Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ05 1/1 էջ 7-12
  • Եհովա մեր օգնականն է

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովա մեր օգնականն է
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Օգնութեան Ստոյգ Աղբիւր մը
  • Օգնութիւն՝ Հրեշտակներուն Միջոցով
  • Օգնութիւն՝ Սուրբ Հոգիին Միջոցով
  • Օգնութիւն՝ Աստուծոյ Խօսքէն
  • Օգնութիւն՝ Հաւատակիցներուն Միջոցով
  • Եհովայի օգնութիւնը կ’ընդունի՞ս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
  • Հրեշտակները ի՛նչպէս կրնան օգնել ձեզի
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Հրեշտակները ինչպէ՞ս կրնան քեզի օգնել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
  • Հրեշտակները ի՛նչպէս մեզի կ’ազդեն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
դ05 1/1 էջ 7-12

Եհովա մեր օգնականն է

«Իմ օգնութիւնս Տէրոջմէն է, որ երկինքը ու երկիրը ստեղծեց»։—ՍԱՂՄՈՍ 121։2

1, 2. (ա) Ինչո՞ւ կարելի է ըսել որ բոլորս ատեն–ատեն օգնութեան կարիք կ’ունենանք։ (բ) Եհովա ինչպիսի՞ Օգնական մըն է։

ՄԵԶՄԷ ո՞վ օգնական ձեռքի մը երբեք պէտք չ’ունենար։ Իրականութեան մէջ, բոլորս ալ ատեն–ատեն օգնութեան կարիք կ’ունենանք՝ լուրջ խնդրի մը հետ գլուխ ելլելու, ցաւալի կորուստի մը տոկալու կամ դժուար փորձութեան մը տոկալու համար։ Երբ օգնութեան կարիք ունենան, մարդիկ հոգածու բարեկամի մը կը դիմեն։ Հոգացող բարեկամին հետ բեռը բաժնելը կը դիւրացնէ զայն կրելը։ Սակայն մարդ արարածին մատուցած օգնութիւնը սահմանափակ է։ Ասկէ զատ, մարդիկ միշտ ի վիճակի չեն օգնութեան փութալու։

2 Բայց կա՛յ Օգնական մը, որ անսահման զօրութիւն եւ միջոցներ ունի, ու մեզ կը վստահեցնէ թէ բնա՛ւ մեզ պիտի չթողու։ Այս Օգնականին մասին խօսելով, սաղմոսերգուն լման վստահութեամբ ըսաւ. «Իմ օգնութիւնս Տէրոջմէն է»։ (Սաղմոս 121։2) Սաղմոսերգուն ինչո՞ւ համոզուած էր որ Եհովա իրեն պիտի օգնէր։ Պատասխանը առնելու համար, քննարկենք 121–րդ սաղմոսը։ Ասիկա ընելով պիտի ըմբռնենք թէ ինչո՛ւ մենք ալ կրնանք վստահութեամբ Եհովան մեր Օգնականը նկատել։

Օգնութեան Ստոյգ Աղբիւր մը

3. Սաղմոսերգուն իր աչքերը դէպի ո՞ր լեռները վերցուցած ըլլալու էր, եւ ինչո՛ւ։

3 Սաղմոսերգուն սկիզբը Եհովայի արարչագործութիւնը կը մատնանշէ որպէս վստահութեան հիմ. «Աչքերս դէպի լեռները պիտի վերցնեմ, ուրկէ իմ օգնութիւնս պիտի գայ։ Իմ օգնութիւնս Տէրոջմէն է, որ երկինքը ու երկիրը ստեղծեց»։ (Սաղմոս 121։1, 2) Սաղմոսերգուն իր աչքերը դէպի ո՞ր լեռները կը վերցնէր։ Երբ այս խօսքերը արձանագրուեցան, Եհովայի տաճարը Երուսաղէմի մէջ կը գտնուէր, որ Յուդայի լեռներուն վրայ էր։ Երուսաղէմ Եհովայի այլաբանական բնակավայրն էր։ (Սաղմոս 135։21) Հաւանաբար սաղմոսերգուն իր աչքերը դէպի Երուսաղէմի լեռները կը վերցնէր, ուր Եհովայի տաճարը կառուցուած էր, ստոյգ օգնութեան համար Եհովայի դիմելով։ Ան շա՛տ վստահ էր որ Եհովա կրնար իրեն օգնել, քանի որ «երկինքը ու երկիրը ստեղծեց»։ Իրականութեան մէջ, սաղմոսերգուն ըսել կ’ուզէր. ‘Վստահաբար ո՛չ մէկ բան կրնայ ամենահզօր Ստեղծիչին արգելք հանդիսանալ որ ինծի օգնէ’։—Եսայեայ 40։26

4. Սաղմոսերգուն ի՞նչպէս ցոյց տուաւ թէ Եհովա իր ժողովուրդին կարիքները երբեք չ’անտեսեր, եւ ասիկա ինչո՞ւ մխիթարական գաղափար մըն է։

4 Ապա սաղմոսերգուն կը բացատրէ թէ Եհովա իր ծառաներուն կարիքները աչքի առջեւ կ’ունենայ. «Անիկա քու ոտքդ պիտի չդողացնէ ու քու Պահապանդ պիտի չքնանայ։ Ահա Իսրայէլի Պահապանը պիտի չմրափէ ու պիտի չքնանայ»։ (Սաղմոս 121։3, 4) Աստուած թոյլ չի տար որ իրեն վստահողները ‘դողան’, կամ վերջնականապէս սայթաքին։ (Առակաց 24։16) Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովա աչալուրջ հովիւի մը նման կը պահպանէ իր ոչխարները։ Ասիկա մխիթարական գաղափար մը չէ՞։ Ան րոպէ մը իսկ իր ժողովուրդին կարիքները չ’անտեսեր։ Ցերեկ ու գիշեր անոնց վրայ կը հսկէ։

5. Ինչո՞ւ ըսուած է թէ Եհովա «աջ ձեռք»ին քով է։

5 Ստոյգ գիտնալով թէ Եհովա իր ժողովուրդին հաւատարիմ Պահապանն է, սաղմոսերգուն գրեց. «Տէրը քու պահապանդ է. Տէրը քու աջ ձեռքիդ քով քու հովանիդ է։ Ցորեկը արեգակը քեզ պիտի չզարնէ, ո՛չ ալ գիշերը՝ լուսինը»։ (Սաղմոս 121։5, 6) Միջին Արեւելքի մէջ, հովանին կամ շուք տեղը հետիոտն ճամբորդին պաշտպանութիւն կը հայթայթէր կիզիչ արեւէն։ Եհովա իր ժողովուրդին համար հովանիի նման է, զիրենք պաշտպանելով կիզիչ տաքութեան նման հարուածող չարիքներէն։ Նկատէ թէ Եհովայի մասին ըսուած է թէ «աջ ձեռք»ին քով է։ Վաղեմի պատերազմներուն, զինուորին ձախ ձեռքով բռնած վահանը գրեթէ չէր պաշտպաներ աջ ձեռքը։ Հաւատարիմ բարեկամը պաշտպանութիւն կը հայթայթէր, անոր աջ կողմը կենալով ու կռուելով։ Այս բարեկամին նման, Եհովա հաւատարմօրէն իր երկրպագուներուն կողքին կը կայնի, մի՛շտ պատրաստ անոնց օգնելու։

6, 7. (ա) Սաղմոսերգուն ի՞նչպէս կը հաւաստիացնէ մեզ թէ Եհովա իր ժողովուրդին օգնելէ երբեք պիտի չդադրի։ (բ) Ինչո՞ւ կրնանք սաղմոսերգուին վստահութիւնը բաժնել։

6 Եհովա երբեք իր ժողովուրդին օգնելէ պիտի դադրի՞։ Ամե՛նեւին։ Սաղմոսերգուն եզրափակեց. «Տէրը քեզ ամէն չարէն պիտի պահպանէ, քու անձդ պիտի պահպանէ։ Տէրը քու ելլելդ ու մտնելդ պիտի պահպանէ ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան»։ (Սաղմոս 121։7, 8) Նկատէ թէ գրողը ապառնի եղանակը գործածեց։ Ան 5–րդ համարին մէջ ըսած էր. «Տէրը քու պահապանդ է»։ Բայց այս համարներուն մէջ, ան գրեց. ‘Տէրը քեզ պիտի պահպանէ’։ Այսպէս Եհովայի երկրպագուներուն երաշխիք կը տրուի թէ Եհովա ապագային ալ պիտի շարունակէ օգնել։ Անոնք ո՛ւր որ ալ երթան, ի՛նչ աղէտ ալ դիմագրաւեն, Եհովա անոնց օգնութեան պիտի հասնի։—Առակաց 12։21

7 Արդարեւ 121–րդ սաղմոսը յօրինողը վստահ էր թէ ամենակալ Արարիչը իր ծառաներուն վրայ կը հսկէ հոգածու հովիւի մը ու աչալուրջ պահապանի մը նման։ Սաղմոսերգուին վստահութիւնը բաժնելու ամէն պատճառ ունինք, քանի որ Եհովա չի փոխուիր։ (Մաղաքեայ 3։6) Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ միշտ ֆիզիքական պաշտպանութիւն պիտի ստանանք։ Ո՛չ։ Այնքան ատեն որ իրեն կը դիմենք որպէս մեր Օգնականը, ան մեզ պիտի պաշտպանէ ամէ՛ն բանէ որ կրնայ մեզի հոգեւոր վնաս հասցնել։ Ուստի բնական է որ հարց տանք. ‘Եհովա ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի’։ Նկատի առնենք չորս կերպեր։ Այս յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք թէ Աստուածաշունչի ժամանակներուն Եհովա իր ծառաներուն ի՛նչպէս օգնեց, իսկ յաջորդ յօդուածին մէջ՝ թէ ներկայիս իր ժողովուրդին ի՛նչպէս կ’օգնէ։

Օգնութիւն՝ Հրեշտակներուն Միջոցով

8. Ինչո՞ւ զարմանալի չէ որ հրեշտակները խորապէս հետաքրքրուած են Աստուծոյ երկրային ծառաներուն բարօրութեամբ։

8 Եհովա իր տրամադրութեան տակ միլիոնաւոր հրեշտակներ ունի։ (Դանիէլ 7։9, 10) Այս հոգեղէն որդիները հաւատարմօրէն իր կամքը կը կատարեն։ (Սաղմոս 103։20) Անոնք քաջատեղեակ են թէ Եհովա իր մարդկային երկրպագուներուն հանդէպ մեծ սէր ունի եւ կ’ուզէ անոնց օգնել։ Զարմանալի չէ որ հրեշտակները խորապէս հետաքրքրուած են Աստուծոյ երկրային ծառաներուն բարօրութեամբ։ (Ղուկաս 15։10) Ուստի անոնք կ’ուրախանան, երբ Եհովա զիրենք գործածէ մարդոց օգնելու համար։ Վաղեմի ժամանակներուն, Եհովա իր հրեշտակները ի՞նչ կերպերով գործածեց իր երկրային ծառաներուն օգնելու համար։

9. Օրինակ մը տուր թէ ի՛նչպէս Աստուծոյ զօրութեամբ օժտուած հրեշտակներ պաշտպանեցին հաւատարիմ մարդիկ։

9 Հրեշտակները Աստուծմէ զօրութիւն ստացան հաւատարիմ մարդիկը պաշտպանելու եւ ազատագրելու համար։ Երկու հրեշտակ Ղովտի ու իր աղջիկներուն օգնեցին որ Սոդոմի ու Գոմորի կործանումէն ազատին։ (Ծննդոց 19։1, 15-17) Մէ՛կ հրեշտակ 185,000 Ասորեստանցի զինուոր սպաննեց, որոնք Երուսաղէմի կը սպառնային։ (Դ. Թագաւորաց 19։35) Երբ Դանիէլ առիւծներուն գուբը նետուեցաւ, Եհովա «իր հրեշտակը ղրկեց ու առիւծներուն բերանը գոցեց»։ (Դանիէլ 6։21, 22) Հրեշտակ մը Պետրոս առաքեալը բանտէն ազատ արձակեց։ (Գործք 12։6-11) Աստուածաշունչը հրեշտակային պաշտպանութեան բազմաթիւ այլ օրինակներ կը յիշէ, հաստատելով Սաղմոս 34։7–ի խօսքը. «Տէրոջը հրեշտակը իր բանակը անկէ վախցողներուն չորս կողմը կը դնէ ու զանոնք կ’ազատէ»։

