Հարցումի Տուփ
◼ Ի՞նչ առարկաներ մեր հետ ժողովներուն պէտք է բերենք։
Իւրաքանչիւր շաբաթ օգտակար հրահանգ եւ քաջալերութիւն կը ստանանք ժողովքային հանդիպումներուն։ (Եսայ. 48։17. Եբր. 10։24, 25) Սակայն, մեր օգտուիլը մեծապէս կախեալ է մեր լաւ պատրաստուած ըլլալէն։
Լաւ է որ ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ ունենայ իր անձնական ուսումնասիրուելիք գրականութիւնը եւ ինչ որ պէտք է ժողովներուն համար։ Ասիկա կը պարփակէ Աստուածաշունչ մը, երգեցողութեան գիրք մը, ուսումնասիրուելիք գրականութիւն(ներ)ը, նոթատետր մը եւ գրիչ մը կամ մատիտ մը։
Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին համար, Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Յայտագիրը եւ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Ուղեգիրքը պէտք են։ Անոնք կ’օգնեն մեզի որ մեր մտքին մէջ պահենք աշակերտներուն տուած դասախօսութիւններուն բնաբանները եւ դպրոցի տեսուչին հետեւինք երբ խրատ կու տայ։ Կրնանք անձնապէս կիրարկել տրուած խրատն ու թելադրութիւնները որպէսզի բարելաւենք մեր դասախօսութիւնները եւ դաշտի ծառայութեան ներկայացումները։
Ծառայութեան Ժողովին համար, պէտք է ունենանք ընթացիկ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկը եւ Պատճառաբանել գիրքը։ Մեր հետ բերենք որեւէ գրականութիւն որու պիտի ակնարկուի ժողովին ընթացքին, ինչպէս՝ ցուցադրուելիք ներկայացումներու մէջ գործածուած գրականութիւնները։ Երէցները պէտք է ունենան Մեր Ծառայութիւնը Կատարելու Համար Կազմակերպուած գիրքը։
Ծնողներ պէտք է ճիգ թափեն որ իրենց զաւակները հանդարտօրէն նստած մնան եւ ուշադրութիւն ընծայեն ժողովքային հանդիպումներուն ընթացքին։ Դիտարանի եւ ուրիշ գրականութիւններու անձնական օրինակներ անոնց հայթայթելը, նոյնիսկ կարդալու կարող ըլլալէ առաջ, կը քաջալերէ զիրենք որ հետաքրքրուին։ Երբ երախաներուն կը սորվեցնենք որ աստուածպետական գրականութիւնները յարգեն եւ գործածեն, կենսատեւ, առողջ հոգեւոր սովորութիւններ կը հաստատուին։
Ժողովքային հանդիպումներէն մեր քաղած ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը մեծապէս կ’աւելնան երբ լիովին պատրաստուած կու գանք։ (Բ. Տիմ. 3։17) Ասիկա լաւագոյն կերպն է որպէսզի «կատարեալ [ըլլանք Աստուծոյ] կամքին գիտութիւնովը, [լեցուինք] իմաստութիւնով ու հոգեւոր հանճարով»։—Կող. 1։9