ԲԱԺՆԵՑԷՔ ՃՇԳՐԻՏ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՄԱՍԻՆ
1 Մեր դաշտի ծառայութեան մէջ Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին, պիտի ներկայացնենք Մեծագոյն Մարդը Որ Ապրած Է գիրքը։ Ի՞նչ պիտի ըսէք այժմէական Աստուածաշունչի խօսակցութիւն մը սկսելու համար, եւ առաջին հանդիպումին ատեն ի՞նչպէս ճամբան պիտի հարթէք այս ընտիր գրականութիւնը ներկայացնելու համար երբ վերայցելէք։
2 Անհատին Հետաքրքրութիւնը Զատորոշել. Կարգ մը հրատարակիչներ նախ կը փորձեն անհատին հետաքրքրութիւնը զատորոշել նոյնիսկ գրականութիւն մը ներկայացնելէ առաջ։ Ի՞նչ օգնութիւն կրնանք ստանալ ասիկա կատարելու համար։ Մեր նոր Ներկայ Աշխարհը Պիտի Վերապրի՞ թերթիկէն կարգ մը կէտեր գործածելով։
Յարմար բարեւ մը տալէ ետք, կրնաք ըսել.
◼ «Մենք մարդոց կը հարցնենք եթէ կը համաձայնին թէ Յիսուս Քրիստոս մեծագոյն մարդն է որ ապրած է։ [Առիթ տուէք որ պատասխանէ։] Անշուշտ, շատ մարդիկ ազդած են մարդկային գործերուն ընթացքին, եւ ոմանք նպաստած են մարդկային ցեղին յառաջդիմութեան, բայց նկատեցէք ի՛նչ բան կը զատէ Յիսուս Քրիստոս բոլոր ուրիշներէն։ [Կարդացէք Յովհաննու 17։3։] Ուրիշ մէկը չկայ որ կրնայ մարդկութեան երաշխաւորել յաւիտենական կեանքը։ [Կարդացէք Ղուկաս 21։9–11, 28։) Երբ Յիսուս հոս երկրի վրայ էր, ան դէպքեր նկարագրեց որոնք տեղի պիտի ունենային աշխարհի վախճանէն քիչ առաջ։ Բայց ան նաեւ իր աշակերտները քաջալերեց որ ուրախանան քանի որ այս դէպքերը պիտի նշանակէին թէ փրկութիւնը կը մօտենար»։ Քրիստոսի ներկայութեան նշանին կարգ մը երեսակները հակիրճօրէն բացատրելէ ետք, ուշադրութեան յանձնեցէք Յայտնութիւն 21։3, 4–ը որ իր Թագաւորութեան իշխանութեան կարգ մը օրհնութիւնները ցոյց կու տայ։
3 Խօսակցութեան ընթացքին, երբ կը կարդաք Ղուկաս 21։9–11, կրնաք յիշել կարգ մը կէտեր Ներկայ Աշխարհը Պիտի Վերապրի՞ նոր թերթիկէն, էջ 3–5։ Յայտնաբերուած հետաքրքրութեան համաձայն, կրնաք յաւելեալ տեղեկութիւններ ցցուն ընել։ Երբ անկեղծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերուի, կրնաք հակիրճօրէն բացատրել մեր գործին բնոյթը եւ կարգադրութիւն ընել վերայցելութեան մը համար։
4 Հիմ Դրէք Ապագայ Այցելութեան մը Համար. Անշուշտ, մեր խօսակցութեան վերջաւորութեան, կրնանք ըսել. «Յաջորդ անգամ, կը փափաքիմ բաժնել ձեր հետ հետաքրքրական իրողութիւն մը Յիսուսի ծննդավայրին նկատմամբ»։ Վստահ եղէք այցելութիւնը եւ ցուցաբերուած հետաքրքրութիւնը ուշադրութեամբ նօթագրելու։
5 Թագաւորութիւնը կը ներկայացնէ միակ հարազատ յոյսը մարդկութեան համար։ Թող որ ցոյց տանք մեր անկեղծ փափաքը բոլորին հետ բաժնելու թէ մենք հասած ենք «Հօր Աստուծոյ եւ Քրիստոսին խորհուրդին գիտութեանը»։—Կող. 2։2