10. Եհովա ի՞նչպէս հրեշտակ մը գործածեց Դանիէլ մարգարէն քաջալերելու համար։

10 Երբեմն Եհովա հրեշտակները գործածեց հաւատարիմ մարդիկը քաջալերելու եւ զօրացնելու համար։ Սրտագրաւ օրինակ մը կը գտնուի Դանիէլ 10–րդ գլուխին մէջ։ Այդ ատեն հաւանաբար Դանիէլ մօտ 100 տարեկան էր։ Մարգարէն շատ վհատած էր, քանի որ Երուսաղէմ ամայացած էր ու տաճարը չէր վերաշինուած։ Ան նաեւ վրդոված էր, վախազդու տեսիլք մը տեսնելով։ (Դանիէլ 10։2, 3, 8) Աստուած սիրալիրօրէն հրեշտակ մը ղրկեց, զինք քաջալերելու համար։ Հրեշտակը կրկին անգամ Դանիէլի յիշեցուց թէ Աստուծոյ աչքին «սիրելի» էր։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Տարեց մարգարէն հրեշտակին ըսաւ. «Ուժովցուցիր զիս»։—Դանիէլ 10։11, 19

11. Օրինակ մը տուր թէ ի՛նչպէս հրեշտակներ գործածուեցան բարի լուրի քարոզչութիւնը առաջնորդելու համար։

11 Եհովա նաեւ հրեշտակներ գործածեց բարի լուրի քարոզչութիւնը առաջնորդելու համար։ Հրեշտակ մը Փիլիպպոսը առաջնորդեց որ Քրիստոսի մասին քարոզէ Եթովպիացի ներքինիի մը, որ ետքը մկրտուեցաւ։ (Գործք 8։26, 27, 36, 38) Անկէ քիչ ետք, Աստուծոյ կամքն էր որ բարի լուրը անթլփատ հեթանոսներուն քարոզուէր։ Տեսիլքի մէջ հրեշտակ մը երեւցաւ Կոռնելիոս անունով աստուածավախ հեթանոսի մը, եւ անոր ուղղութիւն տուաւ որ Պետրոս առաքեալը կանչէ։ Երբ Կոռնելիոսի պատգամաբերները Պետրոսը գտան, անոր ըսին. «Կոռնելիոս . . . սուրբ հրեշտակէ մը հրաման առաւ, որ քեզ իր տունը կանչէ եւ քու խօսքերդ լսէ»։ Պետրոս անոնց հետ գնաց, եւ այսպէս առաջին անթլփատ հեթանոսները քրիստոնէական ժողովքին մէկ մասը դարձան։ (Գործք 10։22, 44-48) Երեւակայէ թէ ի՛նչ պիտի զգայիր եթէ գիտնայիր որ հրեշտակի մը օգնութեամբ շփման մէջ եկար պարկեշտամիտ անհատի մը հետ։

Օգնութիւն՝ Սուրբ Հոգիին Միջոցով

12, 13. (ա) Յիսուսի առաքեալները ինչո՞ւ վաւերական պատճառ ունէին հաւատալու թէ սուրբ հոգին կրնար իրենց օգնել։ (բ) Սուրբ հոգին ի՞նչ կերպով զօրացուց առաջին դարու Քրիստոնեաները։

12 Իր մահէն քիչ առաջ, Յիսուս իր առաքեալները հաւաստիացուց թէ առանց օգնութեան պիտի չմնային։ Հայրը անոնց պիտի տար «Մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին»։ (Յովհաննու 14։26) Առաքեալները վաւերական պատճառ ունէին հաւատալու թէ սուրբ հոգին կրնար իրենց օգնել։ Ներշնչեալ Սուրբ Գրութիւնները կը թուեն բազմաթիւ օրինակներ թէ Եհովա ի՛նչպէս ամենէն զօրաւոր ոյժը՝ սուրբ հոգին գործածեց, իր ժողովուրդին օգնելու համար։

