Ողջունենք Եհովայի Անդրանիկը
1 Կիրակի՝ Նիսան 9, Հ.Դ. 33–ին, մեծ բազմութիւն մը արմաւենիի ոստեր առած ողջունեց Եհովայի անդրանիկ Որդին՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսը՝ որպէս «թագաւորը, որ Տէրոջը անունովը կու գայ»։ (Ղուկ. 19։38. Եբր. 1։6) Երկուշաբթի եւ Երեքշաբթի օրերուն, Նիսան 10 եւ 11–ին, Յիսուս մեծապէս զբաղեցաւ իր հանրային ծառայութեամբ, զանոնք դարձնելով իր երկրային կեանքի ամենէն զբաղած օրերուն մէկ մասը։
2 Այսօր, աւելի մեծ բազմութիւն մը այլաբանական արմաւենիի ոստեր բռնած մեծաձայն կ’աղաղակէ. «Փրկութիւնը մեր Աստուծոյնն է, որ աթոռին վրայ կը նստի ու Գառնուկին»։ (Յայտ. 7։9, 10) Մարտ 26–ին, պիտի հաւաքուինք Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնը տօնակատարելու։ Մինչ այդ ժամանակը կը մօտենայ, կրնա՞նք մեր ջանքերը աւելցնել ծառայութեան մէջ եւ այսպիսով այս փառաբանութեան համերկրային աղաղակը զօրացնել։
3 Դաշտի Գործունէութիւնը Աւելցնենք. Շատ մը հրատարակիչներ արդէն արձանագրուած են որպէս օժանդակ ռահվիրաներ Մարտ ամսուան ընթացքին։ Կը փափաքի՞ք անոնց միանալ։ Եթէ այո, ձեր դիմումնագիրը յանձնեցէք առանց ուշացումի։ Երէցներէն մէկը ուրախ պիտի ըլլայ որ գործին նկատմամբ ձեր ունեցած որեւէ հարցումի պատասխանէ։
4 Կարենաք ծառայել որպէս օժանդակ ռահվիրաներ կամ ոչ, պիտի ուզէք լման բաժին մը բերել ծառայութեան մէջ Մարտ ամսուան ընթացքին։ Ժողովքը թերեւս կարենայ խումբի վկայութեան համար կարգադրութիւն ընել ամէն օր ամսուան ընթացքին։ Այդ նպատակին համար բաւարար թաղամաս մը պէտք է ապահովել։
5 Բոլոր ժողովքներն ալ պէտք է կարգադրեն մասնաւոր ժողով մը դաշտի ծառայութեան համար Շաբաթ՝ Մարտ 26–ին։ Թէեւ ընելիք շատ բան կայ առ ի պատրաստութիւն Յիշատակատօնին համար, կը յանձնարարուի որ ամէն անհատ իր կարողութեան համաձայն Շաբաթ առաւօտուն դաշտի ծառայութեան միջամուխ ըլլայ։ Տունէ տուն աշխատելէ զատ, վստահ եղէք որ անոնք զորոնք հրաւիրած էք Յիշատակատօնին ներկայ գտնուելու, փոխադրութեան միջոցներ ունին եւ ժողովին ժամանակն ու վայրը յստակօրէն գիտեն։
6 Ուրիշները Հրաւիրենք ու Քաջալերենք. Յիսուս իր հետեւորդներներուն պատուիրեց. «Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար»։ (Ա. Կորն. 11։24) Մինչ Յիսուսի օծեալ հետեւորդները այդ պատուէրին կը հնազանդին, Եհովայի ամէն ծառայ հրաւիրուած է Յիշատակատօնին ներկայ գտնուելու։ Ձեր հրաւիրած անհատներէն պէտք է ըլլան Աստուածաշունչի աշակերտները, ազգականները, անոնք որոնց հետ Աստուածաշունչի խօսակցութիւններ ըրած էք, անհաւատ կողակիցները եւ անհատներ որոնց ծանօթացած էք ձեր աշխարհային գործին պատճառաւ։ Ցանկ մը պատրաստեցէք որպէսզի մէկը չանտեսէք։
7 Հետաքրքրուող անհատները քաջալերելու համար յաւելեալ պատեհութիւններ պիտի ըլլան Յիշատակատօնին։ Վստահ եղէք կանուխ հասնելու որպէսզի կարենաք նորեկներուն բարեւ տալ, որոնք առաջին անգամ ըլլալով ներկայ կը գտնուին։ Եթէ ձեր Աստուածաշունչի աշակերտներէն մի քանի հոգի ներկայ են, թերեւս գործնական կ’ըլլայ որ ուրիշ հրատարակիչ մը անոնցմէ ոմանց հետ նստի ժողովին ընթացքին։ Հրաւիրեցէք նորեկները որ ներկայ գտնուին ժողովքի կանոնաւոր Հանրային Դասախօսութեան։ Այն երէցը որ ընտրուած է հանրային դասախօսութիւնը ներկայացնելու, պէտք է լաւ նախապատրաստուի որպէսզի մղիչ ճառախօսութիւն մը տայ։
8 Յիշատակատօնին տօնակատարութեան վերջաւորութեան, մինչ միասնաբար կը մասնակցինք թիւ 105 երգեցողութեան՝ «Ողջունենք Եհովայի Անդրանիկը»՝ թող գոհունակ ըլլանք որ նախանձախնդիր աստուածպետական գործունէութեան ամիս մը անցուցինք, Եհովայի փառաբանութեան համար։