Պէ՞տք Է Յարատեւ Փոխեմ
Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկին իւրաքանչիւր թիւ կը հայթայթէ սուրբ գրային զանազան ներկայացումներ զորս կրնանք գործածել վկայելու ատեն։ Շատ մը հրատարակիչներ որոնք մեծապէս գործունեայ են, կը փափաքին նոր գաղափարներ ստանալ ու տարբեր մօտեցումներ գործածել։ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկը անոնց դիւրութիւն կու տայ հայթայթելով մի քանի առաջարկներ իւրաքանչիւր ամիս։
Սակայն, կրնայ ըլլալ որ պէտք չէք զգար յարատեւ փոխելու ինչ որ կը գործածէք։ Թերեւս ամէն ամիս միայն մատչելի մի քանի ժամ ունիք տունէ–տուն ծառայութեան մասնակցելու։ Ժամանակին ընթացքին, թերեւս զարգացուցած էք որոշ ներկայացումներ որոնց հետ հանգիստ կը զգաք եւ զանոնք գործածելով լաւ արդիւնքներ ձեռք կը ձգէք։ Թերեւս կը դիմէք յաճախ–գործածուած համարներուն, մէջը ըլլալով Սաղմոս 37։9-11, Բ. Պետրոս 3։13, Յայտնութիւն 21։4, եւ ուրիշներ։ Եթէ պարագան այդպէս է, հարկ չկայ որ պարտաւոր զգաք յաճախ փոխելու ուրիշ բանի մը։ Մեր գլխաւոր նպատակակէտն է Թագաւորութեան պատգամը բաժնել ուրիշներու հետ եւ անոնց օգնել որ սորվին ինչ պէտք է ընեն որպէսզի Եհովայի օրհնութեան արժանանան։ Եթէ Պատճառաբանել գրքին մէջ կը գտնէք այժմէական ու հրապուրիչ ներկայացումներ զորս կը նախընտրէք գործածել եւ անոնց հետ լաւ ընդառաջում ձեռք կը ձգէք, մի վարանիք զանոնք գործածելու։