13 Շատ մը առիթներով սուրբ հոգին գործածուեցաւ մարդիկ զօրացնելու համար որ Եհովայի կամքը կատարեն։ Սուրբ հոգին Դատաւորները զօրացուց որ Իսրայէլը ազատագրեն։ (Դատաւորաց 3։9, 10. 6։34) Նոյն հոգին առաջին դարու Քրիստոնեաները զօրացուց որ շարունակեն խիզախօրէն քարոզել, ի հեճուկս հակառակութեան։ (Գործք 1։8. 4։31) Անոնց ծառայութեան յաջողութիւնը սուրբ հոգիին գործունէութեան զօրաւոր մէկ ապացոյցն էր։ Ուրիշ ի՞նչ բան կրնար բացատրել թէ ի՛նչպէս «տգէտ ու առանց ուսման» մարդիկ կրնային Թագաւորութեան պատգամը տարածել այն ժամանակ ծանօթ ամբողջ աշխարհին մէջ։—Գործք 4։13. Կողոսացիս 1։23

14. Եհովա ի՞նչպէս իր սուրբ հոգին գործածած է իր ժողովուրդը լուսաւորելու համար։

14 Եհովա նաեւ իր սուրբ հոգին գործածեց իր ժողովուրդը լուսաւորելու համար։ Սուրբ հոգիին օգնութեամբ Յովսէփ կրցաւ Փարաւոնի մարգարէական երազները մեկնել։ (Ծննդոց 41։16, 38, 39) Իր հոգիին միջոցով Եհովա իր նպատակները յայտնեց խոնարհներուն ու ծածկեց հպարտներէն։ (Մատթէոս 11։25) «Զինք սիրողներուն» համար Եհովայի պատրաստած բաներուն նկատմամբ, Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Աստուած մեզի յայտնեց իր Հոգիովը»։ (Ա. Կորնթացիս 2։7-10) Միայն սուրբ հոգիին օգնութեամբ անհատ մը կրնայ Աստուծոյ կամքը իրապէս հասկնալ։

Օգնութիւն՝ Աստուծոյ Խօսքէն

15, 16. Յեսու ի՞նչ պէտք էր ընէր որ իմաստութեամբ վարուէր։

15 Եհովայի ներշնչեալ Խօսքը «օգտակար է սորվեցնելու», եւ Աստուծոյ ծառաները կարող կը դարձնէ որ ‘կատարեալ ըլլան՝ ամէն բարի գործերու պատրաստուած’։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17) Աստուածաշունչը բազմաթիւ օրինակներ կը պարունակէ, որոնք ցոյց կու տան թէ վաղեմի ժամանակներուն ի՛նչպէս ներշնչեալ գրութիւնները Աստուծոյ ժողովուրդին օգնեցին։

16 Սուրբ Գրութիւնները Աստուծոյ երկրպագուներուն օգնեցին՝ օգտակար ուղղութիւն տալով։ Երբ Յեսու Իսրայէլը առաջնորդելու պատասխանատուութիւնը ստանձնեց, իրեն ըսուեցաւ. «[Մովսէսի արձանագրած] այս Օրէնքին գիրքը բերանէդ թող չհեռանայ, հապա գիշեր–ցերեկ անոր մասին խորհրդածէ, որպէսզի բոլոր անոր մէջ գրուածները զգուշութեամբ գործադրես. քանի որ ա՛յն ատեն քու ճամբաներդ պիտի յաջողցնես, եւ ա՛յն ատեն ուշիմ պիտի ըլլաս»։ Նկատէ թէ Աստուած Յեսուի չխոստացաւ որ զինք հրաշալի կերպով ուշիմ պիտի դարձնէր։ Եթէ Յեսու «Օրէնքին գիրքը» կարդար ու անոր մասին խորհրդածէր, ա՛յն ատեն իմաստութեամբ պիտի վարուէր։—Յեսուայ 1։8, ԱՎ. Սաղմոս 1։1-3

17. Սուրբ Գրութիւններուն մատչելի մասերը ի՞նչպէս Դանիէլի եւ Յովսիա թագաւորին օգնեցին։

17 Աստուծոյ գրաւոր Խօսքը նաեւ օգնեց որ իր կամքն ու նպատակը բացայայտուին։ Օրինակ, Դանիէլ Երեմիայի գրութիւններէն ըմբռնեց թէ Երուսաղէմ ո՛րքան ժամանակ ամայի պիտի մնար։ (Երեմեայ 25։11. Դանիէլ 9։2) Նկատի առ նաեւ Յուդայի Յովսիա թագաւորին իշխանութեան ընթացքին պատահած դէպքը։ Այն ժամանակ ազգը Եհովայէ հեռացած էր, եւ ըստ երեւոյթին թագաւորները անձնապէս Օրէնքը չէին ընդօրինակած եւ անոր չէին հետեւած։ (Բ. Օրինաց 17։18-20) Սակայն, մինչ տաճարը կը վերանորոգուէր, «օրէնքներու գիրք»ը գտնուեցաւ, որ հաւանաբար Մովսէսի ձեռքով գրուած հարազատ բնագիրն էր, շուրջ 800 տարի առաջ ամբողջացած։ Անոր բովանդակութիւնը մտիկ ընելէ ետք, Յովսիա գիտակցեցաւ թէ ազգը Եհովայի կամքէն շա՜տ շեղած էր, ապա հաստատ քայլեր առաւ գիրքին գրուածները գործադրելու համար։ (Դ. Թագաւորաց 22։8. 23։1-7) Բացայայտ չէ՞ որ վաղեմի ժամանակներուն, Սուրբ Գրութիւններուն մատչելի մասերը Աստուծոյ ժողովուրդին օգնեցին։

Օգնութիւն՝ Հաւատակիցներուն Միջոցով

18. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել թէ Եհովա պատճառ կ’ըլլայ որ ճշմարիտ երկրպագու մը հաւատակիցի մը օգնէ։

18 Եհովայի հայթայթած օգնութիւնը յաճախ հաւատակիցներու միջոցով կը մատուցուի։ Իրականութեան մէջ, Աստուա՛ծ պատճառ կ’ըլլայ որ ճշմարիտ երկրպագու մը հաւատակիցի մը օգնէ։ Ինչո՞ւ այսպէս կ’ըսենք։ Երկու պատճառներով։ Առաջին, Աստուծոյ սուրբ հոգին դեր ունի։ Այս հոգին իր ազդեցութեան ենթարկուողներուն մէջ կ’արտադրէ պտուղ, ի ներառեալ՝ սէր ու բարութիւն։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Ուստի, երբ Աստուծոյ ծառաներէն մէկը կը մղուի ուրիշի մը օգնել, ասիկա կ’ապացուցանէ Եհովայի հոգիին գործունէութիւնը։ Երկրորդ, մենք Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած ենք։ (Ծննդոց 1։26) Ասիկա կը նշանակէ թէ իր յատկութիւնները արտացոլացնելու կարողութիւնը ունինք, ի ներառեալ՝ իր քաղցրութիւնն ու կարեկցութիւնը։ Ուստի, երբ Եհովայի մէկ ծառան ուրիշի մը օգնէ, այս օգնութեան իսկական Աղբիւրը այն անձն է, որուն պատկերը կ’արտացոլացուի։

19. Աստուածաշունչի արձանագրութեան համաձայն, Եհովա հաւատակիցներու միջոցով ի՞նչպէս օգնութիւն հայթայթեց։

19 Աստուածաշունչի ժամանակներուն, Եհովա ի՞նչպէս հաւատակիցներու միջոցով օգնութիւն մատուցանեց։ Յաճախ Եհովա մղեց իր մէկ ծառան որ ուրիշին խրատ տայ, ինչպէս՝ երբ Երեմիա փրկաբեր խրատ տուաւ Բարուքի։ (Երեմեայ 45։1-5) Երբեմն ճշմարիտ երկրպագուներ ուզեցին հաւատակիցներուն նիւթական օգնութիւն հայթայթել, ինչպէս՝ երբ Մակեդոնիայի ու Աքայիայի Քրիստոնեաները ջանացին Երուսաղէմի մէջ եղող կարօտեալ եղբայրներուն օգնել։ Պօղոս առաքեալ նշեց թէ այս առատաձեռնութիւնը ‘շնորհակալութիւն գոյացուց Աստուծոյ հանդէպ’։—Բ. Կորնթացիս 9։11, ԱՎ

20, 21. Հռովմի եղբայրները ի՞նչ պայմաններու ներքեւ Պօղոս առաքեալը զօրացուցին։

20 Յատկապէս սրտագրաւ են այն դէպքերը որ ցոյց կու տան թէ Եհովայի ծառաները ի՛նչպէս իրար զօրացուցին ու քաջալերեցին։ Նկատի առ ի՛նչ որ պատահեցաւ Պօղոս առաքեալի հետ։ Բանտարկեալ Պօղոս դէպի Հռովմ կ’ուղղուէր, Ապփիոսեան Խճուղի կոչուած հռովմէական մայրուղին բռնելով։ Ուղեւորութեան վերջին հանգրուանը յատկապէս անախորժ էր, քանի որ ճամբորդները ստիպուած էին ճահիճէ մը անցնիլ։a Հռովմի ժողովքին եղբայրները Պօղոսի գալէն տեղեակ էին։ Անոնք ի՞նչ պիտի ընէին։ Իրենց տո՞ւնը պիտի մնային մինչեւ Պօղոսի ժամանումը, ապա երթային զինք բարեւելու։

21 Աստուածաշունչի մէկ գրողը՝ Ղուկաս, որ Պօղոսի հետ էր այս ճամբորդութեան ընթացքին, մեզի կը պատմէ պատահածը. «[Հռովմի] եղբայրները, երբ մեր վրայով լսեցին, մեզ դիմաւորելու ելան մինչեւ Ապփիոսի վաճառանոցը ու Երեք պանդոկները»։ Կրնա՞ս տեսարանը մտապատկերել։ Պատուիրակներ Հռովմէ ճամբայ ելան Պօղոսը դիմաւորելու։ Պատուիրակութեան մէկ մասը կը սպասէր Ապփիոսի վաճառանոցը,– հանրածանօթ կայան՝ Հռովմէ շուրջ 74 քիլոմեթր հեռու։ Մնացեալ եղբայրները կը սպասէին Երեք Պանդոկները,– կայարան՝ Հռովմէ շուրջ 58 քիլոմեթր հեռու։ Պօղոս ի՞նչպէս հակազդեց։ Ղուկաս կը տեղեկագրէ. «Պօղոս ալ տեսնելով զանոնք՝ շնորհակալ եղաւ Աստուծմէ եւ քաջալերուեցաւ»։ (Գործք 28։15, ԱՎ) Երեւակայէ,– այդ երկար ճամբորդութիւնը կատարող եղբայրները միայն տեսնելը՝ Պօղոսի համար զօրութեան ու մխիթարութեան աղբիւր էր։ Իսկ Պօղոս այս օգնութեան համար որո՞ւն շնորհակալութիւն յայտնեց։ Ան Եհովա Աստուծմէ շնորհակալ եղաւ, որ այս մէկը կարելի դարձուց։

22. 2005–ի մեր տարուան համարը ի՞նչ է, եւ յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնուի։

22 Աստուծոյ գործառնութեանց ներշնչեալ արձանագրութիւնը բացայայտօրէն ցոյց կու տայ թէ Եհովայի նման Օգնական մը չկայ։ Տեղին ըլլալով, Եհովայի Վկաներուն 2005–ի տարուան համարը պիտի ըլլայ Սաղմոս 121։2–ի խօսքը. «Իմ օգնութիւնս Տէրոջմէն է»։ Բայց Եհովա ներկայիս ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի։ Ասիկա նկատի պիտի առնուի յաջորդ յօդուածին մէջ։

[Ստորանիշ]

a Նոյն ճամբորդութիւնը կատարող Հռովմէացի բանաստեղծ Ովրատիոս (Հ.Դ.Ա. 65-8), ուղեւորութեան այս վերջին հանգրուանին անհանգստաւէտութեան մասին խօսեցաւ։ Ովրատիոս Ապփիոսի Հրապարակը նկարագրեց որպէս «նաւավարներով ու կծծի պանդոկապաններով խճողուած վայր մը»։ Ան «անիծեալ մժղուկներէն եւ գորտերէն» ու «անհամ» ջուրէն դժգոհեցաւ։

Կը յիշե՞ս

Եհովա ի՞նչ կերպերով օգնութիւն հայթայթեց

• հրեշտակներու միջոցով։

• իր սուրբ հոգիին միջոցով։

• իր ներշնչեալ Խօսքով։

• հաւատակիցներու միջոցով։

[Մէջբերում՝ էջ 9]

2005–ի տարուան համարը պիտի ըլլայ. «Իմ օգնութիւնս Տէրոջմէն է»։—Սաղմոս 121։2

[Նկար՝ էջ 10]

Հռովմի եղբայրներէն ստացած օգնութեան համար, Պօղոս Աստուծմէ շնորհակալ եղաւ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել