Աստուածաշունչը կարդալով՝ լիովին օգտուէ՛
«Աստուծոյ օրէնքին կը հաւնիմ» (ՀՌՈՎ. 7։22)։
1-3. Աստուածաշունչը կարդալով եւ անոր ուսուցումները կիրարկելով ի՞նչ օգուտներ ձեռք կը ձգես։
ՏԱՐԵՑ քոյր մը կ’ըսէ. «Ամէն առտու Եհովային շնորհակալութիւն կը յայտնեմ, որ ինծի օգնած է Աստուածաշունչը հասկնալու»։ Ան արդէն Աստուածաշունչը աւելի քան 40 անգամ կարդացած է եւ տակաւի՛ն կը կարդայ։ Իսկ երիտասարդ քոյր մը գրեց, թէ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը իրեն օգնած է գիտակցելու թէ Եհովան իրական է։ Առ ի արդիւնք, ան իր երկնաւոր Հօր աւելի մօտեցած է։ Ան ըսաւ. «Կեանքիս մէջ ա՛յսքան ուրախ չեմ եղած»։
2 Պետրոս առաքեալ բոլորը քաջալերեց, որ Աստուծոյ Խօսքին ‘բանական ու անխարդախ կաթին փափաքին’ (Ա. Պետ. 2։2)։ Անոնք որոնք Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրեն եւ անոր ուսուցումները կը կիրարկեն, մաքուր խղճմտանք ու կեանքի մէջ նպատակ ունին։ Անոնք մնայուն բարեկամութիւններ կը զարգացնեն ճշմարիտ Աստուածը սիրողներուն ու Անոր ծառայողներուն հետ։ Այս բոլորը ‘Աստուծոյ Օրէնքը հաւնելու’ վաւերական պատճառներ են (Հռով. 7։22)։ Բայց աւելի՛ օգուտներ ալ կան։ Ի՞նչ են ատոնցմէ ոմանք։
3 Որքա՛ն աւելի Եհովային եւ անոր Որդիին մասին սորվիս, ա՛յնքան աւելի անոնց հանդէպ եւ մարդ արարածին հանդէպ սէրդ պիտի աճի։ Սուրբ գրային ճշգրիտ գիտելիքներ ունենալով կ’ըմբռնես, թէ Աստուած ինչպէ՛ս շուտով հնազանդ մարդկութիւնը այս մահամերձ աշխարհէն պիտի ազատէ։ Ծառայութեան ընթացքին, մարդոց հետ բաժնելու բարի լուրի դրական պատգամ մը ունիս։ Եհովան քեզ պիտի օրհնէ մինչ ուրիշներուն կը սորվեցնես այն ինչ որ Աստուծոյ Խօսքը կարդալով սորված ես։
ԿԱՐԴԱ՛ ԵՒ ԽՈԿԱ՛
4. Ի՞նչ կը նշանակէ Աստուածաշունչը «մեղմաձայն» կարդալ։
4 Եհովան չ’ուզեր որ իր ծառաները արագ–արագ իր Խօսքը կարդան։ Ան Յեսուին ըսաւ. «Այս օրէնքներու գիրքը քու բերնէդ թող չզատուի, հապա գիշեր ցորեկ անոր վրայ մտածէ [«մեղմաձայն կարդա՛», ՆԱ]» (Յես. 1։8. Սաղ. 1։2, ՆԱ)։ Այս ուղղութիւնը կը պահանջէ՞ թէ մեղմաձայն արտասանես իւրաքանչիւր բառ որ կը կարդաս Ծննդոցէն մինչեւ Յայտնութիւն։ Ո՛չ։ Ատիկա կը նշանակէ թէ կամաց պէտք է կարդաս, որպէսզի կարդացածիդ մասին մտածես։ Ասիկա քեզի պիտի օգնէ, որ կեդրոնանաս այնպիսի հատուածներու վրայ, որոնք մասնաւորաբար քեզի գործնական եւ քաջալերական են։ Երբ այդպիսի նախադասութիւններ կամ պատմութիւններ գտնես, զանոնք կամաց–կամա՛ց կարդա, բառերը մեղմօրէն արտասանելով։ Այսպէս, կարդացածդ իրապէս սրտիդ պիտի դպչի։ Ասիկա ինչո՞ւ կարեւոր է։ Քանի որ Աստուծոյ խրատը իրապէս հասկնալը քեզ կը մղէ զայն ի գործ դնելու։
5-7. Լուսաբանէ թէ ինչպէ՛ս Աստուծոյ Խօսքը մեղմաձայն կարդալը քեզի կ’օգնէ՝ ա) բարոյապէս մաքուր մնալու, բ) ուրիշներու հետ համբերութեամբ եւ ազնուութեամբ վարուելու, գ) նոյնիսկ դժուար պարագաներու ներքեւ Եհովային վստահելու։
5 Մեղմաձայն կարդալը օգտակար է, երբ նկատի կ’առնես Սուրբ Գրութիւններ, որոնց շատ քաջածանօթ չես։ Լուսաբանելու համար, երեք պարագայ պատկերացուր։ Նախ, պահ մը մտածէ պատանի եղբօր մը մասին, որ Աստուածաշունչը անձամբ կարդալով՝ հասած է Ովսէէ գիրքը։ Չորրորդ գլուխին մէջ, 11-13–րդ համարները մեղմաձայն կարդալէ ետք, ան կանգ կ’առնէ (կարդա՛ Ովսէէ 4։11-13)։ Ինչո՞ւ։ Այդ համարները իր ուշադրութիւնը կը գրաւեն, քանի որ դպրոցին մէջ անբարոյ բաներ ընելու փորձութեան ենթարկուած է։ Ան կը խոկայ այդ համարներուն վրայ եւ կը մտածէ. ‘Եհովան կը տեսնէ այն վատ արարքները, որոնք մարդիկ կ’ընեն նոյնիսկ երբ առանձին են։ Ես չեմ ուզեր զինք վիրաւորել’։ Եղբայրը կը վճռէ Աստուծոյ աչքին բարոյապէս մաքուր մնալ։
6 Երկրորդ պարագայ մը. քոյր մը Յովէլի մարգարէութիւնը կը կարդայ եւ կը հասնի 2–րդ գլուխին 13–րդ համարը (կարդա՛ Յովէլ 2։13)։ Մինչ ան մեղմաձայն կը կարդայ այդ համարը, կը խոկայ թէ ինչպէ՛ս պէտք է Եհովան ընդօրինակէ, որ «ողորմած ու գթած, երկայնամիտ ու բազումողորմ է»։ Ան կ’որոշէ կարգ մը փոփոխութիւններ մտցնել, քանի որ ատեններ իր ամուսինին եւ ուրիշներու հետ խայթող հեգնանքով կամ բարկութեամբ կը խօսի։
7 Երրորդ պարագայ մը. երեւակայէ քրիստոնեայ հայր մը, որ գործազուրկ է եւ իր կնոջ ու զաւակներուն բարօրութեան նկատմամբ մտահոգուած է։ Ան Նաւում 1։7–ի սա խօսքը մեղմաձայն կը կարդայ. «Եհովան. . . նեղութեան օրը ամրութիւն է, իրեն ապաւինողները կը ճանչնայ»։ Այս կէտը զինք կը մխիթարէ։ Ան կը զգայ Եհովայի սիրալիր հոգատարութիւնը եւ կը դադրի չափազանց մտահոգուելէ։ Ապա 15–րդ համարը մեղմաձայն կը կարդայ (կարդա՛ Նաւում 1։15)։ Մեր եղբայրը կ’անդրադառնայ, թէ բարի լուրը դժուար ժամանակներուն քարոզելով ցոյց կու տայ, թէ իրապէս Եհովան իր ամրութիւնը կը նկատէ։ Մինչ կը շարունակէ աշխարհիկ գործ մը փնտռել, ան կը մղուի նաեւ միջշաբաթային դաշտի ծառայութեան աջակցելու։
8. Հակիրճ կերպով բացատրէ հոգեւոր ադամանդ մը, որ Աստուածաշունչը կարդալով գտած ես։
8 Մեր քննարկած այս օգտակար կէտերը Աստուածաշունչի գրքերէն են, որոնք ոմանք դժուարահասկնալի կը սեպեն։ Մինչ սորվելու նպատակաւ նկատի կ’առնես Ովսէէի, Յովէլի եւ Նաւումի գրքերը, պիտի ուզես այլ քաջալերական համարներ ալ մեղմաձայն կարդալ։ Երեւակայէ թէ այդ մարգարէներուն գրութիւնները որքա՜ն կրնան քեզ մխիթարել եւ իմաստուն դարձնել։ Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել Աստուածաշունչի մնացեալ մասերուն մասին։ Աստուծոյ Խօսքը ադամանդի հանքի մը նման է։ Ուստի, ամբողջ Աստուածաշունչը կարդա՛՝ փնտռելով Աստուծոյ ադամանդանման ուղղութիւնն ու քաջալերութիւնը։
ՋԱՆԱ՛ ԿԱՐԴԱՑԱԾԴ ՀԱՍԿՆԱԼ
9. Ի՞նչ կրնանք ընել Աստուծոյ կամքը աւելի՛ հասկնալու համար։
9 Կարեւոր է որ ամէն օր Աստուածաշունչէն հատուած մը կարդաս։ Սակայն նոյնքան կարեւոր է որ կարդացածդ հասկնաս։ Ուստի, Եհովայի կազմակերպութեան հրատարակութիւններէն լաւագոյնս օգտուէ, պրպտելու համար անհատներու, վայրերու եւ միջադէպերու ենթահողերը։ Կամ, եթէ վստահ չես թէ ինչպէ՛ս կրնաս որոշ աստուածաշնչական ուսուցում մը կիրարկել, կրնաս ժողովքի մէկ երէցին կամ հասուն քրիստոնեայի մը օգնութիւնը հայցել։ Մեր հասկացողութիւնը աւելցնելու կարեւորութիւնը լուսաբանելու համար, նկատի առնենք առաջին դարու քրիստոնեայի մը օրինակը, որ այս մարզին մէջ ջանք թափեց։ Անոր անունը Ապօղոս էր։
10, 11. ա) Ապօղոս ինչպէ՞ս օգնութիւն ստացաւ, որպէսզի բարի լուրի աւելի ազդու քարոզիչ ըլլայ։ բ) Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Ապօղոսի արձանագրութենէն (տե՛ս «Ուսուցումդ այժմէակա՞ն է» շրջանակը)։
10 Ապօղոս հրեայ քրիստոնեայ մըն էր, որ «զօրաւոր էր սուրբ գրքերով» եւ «ջերմեռանդ հոգի» ունէր։ Գործք գիրքը իր մասին կ’ըսէ. «[Ապօղոս] կը խօսէր ու կը սորվեցնէր ճշդութեամբ Տէրոջը վրայով. բայց ինք միայն Յովհաննէսին մկրտութիւնը գիտէր»։ Ապօղոս չէր գիտեր թէ մկրտութեան առնչութեամբ ժամանակավրէպ հասկացողութիւն ունէր։ Երբ քրիստոնեայ զոյգ մը՝ Ակիւղաս եւ Պրիսկիղա՝ լսեցին անոր քարոզչութիւնը Եփեսոսի մէջ, «աւելի ճիշդ Աստուծոյ ճամբան անոր հասկցուցին» (Գործք 18։24-26)։ Ասիկա ինչպէ՞ս Ապօղոսին օգտեց։
11 Եփեսոսի մէջ քարոզելէ ետք, Ապօղոս Աքայիա գնաց։ «Հոն հասնելով՝ շատ օգտակար եղաւ հաւատացեալներուն՝ Աստուծոյ շնորհքով։ Քանզի հրապարակաւ սաստիկ կը յանդիմանէր Հրեաները, սուրբ գրքերէն ցուցնելով թէ՝ Յիսուսը Քրիստոսն է» (Գործք 18։27, 28)։ Այդ ատեն, Ապօղոս կրնար ճշգրտօրէն բացատրել քրիստոնէական մկրտութիւնը։ Այսպիսով, ան «շատ օգտակար եղաւ» նորեկներուն որ ճշմարիտ պաշտամունքի մէջ յառաջդիմեն։ Այս արձանագրութենէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Ապօղոսի նման, կը ջանանք Աստուածաշունչէն մեր կարդացածը հասկնալ։ Բայց պէտք է խոնարհութեամբ եւ երախտագիտութեամբ ընդունինք որեւէ առաջարկ, որ փորձառու հաւատացեալ մը մեզի կը բացատրէ, որպէսզի աւելի ազդու ուսուցանող ըլլանք։ Այսպէս, մեր սուրբ ծառայութեան որակը պիտի բարելաւուի։
ՍՈՐՎԱԾԴ ԳՈՐԾԱԾԷ ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԵԼՈՒ
12, 13. Լուսաբանէ թէ ինչպէ՛ս Սուրբ Գրութիւններու ազդու գործածութիւնը կրնայ օգնել Աստուածաշունչի աշակերտներուն որ յառաջդիմեն։
12 Պրիսկիղայի, Ակիւղասի եւ Ապօղոսի նման կրնանք ուրիշներուն օրհնութիւն ըլլալ։ Քու տուած քաջալերութեանդ շնորհիւ, երբ հետաքրքրուած անհատ մը իր հոգեւոր յառաջդիմութեան արգելք հանդիսացող խոչընդոտ մը յաղթահարէ, ինչպէ՞ս կը զգաս։ Կամ որպէս երէց, ինչպէ՞ս կը զգաս երբ հաւատակից մը քեզի շնորհակալութիւն յայտնէ քու տուած սուրբ գրային խրատին համար, որ իրեն օգնեց դժուար մէկ ժամանակին։ Անկասկած, երբ Աստուծոյ Խօսքը կը գործածենք ուրիշներուն օգնելու որ իրենց կեանքը բարելաւեն, գոհունակ եւ ուրախ կը զգանքa։ Նկատի առ թէ ինչպէ՛ս կրնաս այդ նպատակակէտը իրագործել։
13 Եղիայի օրերուն, ճշմարիտ եւ սուտ պաշտամունքի առնչութեամբ բազմաթիւ իսրայէլացիներ երկու մտքի վրայ էին։ Ատոնց տուած Եղիայի խրատը կրնայ օգնել Աստուածաշունչի երկմիտ աշակերտին, որ հոգեւորապէս յառաջդիմելէ ետ կը կենայ (կարդա՛ Գ. Թագաւորաց 18։21)։ Նկատի առ ուրիշ պարագայ մը. եթէ հետաքրքրուած անհատը կը վախնայ բարեկամներու կամ ընտանիքի անդամներու հակազդեցութենէն, կրնաս Եհովան պաշտելու անոր վճռականութիւնը ամրացնել՝ քննարկելով Եսայի 51։12, 13–ը (կարդա՛)։
14. Ի՞նչ բան քեզի պիտի օգնէ յիշելու հարկ եղած աստուածաշնչական հատուածներ, մինչ ուրիշներուն կ’օգնես։
