժողովի իւրաքանչիւր քաղաքին մէջ, Իջեւանի Գրասենեակ մը հաստատուած է պանդոկներուն հետ տրամաբանական գիներ սակարկելու համար, որպէսզի բոլորն ալ համաժողովին ներկայ գտնուելու միջոց ունենան։ Մեր եղբայրները մեր սիրոյն բաւական ժամանակ ու ջանք կը տրամադրեն։ Սկիզբը, կարգ մը պանդոկներու տնօրէններ վարանած են համաձայնիլ նուազ գինի մը շուրջ, քանի որ կրօնական ուրիշ խմբակներու հետ լաւ փորձառութիւններ չեն ունեցած։ Երբ մեր Իջեւանի Գրասենեակը զիրենք վստահեցուցած է թէ մեր պատուիրակները պանդոկին հետ պիտի համագործակցին, շատ մը հաստատութիւններ փափաքած են մեզի համար սենեակներ տրամադրել։

3 Անցեալ տարի, կարգ մը պանդոկներ գանգատեցան թէ վերջին վայրկեանին մեծ թուով վերապահումներ ջնջուած էին։ Ինչո՞ւ։ Պատուիրակներէն ոմանք, երկու պանդոկներու մէջ վերապահումներ ըրած էին, բայց առաջին պանդոկին կանխավճար չէին ղրկած, կամ զանոնք տեղեակ չէին պահած թէ իրենց վերապահումը կը ջնջէին աւելի նպաստաւոր պանդոկի մը համար։ Ուրիշ պարագաներու, կարգ մը եղբայրներ մէկէ աւելի սենեակներ վերապահած էին պանդոկին մէջ, խորհելով իրենց հետ ճամբորդողներուն օգտակար ըլլալ։ Սակայն հասնելէ ետք անոնք միայն մէկ սենեակ առած էին եւ մնացեալ վերապահումները՝ ջնջած։ Խնդրոյ առարկայ պանդոկները ըսին թէ ասկէ առաջ երբեք այսպիսի բան չէր պատահած Դիտարանի պատուիրակներուն հետ։

4 Ասիկա լուրջ խնդիրներ կը յարուցանէ պանդոկներուն եւ մեր համաժողովի կազմակերպութեան համար։ Պանդոկներ մեր պատուիրակներուն համար որոշ թիւով սենեակներ կը վերապահեն եւ կը խորհին թէ անոնք վարձուած են, բայց յանկարծ, համաժողովի ժամանակ անակնկալի կու գան որ ազատ սենեակներ ունին։ Եթէ այս խնդիրը յարատեւէ, անիկա կրնայ այս պանդոկներուն հետ դժուարութիւն ստեղծել, հետագային համաժողովներու համար երբ բանակցութիւններ ըլլան։ Ասկէ խուսափելու համար, պանդոկի վերապահումներ պէտք է ըլլան միայն այն սենեակներուն համար, որոնք անպայման պիտի գործածուին։ Ասկէ զատ, իւրաքանչիւր սենեակի վերապահումը երաշխաւորելու համար, մէկ գիշերուան կանխավճար պէտք է տրուի։ Ասիկա ընելը նաեւ սենեակը պիտի վերապահէ, նոյնիսկ ուշ հասնելու պարագային։ Ասիկա ի մտի ունենալով, ձեր կանխավճարը արդէն ղրկա՞ծ էք այն պանդոկին ուր սենեակի մը վերապահումը ըրած էք։

5 Նախաճաշ մատուցանող պանդոկներէն ոմանք գանգատած են թէ մեր եղբայրները այս կարգադրութիւնը չարաչար կը գործածեն, պանդոկին մէջ ուտելէն ետք, մեծ քանակութեամբ ուտելիքներ առնելով իրենց հետ։ Երբ պանդոկ մը առաւօտուն իր հիւրերուն ուտելիք կը հայթայթէ, ասիկա պէտք է նկատուի ինչպէս որ է՝ որպէս անվճար նախաճաշ, հոն կեցողներուն համար։ Այս կարգադրութեան նպատակը չէ որ մենք այս ուտելիքները մեզի հետ տանինք վերջը ուտելու, կամ համաժողովին զանոնք մեր բարեկամներուն հետ բաժնելու համար։ Եթէ այս կարգադրութիւնը չարաչար գործածենք, ասիկա կրնայ պատճառ ըլլալ որ պանդոկը այս ծառայութիւնը ջնջէ, սենեակներուն գինը բարձրացնէ, կամ հետագային մերժէ մեզի հետ գործ ունենալ։

6 Բոլորին Բարիք Ընենք. Եհովայի եւ մեր դրացիներուն հանդէպ սէրը կը մղէ մեզ որ քաղաքավար եւ օրինակելի վարք մը ունենանք։ (Մատթ. 22։37-39. Յակ. 3։13) Աստուածաշունչը կը յորդորէ մեզ որ բոլոր մարդոց հանդէպ սիրալիր եւ նկատառու ըլլանք։ (Գաղ. 6։10) Այս սկզբունքը վստահաբար կը կիրարկուի երբ պանդոկ կը մնանք։ Համագործակցելու անկամեցողութիւնը կ’արատաւորէ մեր համբաւը, աժան գիներ ձեռք ձգելու մեր կարգադրութիւնը կը վտանգէ, եւ եղբայրներու մէջ տհաճութիւններ կը ստեղծէ։ Եթէ պանդոկ մը որոշէ այլեւս յարմար գիներ չտալ մեզի, այդ քաղաքին մէջ համաժողովի յաճախող ուրիշ անհատներ լրջօրէն պիտի ազդուին ասկէ, մանաւանդ եթէ անոնք կարող չեն բարձր գինով սենեակներ վարձելու։

7 Երբ բարձրորակ սենեակ մը նախապէս վերապահուի, ապա վերջին վայրկեանին չեղեալ նկատուի, ասիկա կը նշանակէ թէ ուրիշ եղբայր մը անկէ զրկուեցաւ երբ կը փորձէր վերապահում մը ընել։ Ասիկա կրնայ պատճառ ըլլալ որ ան աւելի հեռու, կամ նուազ հաճելի իջեւան մը ընդունի։ Ասիկա սէր կամ նկատառութիւն ցոյց կու տա՞յ։ Որքա՜ն աւելի լաւ կ’ըլլայ եթէ սէր ցոյց տանք եւ ուրիշներուն բարիք ընենք, անոնց շահը փնտռելով, քան թէ՝ մերը։—Մատթ. 7։12. Յովհ. 13։34, 35

8 Ակնկառոյց կը սպասենք ներկայ գտնուելու «Աստուծոյ Խօսքը Կատարողներ» Նահանգային Համաժողովին։ Ձեր բոլոր պատրաստութիւնները տեսա՞ծ էք, ի ներառեալ պանդոկի վերապահումները եւ ճամբորդութեան կարգադրութիւնները։ Կը մաղթենք որ պանդոկներուն եւ համաժողովի քաղաքին մէջ մեր վարքը միշտ ցոլացնէ մեր սրտին մէջ եղած ճշմարտութիւնը եւ մեր Ստեղծիչին հանդէպ մեր սէրը։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել