Ձեր Ուսուցումին Յարատեւ Ուշադրութիւն Ընծայեցէք
1 Շուտով պիտի սկսինք մեր 1995–ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի յայտագիրը։ Հրահանգիչ ուղերձին համար, պիտի շարունակենք նկատի առնել Միացած՝ Միակ Ճշմարիտ Աստուծոյ Պաշտամունքին մէջ գիրքը։ 1994–ի յայտագրին նման, հրահանգիչ ուղերձներուն մեծամասնութիւնը հիմնուած պիտի ըլլայ այս Պաշտամունք գրքին վրայ։ Դասախօսին նպատակը պէտք է ըլլայ ո՛չ միայն նիւթը ծածկել, այլ՝ ուշադրութիւնը կեդրոնացնել բացատրուած տեղեկութիւններուն գործնական արժէքին վրայ, ցցուն ընելով ինչ որ ժողովքին մեծապէս օգտակար պիտի ըլլայ։ Միւս կողմէն, անհատապէս ի՞նչ կրնանք ընել որպէսզի մեր ուսուցումին ուշադրութիւն ընծայենք եւ աւելի օգուտներ քաղենք։—Ա. Տիմ. 4։16
2 Թէեւ շատեր արդէն սերտած են Պաշտամունք գիրքը, տեղեկութիւնները նկատի առնելը դպրոցին յայտագրին մէջ բոլորին պիտի օգնէ որ աւելի գնահատեն միութեամբ Եհովայի ծառայելու իրենց առանձնաշնորհումը։ (Սաղմ. 71։17, 18) Ինչո՞ւ ժամանակ չյատկացնէք իւրաքանչիւր շաբաթ վերաքաղ ընելու նշանակուած նիւթերը Պաշտամունք գրքին մէջ։
3 Կենսունակ ու Հետաքրքրական Հրահանգիչ Ուղերձներ. Այն հրահանգիչ ուղերձները որոնք Պաշտամունք գիրքէն են, պէտք է ներկայացուին կենսունակ ու հետաքրքրական կերպով մը։ Անոնք նաեւ պէտք է ցցուն ընեն տեղեկութիւններուն գործնական արժէքը, զանոնք գործածելով Եհովայի սկզբունքներուն հանդէպ խոր յարգանք մշակելու եւ որպէս Աստուծոյ ծառաներ մեր առանձնաշնորհումներուն հանդէպ աւելի մեծ գնահատանք զարգացնելու համար։ Եթէ սովորութիւն դարձնէք որ ձեր հետ ժողովին բերէք Պաշտամունք գիրքը, կրնաք հրահանգիչ ուղերձին աւելի սերտօրէն հետեւիլ ու գրքին մէջ ներկայացուած տեղեկութիւններէն օգտուիլ։
4 Միտք Գրգռող Աստուածաշունչի Ընթերցումներ. Լաւ ընթերցելը, պատշաճ իմաստի շեշտով ու զգացումով, ազդեցիկ ուսուցումին կարեւոր մէկ մասն է։ Ասկէ զատ, Թիւ 2 Դասախօսութեան նշանակուած նիւթը ընդարձակ չէ, եւ սովորաբար բաւարար ժամանակ մատչելի պիտի ըլլայ որ դասախօսը բացման ու փակման մեկնաբանութիւններ ներկայացնէ։ Բացումը պէտք է հետաքրքրութիւն արթնցնէ նշանակուած նիւթին հանդէպ եւ ունկնդիրներուն օգնէ որ անոր գործնական արժէքը զատորոշեն։ Եզրափակումը կրնայ պարփակել բացատրողական մեկնաբանութիւններ եւ նիւթին կիրարկումը, դասախօսը արտօնուած ժամանակը լման օգտագործելով։
5 Յաւելեալ տեղեկութիւններ դպրոցի յայտագրին մասին եւ թէ ինչպէ՛ս նշանակումները ձեռք պիտի առնուին, կարելի է գտնել «1995–ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Յայտագիր»ին մէջ։ Մեր ուսուցումին ուշադրութիւն կ’ընծայենք այս հրահանգները վերաքաղ ընելով, մեր նշանակումները լաւ պատրաստելով, եւ մեզի տրուած խրատը կիրարկելով, որպէսզի բարելաւենք խօսելու եւ ուսուցանելու արուեստը։ Անոնք որոնք դեռ չեն արձանագրուած դպրոցին մէջ, ջերմօրէն իրենց հրաւէր կը տրուի որ արձանագրուին։