Ուրիշներուն օգնենք որ Աստուծոյ պահանջները սորվին
«Իմ պարտականութիւնս է. մանաւանդ վայ է ինծի՝ եթէ աւետարանը չքարոզեմ»։—Ա. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 9։16
1, 2. (ա) Եհովա մեզմէ կը պահանջէ որ երկու երեսակ ունեցող ո՞ր գործին մասնակցինք։ (բ) Պարկեշտ սիրտ ունեցող անհատներ ի՞նչ պէտք է սորվին, որպէսզի Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակները ըլլան։
ԵՀՈՎԱ բարի լուր մը ունի մարդկութեան համար։ Ան Թագաւորութիւն մը ունի եւ կ’ուզէ որ ամէնուրեք մարդիկ լսեն անոր մասին։ Անգամ մը որ այս բարի լուրին ի՛նչ ըլլալը սորվինք, Աստուած կը պահանջէ որ զայն ուրիշներուն հետ բաժնենք։ Ասիկա երկու երեսակ ունեցող գործ մըն է։ Նախ՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը պէտք է քարոզենք։ «Իրերու դրութեան վախճանին» մասին տուած իր մարգարէութեան մէջ Յիսուս ըսաւ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհին մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ»։—Մատթէոս 24։3, 14, ՆԱ։
2 Այս գործին երկրորդ երեսակն է՝ Թագաւորութեան քարոզչութեան ընդառաջողներուն սորվեցնել։ Իր յարութենէն ետք, Յիսուս խումբ մը աշակերտներու ըսաւ. «Ուրեմն գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի։ Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը»։ (Մատթէոս 28։19, 20) ‘Քրիստոսի պատուիրած բաները’ իրմով ծագում չառին. ան ուրիշներուն սորվեցուց որ Աստուծոյ պատուէրները կամ պահանջները պահեն։ (Յովհաննու 14։23, 24. 15։10) Ուստի, ուրիշներուն ‘Քրիստոսի պատուիրած բաները պահել’ սորվեցնել կը նշանակէ, անոնց օգնել որ Աստուծոյ պահանջները սորվին։ Պարկեշտ սիրտ ունեցող անհատներ Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակները ըլլալու համար պէտք է անոր պահանջներուն գոհացում տան։
3. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչ է եւ անիկա ի՞նչ պիտի իրագործէ որ Թագաւորութեան պատգամը այսքան բարի լուր մը կը համարուի։
3 Բայց ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։ Անիկա ի՞նչ պիտի իրագործէ որ Թագաւորութեան պատգամը այսքան «բարի լուր» մը կը համարուի։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկնային կառավարութիւն մըն է։ Անիկա Եհովայի սրտին շատ նուիրական է, քանի որ անոր միջոցաւ պիտի սրբացնէ իր անունը, զայն մաքրելով ամէն նախատինքէ։ Թագաւորութիւնը այն գործիքն է, զոր Եհովա պիտի գործածէ, որպէսզի իր կամքը կատարէ ինչպէս երկինքը, նոյնպէս՝ երկրի վրայ։ Անոր համար Յիսուս մեզի սորվեցուց որ Աստուծոյ Թագաւորութեան գալուն համար աղօթենք եւ զայն մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնենք։ (Մատթէոս 6։9, 10, 33) Կը հասկնա՞ք թէ Եհովայի համար ինչո՛ւ այսքան կարեւոր է որ մենք ուրիշներուն սորվեցնենք Թագաւորութեան մասին։
Մարտահրաւէր մը Բայց Ոչ՝ Բեռ մը
4. Ի՞նչպէս կրնանք բացատրել որ բարի լուրը քարոզելու մեր պարտաւորութիւնը մեզի համար բեռ մը չէ։