14 Յստակ է որ Աստուածաշունչը կը բովանդակէ բազմաթիւ խօսքեր, որոնք կրնան քաջալերել, սրբագրել կամ զօրացնել ընթերցողները։ Բայց թերեւս հարց տաս. ‘Հարկ եղած ատեն ինչպէ՞ս գիտնամ ո՛ր համարները գործածել’։ Ամէն օր Աստուածաշունչը կարդա՛ եւ Աստուծոյ խորհուրդներուն վրայ խոկա՛։ Այսպիսով, Աստուածաշունչին աւելի՛ քաջածանօթ պիտի ըլլաս եւ Եհովան կրնայ սուրբ հոգին գործածել քեզի օգնելու որ յիշես համարները (Մար. 13։11. կարդա՛ Յովհաննէս 14։26)։
15. Ի՞նչ բան քեզի պիտի օգնէ Աստուծոյ Խօսքը ա՛լ աւելի հասկնալու։
15 Սողոմոն թագաւորին նման, աղօթքով Եհովայէն իմաստութիւն խնդրէ, որպէսզի աստուածպետական պատասխանատուութիւններդ լիուլի կատարես (Բ. Մն. 1։7-10)։ Իսկ վաղեմի մարգարէներուն նման, ‘փնտռէ ու քննէ’ Աստուծոյ Խօսքը, որպէսզի ճշգրիտ գիտութիւն ստանաս Եհովայի ու անոր կամքին մասին (Ա. Պետ. 1։10-12)։ Պօղոս առաքեալ քաջալերեց Տիմոթէոսը որ սնանի «հաւատքին խօսքերովը եւ. . . բարի վարդապետութիւնովը» (Ա. Տիմ. 4։6)։ Այսպէս ընելով, ի վիճակի պիտի ըլլաս ուրիշներուն հոգեւորապէս օգնելու, եւ միեւնոյն ատեն քու անձնական հաւատքդ պիտի զօրացնես։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԿԱՐԴԱԼՈՎ ԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԻՆՔ
16. ա) ‘Ամէն օր գրքերը քննելով’ բերիացիները ինչպէ՞ս օգտուեցան։ բ) Ներկայիս, Աստուածաշունչի առօրեայ ընթերցանութիւնը ինչո՞ւ մեզի շատ կարեւոր է։
16 Մակեդոնիոյ Բերիա քաղաքի հրեաները, ‘ամէն օր գրքերը քննելու’ սովորութիւնը ունէին։ Երբ Պօղոս այդ հրեաներուն բարի լուրը քարոզեց, անոնք իր խօսքերը համեմատեցին իրենց գիտելիքներուն հետ։ Առ ի արդիւնք, շատեր համոզուեցան թէ ան ճշմարտութիւնը կը սորվեցնէր եւ ‘հաւատացեալներ’ դարձան (Գործք 17։10-12)։ Ասիկա ցոյց կու տայ, թէ Աստուածաշունչի առօրեայ ընթերցանութիւն ունենալով՝ Եհովայի հանդէպ զօրաւոր հաւատք կը կերտենք։ Այսպիսի հաւատք՝ «յուսացուած բաներուն հաստատութիւնը»՝ կենսական է, եթէ կ’ուզենք Աստուծոյ նոր աշխարհը մտնել (Եբ. 11։1)։
17, 18. ա) Զօրաւոր հաւատքն ու սէրը ինչպէ՞ս կը պաշտպանէ քրիստոնեային այլաբանական սիրտը։ բ) Յոյսը ինչպէ՞ս մեզ վտանգէ կը պաշտպանէ։
17 Վաւերական պատճառի մը համար, Պօղոս գրեց. «Մենք, որովհետեւ ցորեկուանն ենք, զգաստ ըլլանք եւ հաւատքի ու սիրոյ զրահը մեր վրայ հագնինք ու փրկութեան յոյսին սաղաւարտը գլուխնիս դնենք» (Ա. Թես. 5։8)։ Զինուորը զրահը իր կուրծքին վրայ դնելով՝ իր սիրտը կը պաշտպանէր։ Մեր այլաբանական սիրտն ալ պաշտպանութեան կը կարօտի։ Քրիստոնեան զայն կը պաշտպանէ՝ Աստուծոյ խոստումներուն հանդէպ զօրաւոր հաւատք կերտելով եւ Անոր ու ուրիշներու հանդէպ զօրաւոր սէր ունենալով։ Ան իր ամէն կարելին պիտի ընէ որ Աստուծոյ հաճութեան մէջ մնայ։
18 Պօղոս նաեւ նշեց սաղաւարտը՝ «փրկութեան յոյս»ը։ Հին ժամանակ՝ պատերազմի ընթացքին, զինուորը կրնար դիւրաւ իր կեանքը կորսնցնել, եթէ իր գլուխը սաղաւարտով պաշտպանուած չըլլար։ Եհովայի փրկարար արարքներուն վրայ մեր յոյսը կը կերտենք՝ իր Խօսքը սերտելով։ Զօրաւոր յոյսը մեզ կարող կը դարձնէ որ դէմ դնենք հաւատուրացներուն եւ անոնց քաղցկեղի պէս ճարակող «փուճ խօսքեր»ուն (Բ. Տիմ. 2։16-19)։ Մեր յոյսը նաեւ մեզ պիտի զօրացնէ որ Եհովայի դատապարտած բոլոր արարքները մերժենք։
ՎԵՐԱՊՐԵԼՈՒ ԲԱՆԱԼԻ ՄԸ
19, 20. Աստուծոյ Խօսքը ինչո՞ւ մեծապէս կ’արժեւորենք, եւ ինչպէ՞ս ատոր հանդէպ մեր գնահատութիւնը ցոյց կու տանք (տե՛ս «Եհովան ինծի հարկ եղածը կու տայ» շրջանակը)։
19 Մինչ կը մօտենանք այս աշխարհի վախճանին, հարկ է որ որեւէ ժամանակէ աւելի Եհովայի Խօսքին վստահինք։ Ատոր խրատները մեզի կ’օգնեն վատ սովորութիւններ սրբագրելու եւ մեր մեղաւոր հակումները սանձելու։ Ատոր քաջալերութեամբ եւ մխիթարութեամբ, Սատանայի եւ ամբարիշտ աշխարհի փորձութիւններուն յաջողապէս դէմ պիտի դնենք։ Եհովայի Խօսքին հայթայթած առաջնորդութեան շնորհիւ, կեանքի ճամբուն մէջ պիտի մնանք։
20 Յիշէ թէ Աստուծոյ կամքն է որ «բոլոր մարդիկ փրկուին»։ Այդ «մարդիկ»ը կը պարփակեն իր ծառաները ե՛ւ անոնք, որոնց կ’օգնենք մեր քարոզչութեամբ եւ աշակերտելու գործունէութեամբ։ Բայց բոլոր փրկուիլ ուզողները պէտք է «ճշմարտութիւնը ճանչնան» (Ա. Տիմ. 2։4)։ Ուրեմն, վերջին օրերէն վերապրիլը կախեալ է Աստուածաշունչը կարդալէն եւ անոր ներշնչեալ ցուցմունքները կիրարկելէն։ Արդարեւ, Աստուածաշունչի մեր առօրեայ ընթերցանութիւնը ցոյց կու տայ, թէ որքա՜ն կ’արժեւորենք Եհովայի ճշմարտութեան թանկարժէք Խօսքը (Յովհ. 17։17)։
a Անշուշտ, աստուածաշնչական խրատը չենք գործածեր ուրիշները ճնշելու կամ դատապարտելու համար։ Աստուածաշունչի աշակերտին հետ պէտք է համբերատար եւ ազնիւ ըլլանք, ինչպէս Եհովան՝ մեզի հետ (Սաղ. 103։8)։