1996–Ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցէն Օգտուինք—Մաս Բ.
1 1943–ին Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին բացումէն քիչ ետք, Ընկերութեան մասնաճիւղերէն մէկը հետեւեալը տեղեկագրեց. «Այս ընտիր կարգադրութիւնը կարճ ժամանակի մէջ յաջողեցաւ բազմաթիւ եղբայրներու օգնել, որոնք կը խորհէին որ բնաւ հանրային դասախօսներ պիտի չըլլային, որ ամպիոնին վրայ շատ ատակ ու ծառայութեան մէջ աւելի ազդեցիկ դառնան»։ Դպրոցը կը շարունակէ հոյակապ մարզում հայթայթել, որու բոլորս ալ պէտք ունինք։
2 Աստուածաշունչի Ընթերցանութիւնը. Դասախօսութիւն ունեցողները միակ անհատները չեն որոնք դպրոցէն կ’օգտուին։ Իրականութեան մէջ, բոլորս ալ նշանակում մը ունինք—Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցանութիւնը։ Դպրոցի յայտագիրը ցոյց կու տայ կարդացուելիք գլուխները ամէն շաբաթ։ Սուրբ գրային շատ մը վերյիշեցումներ կան, որոնք Աստուածաշունչը ամէն օր կարդալու կարեւորութիւնը կը շեշտեն։ (Յես. 1։8. Սաղմ. 1։2. Գործք 17։11) Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը հոգեւոր լաւ առողջութեան համար կենսական է. անիկա միտքը ու սիրտը կը սնուցանէ։ Եթէ ամէն օր առնուազն հինգ վայրկեան Աստուածաշունչը կարդանք, պիտի կարենանք յայտագրին հետ քայլ պահել։ Տարուան վերջաւորութեան, Աստուծոյ Խօսքէն աւելի քան 150 գլուխ կարդացած պիտի ըլլանք։ Աստուածաշունչ մը ձեռքի տակ պահելով, կրնանք ամէն օր անկէ մաս մը կարդալ։
3 Հրահանգիչ Ուղերձ. Եղբայրները հաւատարիմ ու նախանձախնդիր ծառայութեան մղելու համար, հրահանգիչ ուղերձ տուող դասախօսը սորվեցնելու ընտիր մեթոտներ պէտք է գործածէ, նիւթը հասկցնէ ու Եհովայի, իր Խօսքին եւ իր կազմակերպութեան հանդէպ գնահատանք կերտէ։ Երէցները ու օգնական ծառաները ասիկա կրնան իրագործել լաւ պատրաստուելով, իրենց դասախօսութիւնը բնաբանին շուրջ զարգացնելով, համոզումով խօսելով ու նիւթը կենդանի դարձնելով։ (Եբր. 4։12) Կարեւոր է որ դասախօսը իրեն յատկացուած ժամանակէն աւելի չառնէ։ Հրատարակողներ գիրքը Եհովայի տեսանելի կազմակերպութեան արդի պատմութիւնը կը բովանդակէ ու կը թուէ իրական մարդոց կեանքէն առնուած դէպքեր. մարդիկ որոնք հաւատք, նախանձախնդրութիւն, նուիրում ու սէր ցուցաբերեցին։ Սորվելիք շատ բան կայ մեր աստուածպետական ժառանգութեան մասին ու այն կերպին մասին որով Եհովա արդի ժամանակներուն իր ժողովուրդը օրհնած է։
4 Աչքառու Կէտեր Աստուածաշունչի Ընթերցումէն. Այս նշանակումը ներկայացնող եղբայրները մասնայատուկ համարներ պէտք է ընտրեն, զորս կրնան գործնական կերպով կիրարկել ժողովքին օգտին համար։ Ասիկա կը պահանջէ նշանակուած գլուխները կարդալ, անոնց վրայ խոկալ ու ընտրուած համարներու մասին հետազօտութիւն ընել, անոնց իմաստը յստակացնող կէտեր գտնելու համար։ Դիտարանի Գրականութիւններուն Նիւթերու Ցանկին վերջաւորութեան «Համարներու Ցանկ» կայ, որ կ’օգնէ մասնայատուկ համարներու մասին տեղեկութիւններ գտնելու։ Այս բաժինը ներկայացնող եղբայրները լաւ դատողութիւն պէտք է գործածեն ու անտեղի նիւթեր պարփակելէ խուսափին։ Անոնք պէտք է պատրաստեն միայն ինչ որ կրնան վեց վայրկեանի մէջ նկատի առնել։
5 Բոլորս կրնանք Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցէն օգուտ քաղել։ Անիկա կրնայ մեզի օգնել որ մեր դասախօսելու ու սորվեցնելու կարողութիւնը բարելաւենք։ Այս կարգադրութիւնը լման կերպով օգտագործելը վստահաբար պիտի օգնէ մեզի որ մեր ‘յառաջդիմութիւնը ամենուն յայտնի ըլլայ’։—Ա. Տիմ. 4։15