4 Այս բարի լուրը քարոզելը բե՞ռ մըն է։ Բնա՛ւ երբեք։ Հետեւեալ օրինակը նկատի առնենք. Հայր մը իր ընտանիքին նիւթական կարիքները հոգալու պարտաւորութիւնը ունի։ Անոր մէջ թերանալը իր քրիստոնէական հաւատքը մերժելու համահաւասար է։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Բայց եթէ մէկը իրեններուն ու մանաւանդ իր ընտանիքին հոգ չի տանիր, անիկա հաւատքը ուրացած է ու անհաւատէ մըն ալ գէշ է»։ (Ա. Տիմոթէոս 5։8) Այս պարտաւորութիւնը բե՞ռ մըն է Քրիստոնեային համար։ Ո՛չ՝ եթէ իր ընտանիքը կը սիրէ, քանի որ այդ պարագային կը փափաքի անոնց հոգ տանիլ։
5. Թէեւ քարոզելու ու աշակերտելու գործը պարտաւորութիւն մըն է, սակայն ի՞նչու հաճոյքով պէտք է մասնակցինք անոր։
5 Նմանապէս, քարոզելը ու աշակերտելը պարտաւորութիւն մը, պահանջ մըն է, որմէ կախեալ է մեր կեանքը։ Պօղոս հետեւեալ կերպով բացատրեց. «Իմ պարտականութիւնս է. մանաւանդ վայ է ինծի՝ եթէ աւետարանը չքարոզեմ»։ (Ա. Կորնթացիս 9։16. բաղդատել՝ Եզեկիէլ 33։7–9։) Բայց սէրն է որ մեզ կը մղէ քարոզելու եւ ո՛չ թէ՝ պարտաւորութեան զգացումը։ Ամէն բանէ առաջ Աստուած կը սիրենք, բայց մեր դրացիներն ալ կը սիրենք եւ գիտենք որ անոնց համար որքան կարեւոր է բարի լուրը լսել։ (Մատթէոս 22։37–39) Անիկա իրենց ապագայի յոյս կու տայ։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը շուտով պիտի սրբագրէ եղած անարդարութիւնները, պիտի վերցնէ ամէն հարստահարութիւն եւ պիտի վերահաստատէ խաղաղութիւնն ու միութիւնը, անոր արդար իշխանութեան ենթարկուողներուն յաւիտենական բարօրութեան համար։ Ուրիշներուն հետ այսպիսի բարի լուր մը բաժնելը մեզի համար հաճոյք կամ ցնծութիւն չէ՞։—Սաղմոս 110։3
6. Քարոզելու ու աշակերտելու գործը ի՞նչու իրական մարտահրաւէր մըն է։
6 Միեւնոյն ժամանակ, քարոզելու ու աշակերտելու այս գործը իրական մարտահրաւէր մըն ալ կը ներկայացնէ։ Բոլորն ալ միեւնոյն հետաքրքրութիւնները կամ կարողութիւնները չունին։ Մարդիկ իրարմէ կը տարբերին։ Ոմանք լաւ ուսում ունին, մինչ ուրիշներ՝ շատ քիչ։ Կարդալը՝ որ անցեալին նախասիրուած ժամանց մըն էր, ներկայիս յաճախ տաղտկալի բան մը նկատուած է։ Ընթերցատեցութիւնը՝ որ սահմանուած է որպէս «կարդալու յատկութիւնը ունենալ կամ ի վիճակի ըլլալ, բայց անով հետաքրքրուած չըլլալ»՝ երթալով իրական խնդիր մը կը դառնայ, նոյնիսկ այն երկիրներուն մէջ, ուր գրագիտութեան մակարդակը բարձր է։ Արդ, ի՞նչպէս կրնանք այսքան այլազան ենթահող եւ հետաքրքրութիւն ունեցող անհատներու օգնել որ սորվին թէ Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ իրենցմէ։—Բաղդատել՝ Ա. Կորնթացիս 9։20–23։
Ուրիշներուն Օգնելու Համար Լաւ Կերպով Զինուած
7. «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» մեզ ի՞նչպէս զինած է, որպէսզի ուրիշներուն օգնենք որ սորվին Աստուծոյ պահանջները։
7 Դժուար եղող գործ մը կատարելը կը դիւրանայ, երբ անհատ մը հարկ եղած գործիքները ունենայ։ Գործիք մը որ մասնայատուկ գործի մը յարմար է այսօր, թերեւս վաղը բարեփոխութեան ենթարկուի, կամ բոլորովին փոխարինուի՝ փոխուող կարիքներու պատճառաւ։ Նոյնն է պարագան Աստուծոյ Թագաւորութեան պատգամը ծանուցանելու մեր յանձնարարութեան։ Տարիներ շարունակ, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» պէտք եղած գործիքները հայթայթած է. Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելու համար մասնայատուկ կերպով ծրագրուած գրականութիւններ։ (Մատթէոս 24։45) Այս կերպով «բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն . . . ու լեզուներէն» եղող մարդոց օգնելու համար զինուած ենք։ (Յայտնութիւն 7։9) Ժամանակ առ ժամանակ նոր գործիքներ կը հայթայթուին, աշխարհի մէջ փոխուող կարիքներուն գոհացում տալու համար։ Քանի մը օրինակներ նկատի առնենք։
8. (ա) «Աստուած Ճշմարիտ Թող Ըլլայ» գիրքը ի՞նչ դեր խաղցած է Աստուածաշունչի ուսուցումը յառաջացնելու մէջ։ (բ) 1968–ին, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան գործին համար ի՞նչ գործիք հայթայթուեցաւ եւ մասնաւորաբար որո՞նց համար ծրագրուած էր անիկա։ (գ) Ճշմարտութիւն գիրքը ի՞նչպէս օժանդակեց աշակերտելու գործին։
8 «Աստուած Ճշմարիտ Թող Ըլլայ» գիրքը, Աստուածաշունչի ուսուցումին համար որպէս զօրաւոր գործիք գործածուեցաւ 1946–էն մինչեւ 1968–ը եւ անկէ 19,246,710 օրինակ հրատարակուեցաւ՝ 54 լեզուներով։ 1968–ին՝ Ճշմարտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գիրքը լոյս տեսաւ, որ հետաքրքրուած անհատներու հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու համար տարիներ ազդու կերպով գործածուեցաւ։ Նախապէս, անսովոր չէր տեսնել անհատներ, որոնք Եհովայի Վկաներուն հետ տարիներով կը սերտէին՝ առանց մկրտուելու։ Բայց այս գործիքին նպատակն էր աշակերտը քաջալերել որ իր սորված բաները գործադրէ։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Եհովայի Վկաներ—Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Ծանուցանողներ գիրքը կը նշէ. «1 Սեպտեմբեր 1968–էն մինչեւ 31 Օգոստոս 1971, ծառայութեան երեք տարիներու ընթացքին՝ 434,906 անհատներ մկրտուեցան. ծառայութեան նախորդ երեք տարիներու ընթացքին մկրտուածներուն կրկինէն աւելի»։ Իր հրատարակումէն ի վեր, Ճշմարտութիւն գիրքը ապշեցուցիչ շրջաբերութիւն ունեցած է. աւելի քան 107,000,000 օրինակներ՝ 117 լեզուներով։
9. Յաւիտեան Ապրիլ գիրքը մասնայատուկ ի՞նչ երեսակ ունէր եւ անիկա ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ Թագաւորութեան հրատարակիչներու աճման վրայ։
9 1982–ին՝ Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը մէջ գիրքը, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելու համար գլխաւոր գործիքը եղաւ։ Այս գործիքը կը պարունակէ 150 պատկերներ, լաւ բացատրուած խորագրերով, որոնք հակիրճ կերպով, պատկերին սորվեցուցած կէտը ցցուն կ’ընեն։ 1982–ի Հոկտեմբերի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը կը նշէր. «Շուրջ 20 տարիներու ընթացքին (1946–էն 1965), որ ‘Աստուած Ճշմարիտ Թող Ըլլայ’ գիրքը ուսումնասիրութեան համար մեր գլխաւոր գործիքը եղաւ, աւելի քան 1,000,000 Թագաւորութեան նոր հրատարակիչներ աւելցան։ Ապա՝ ուրիշ 1,000,000 հրատարակիչներ աւելցան, երբ՝ Ճշմարտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գիրքը 1968–ին լոյս տեսնելէ ետք ուսումնասիրութեան գլխաւոր գիրքը եղաւ։ Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը մէջ խորագրով ուսումնասիրութեան մեր նոր գիրքը գործածելով, Թագաւորութեան հրատարակիչներու շարքերուն մէջ նոյնանման յաւելում մը պիտի տեսնե՞նք։ Վստա՛հաբար, եթէ ասիկա Եհովայի կամքն է»։ Արդարեւ այդ էր Եհովայի կամքը, քանի որ 1982–1995–ի ընթացքին, աւելի քան 2,700,000 հոգի Թագաւորութեան հրատարակիչներու շարքերուն մէջ մտան։
10. 1995–ին ի՞նչ նոր գործիք հայթայթուեցաւ եւ անիկա ի՞նչու պէտք է օգնէ Աստուածաշունչի աշակերտներուն որ հոգեւոր գետնի վրայ արագօրէն յառաջդիմեն։
10 «Հունձքը շատ է, բայց մշակները՝ քիչ», ըսաւ Յիսուս։ (Մատթէոս 9։37) Արդարեւ, հունձքը շատ է։ Տակաւին շատ ընելիք կայ։ Կարգ մը երկիրներու մէջ մարդիկ շարք կը սպասեն Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ունենալու համար։ Ուստի, Աստուծոյ գիտութիւնը աւելի արագ կերպով տարածելու համար, 1995–ին «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» նոր գործիք մը հայթայթեց՝ 192 էջնոց գիրք մը՝ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Այս արժէքաւոր գործիքը սուտ վարդապետութիւններուն վրայ չի ծանրանար։ Անիկա Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները դրականօրէն կը ներկայացնէ։ Կը յուսանք որ ասիկա կարելի պիտի դարձնէ որ Աստուածաշունչի աշակերտները հոգեւոր գետնի վրայ բաւական արագ յառաջդիմեն։ Գիտութիւն գիրքը արդէն աշխարհի դաշտին մէջ իր ազդեցութիւնը բանեցուցած է, 30,500,000 օրինակներով եւ հրատարակուած 119 լեզուներով, յաւելեալ 27 լեզուներ ալ թարգմանուելու վրայ են։
11. Անգրագէտ կամ ընթերցանութեան մէջ տկար եղողներուն սորվեցնելու նպաստող ի՞նչ նոր գործիք հայթայթուեցաւ, եւ անիկա համերկրային ուսուցումի մեր յայտագրին ի՞նչ մեծ զարկ մը տուած է։
11 ‘Հաւատարիմ ծառան’ պարբերաբար գործիքներ կը հայթայթէ մասնայատուկ խաւի պատկանող կամ սահմանափակ թիւով անհատներու համար։ Օրինակի համար, ի՞նչ կրնանք ըսել իրենց մշակոյթին կամ կրօնական ենթահողին պատճառաւ մասնայատուկ օգնութեան կարիքը ունեցողներուն մասին։ Ի՞նչպէս կրնանք անոնց օգնել որ Աստուծոյ պահանջները սորվին։ 1982–ին, ճիշդ այս կարիքը լեցնող բան մը ստացանք. 32 էջնոց գրքոյկ մը՝ Երկրի Վրայ Կեանքը Յաւիտեան Վայելեցէ՛ք։ Ճոխ պատկերներ պարունակող այս գրականութիւնը ազդու գործիք մը եղած է անգրագէտներուն կամ ընթերցանութեան մէջ տկար եղողներուն համար։ Անիկա շատ պարզ եւ դիւրահասկնալի կերպով կը ներկայացնէ Աստուածաշունչի հիմնական ուսուցումները։ Կեանքը Յաւիտեան Վայելեցէ՛ք գրքոյկը լոյս տեսնելէն ի վեր, մեծ զարկ տուած է համերկրային ուսուցումի մեր յայտագրին։ Աւելի քան 99,860,000 օրինակներ տպուած են անկէ՝ 227 լեզուներով, զայն դարձնելով ցարդ Դիտարանի Ընկերութեան կողմէ ամենաշատ լեզուներու թարգմանուած գրականութիւնը։
12, 13. (ա) 1990–էն ի վեր, աւելի ընդարձակ գետնի վրայ անհատներուն հասնելու համար ‘հաւատարիմ ծառան’ ի՞նչ նոր բան մը հայթայթած է։ (բ) Ընկերութեան պատկերիզները ի՞նչպէս կրնանք մեր ծառայութեան մէջ գործածել։ (գ) Աշակերտելու մեր գործին նպաստելու համար, վերջերս ի՞նչ նոր գործիք մը հայթայթուած է։
12 Տպուած գրականութիւններէ զատ, ‘հաւատարիմ ծառան’ 1990–էն սկսեալ, ուսուցումի ուրիշ միջոց մը տուած է մեզի, որ մեծ տարողութեամբ ունկնդիրներու հասնելու նոր կերպ մըն է՝ պատկերիզներու գործածութիւնը։ Նոյն տարուան Հոկտեմբերին, 55 վայրկեան երկարութիւն ունեցող եւ Դիտարանի Ընկերութեան կողմէ արտադրուած առաջին պատկերիզը լոյս տեսաւ, որու բնաբանն էր՝ Եհովայի Վկաներ—Այս Անուան Ետին Գտնուող Կազմակերպութիւնը։ 35 լեզուներով մատչելի եղող գեղեցիկ եւ տեղեկատուական այս ներկայացումը, ցոյց կու տայ որ Եհովայի նուիրուած համաշխարհային կազմակերպութիւնը համայն երկրի վրայ բարի լուրը ծանուցանելու Յիսուսի պատուէրը կը կատարէ։ Այս պատկերիզը աշակերտելու մեր գործին նպաստելու համար ծրագրուած է։ Թագաւորութեան հրատարակիչները սկսան այս նոր գործիքը անմիջապէս գործածել դաշտի ծառայութեան մէջ։ Ոմանք իրենց պայուսակին մէջ կը պտըտցնէին զայն, միշտ պատրաստ՝ ցոյց տալու կամ հետաքրքրուած անհատներու փոխ տալու համար։ Անոր լոյս ընծայուելէն անմիջապէս ետք, ճամբորդող տեսուչ մը գրեց. «Պատկերիզները ԻԱ. դարու միջոցը եղան միլիոնաւոր անհատներու մտքերուն ու սրտերուն հասնելու համար, ուստի կը յուսանք որ այս պատկերիզը դուռը պիտի բանայ պատկերիզներու շարքի մը, որ Ընկերութիւնը պիտի գործածէ Թագաւորութեան համաշխարհային գործը յառաջացնելու համար»։ Արդարեւ, ուրիշ պատկերիզներ ալ հայթայթուեցան, ինչպէս երեք մասերէ բաղկացած, Աստուածաշունչը՝ Իրողութեան ու Մարգարէութեան Գիրք մը, եւ՝ Եհովայի Վկաները Հաստատ կը Մնան Նացի Յարձակման Դիմաց պատկերիզները։ Եթէ Ընկերութեան պատկերիզները ձեր լեզուով մատչելի են, զանոնք կը գործածէ՞ք դաշտի ծառայութեան մէջ։a
13 Վերջերս նոր գործիք մը հայթայթուեցաւ, աշակերտելու մեր գործին նպաստելու համար, որու խորագիրն է՝ Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ։ Ասոր հրատարակութեան նպատակը ի՞նչ էր եւ զայն ի՞նչպէս կրնանք գործածել։
Նոր Գործիք մը Քննենք
14, 15. Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը որո՞նց համար ծրագրուած է եւ ան ի՞նչ կը բովանդակէ։
14 Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ խորագրով այս նոր գրքոյկը ծրագրուած է այն անհատներուն համար, որոնք արդէն Աստուծոյ կը հաւատան եւ Աստուածաշունչը կը յարգեն։ Այս գրքոյկին պատրաստութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին ճամբորդող տեսուչներ, ինչպէս նաեւ Գաղաադու Դպրոցին մէջ մարզուած միսիոնարներ, որոնք զարգացումի վրայ եղող երկիրներու մէջ ծառայելու տարիներու փորձառութիւնը ունին։ Անիկա կը պարունակէ ուսումնասիրութեան դիւրըմբռնելի դասընթացքներ, Աստուածաշունչի հիմնական ուսուցումներուն շուրջ։ Ոճը ջերմ, պարզ եւ շեշտակի է։ Բայց եւ այնպէս չափազանց պարզաբանուած չէ։ Անիկա ո՛չ միայն «կաթ» կը մատուցանէ, այլ նաեւ՝ Աստուծոյ Խօսքէն «հաստատուն կերակուր», այնպիսի կերպով մը որ շատեր հասկնալու կարող ըլլան։—Եբրայեցիս 5։12–14
15 Վերջերս, զանազան երկիրներէ Թագաւորութեան հրատարակիչներ այսպիսի գրականութիւն մը խնդրած են։ Օրինակ, Բաբուա Նոր Կուինիայի Դիտարանի Ընկերութեան մասնաճիւղը գրեց. «Մարդիկ կրօնական հակասական ուսուցումներով շփոթած են։ Անոնք պէտք ունին ամփոփ կերպով բացատրուած ճշմարտութեան, որ Աստուածաշունչի համարներու վրայ հիմնուած ըլլայ, որպէսզի կարենան իրենց Աստուածաշունչէն զանոնք ստուգել։ Անոնք պէտք ունին որ յստակ եւ մասնայատուկ կերպով իրենց ներկայացուի թէ Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ ճշմարիտ Քրիստոնեաներէն եւ թէ ո՛ր բարքերն ու սովորութիւնները ընդունելի չեն իրեն»։ Այսպիսի անհատներու Աստուծոյ պահանջները սորվեցնելու համար, ճիշդ՝ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկին պէտք ունինք։
16. (ա) Նոր գրքոյկին պարզ բացատրութիւններէն մասնաւորաբար որո՞նք կրնան օգտուիլ։ (բ) Ձեր թաղամասին մէջ գտնուողները ի՞նչպէս կրնան օգտուիլ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկէն։
16 Այս նոր գործիքը ի՞նչպէս կրնաք գործածել։ Նախ՝ անիկա կարելի է գործածել կարդալու դժուարութիւն ունեցող կամ կարդալ չսիրող անհատներու հետ ուսումնասիրելու համար։ Այսպիսի անհատներ կրնան օգտուիլ այս գրքոյկին տուած պարզ բացատրութիւններէն։ Այս հրատարակութիւնը կանխօրօք աչքէ անցընելէ ետք, Դիտարանի Ընկերութեան մասնաճիւղերը հետեւեալը գրեցին. «Այս գրքոյկը շատ գործածական պիտի ըլլայ երկրին շատ մասերուն մէջ, ուր մարդիկ կարդալ չեն սիրեր»։ (Պրազիլիա) «Մեծ է թիւը այն գաղթականներուն, որոնք իրենց մայրենի լեզուն չեն կրնար կարդալ եւ տակաւին դժուարաւ կը կարդան Ֆրանսերէնը։ Այսպիսի անհատներու հետ ուսումնասիրելու համար այս գրքոյկը օգտակար պիտի ըլլայ»։ (Ֆրանսա) Ձեր թաղամասին մէջ կա՞ն անհատներ, որոնք կրնան օգտուիլ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկէն։
17. Նոր գրքոյկը ի՞նչ կերպերով պիտանի կրնայ ըլլալ բազմաթիւ երկիրներու մէջ եւ ի՛նչու։
17 Երկրորդ՝ շատ մը երկիրներու մէջ այս գրքոյկը օգտակար պիտի ըլլայ աստուածավախ մարդոց հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու, ի՛նչ որ ալ ըլլայ անոնց ուսման մակարդակը։ Անշուշտ, ջանք պէտք է թափուի ուսումնասիրութիւն սկսելու՝ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գրքով։ Բայց կարգ մը պարագաներու, թերեւս աւելի դիւրին ըլլայ գրքոյկով մը սկսիլ ուսումնասիրութիւնը եւ ապա յարմար առիթով, Գիտութիւն գրքին անցնիլ, որ ուսումնասիրութեան օժանդակող մեր գլխաւոր եւ նախընտրելի գործիքն է։ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկի այս գործածութեան առնչութեամբ, Դիտարանի մասնաճիւղերը գրեցին. «Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլը դժուար է, բայց անոր կարելիութիւնները կ’աւելնան, երբ հրատարակիչներ գրքոյկով մը սկսին»։ (Գերմանիա) «Այսպիսի գրքոյկ մը շատ ազդեցիկ պիտի ըլլայ Աստուածաշունչի նոր ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար, որոնք ապա կարելի է շարունակել Գիտութիւն գրքով»։ (Իտալիա) «Թէեւ Ճափոնցիները ուսման բարձր մակարդակ ունին, բայց շատեր շատ քիչ տեղեկութիւն ունին Աստուածաշունչին եւ անոր հիմնական ուսուցումներուն մասին։ Այս գրքոյկը լաւ ոտնաքար մը պիտի ըլլայ Գիտութիւն գրքին անցնելու»։—Ճափոն
18. Աստուծոյ պահանջներուն գոհացում տալու նկատմամբ ի՞նչ պէտք չէ մոռնանք։
18 Համայն աշխարհի Ընկերութեան մասնաճիւղերը այս գրքոյկը խնդրած են եւ հաւանութիւն տրուած է որ 221 լեզուներով թարգմանուի անիկա։ Թող որ այս նոր գրականութիւնը արժէքաւոր գործիք մը ըլլայ ուրիշներուն օգնելու որ սորվին թէ Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ իրենցմէ։ Իսկ գալով մեզի, չմոռնանք որ Աստուծոյ պահանջներուն՝ մէջը ըլլալով քարոզելու ու աշակերտելու պատուէրին՝ գոհացում տալը, մեզի պատեհութիւն կու տայ Եհովայի ցոյց տալու թէ ո՛րքան կը սիրենք զինք։ Այո, Աստուած ի՛նչ որ պահանջէ մեզմէ, բեռ մը չէ։ Անիկա լաւագո՛յն ապրելակերպն է։—Սաղմոս 19։7–11
[Ստորանիշ]
a Եհովայի Վկաներ—Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Ծանուցանողներ գիրքը կ’ըսէ. «Որեւէ կերպով պատկերիզները չեն կրնար տպուած գրականութիւններուն կամ անհատական վկայութեան տեղը առնել։ Բարի լուրը տարածելու համար Ընկերութեան գրականութիւնները կը շարունակեն գլխաւոր դերը կատարել։ Եհովայի Վկաներուն տունէ–տուն գործունէութիւնը, Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած իրենց ծառայութեան գլխաւոր երեսակը կը մնայ։ Սակայն, ներկայիս պատկերիզները Եհովայի թանկարժէք խոստումներուն նկատմամբ հաւատք կերտելու եւ մեր օրերուն երկրի վրայ Անոր կատարած բաներուն հանդէպ գնահատութիւն զարգացնելու նպաստող արժէքաւոր գործիքներ են»։
Կրնա՞ք Բացատրել
◻ Եհովա կը պահանջէ որ իր ծառաները երկու երեսակ ունեցող ո՞ր գործին մասնակցին։
◻ Քարոզելու ու աշակերտելու մեր պարտաւորութիւնը ի՞նչու բեռ մը չէ մեզի համար։
◻ «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» ի՞նչ գործիքներ հայթայթած է, մեր քարոզելու ու աշակերտելու գործին համար։
◻ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը որո՞նց համար ծրագրուած է եւ զայն ի՞նչպէս կրնանք գործածել մեր ծառայութեան մէջ։
[Նկար՝ էջ 30]
«Աստուած Ճշմարիտ Թող Ըլլայ» (1946՝ վերստուգուած 1952–ին). 19,250,000 օրինակ՝ 54 լեզուներով
«Ճշմարտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ» (1968). 107,000,000 օրինակ՝ 117 լեզուներով (Ֆրանսերէնը ցուցադրուած)
«Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը մէջ» (1982). 80,900,000 օրինակ՝ 130 լեզուներով (Ռուսերէնը ցուցադրուած)
«Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ» (1995). 30,500,000 օրինակ՝ 119 լեզուներով (Գերմաներէնը ցուցադրուած)