ՁԵՐ ԱՆՁԵՐԸ ԱՍՏՈՒԱԾՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐԺԵՑՈՒՑԷՔ
1 Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցը յառաջդիմական կերպով մեզ կը վարժեցնէ «ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրել»ու։ (Բ. Տիմ. 2։15) Արդեօք անոր մէջ արձանագրուա՞ծ էք։ Եթէ չէք արձանագրուած եւ որակելի էք, ինչո՞ւ չօգտուիք այս ընտիր հայթայթումէն հիմա արձանագրուելով։
2 Դպրոցին կարեւոր մէկ բաժինն է Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցումի յայտագիրը։ Ձեր անձնական ուսումնասիրութեան յայտագիրը պէտք է պարփակէ Աստուածաշունչի նշանակուած գլուխները կարդալ այնպէս որ ժամանակի ընթացքին կարդացած պիտի ըլլաք ամբողջ Աստուածաշունչը։
3 1993–ի դպրոցի յայտագրէն սկսեալ, Աստուածաշունչի ընթերցումը, որ կը կատարուի Թիւ 2 Դասախօսութեան միջոցաւ, իր ամբողջութեամբ պիտի կարդացուի առանց ընդհատումի։ Ասիկա կը նշանակէ թէ այս բաժինը տուող աշակերտը պիտի պարփակէ բացատրողական տեղեկութիւններ միայն իր բացումին ու եզրակացութեան մէջ։ Այն եղբայրը որու նշանակուած է Աստուածաշունչի ընթերցումին գլխաւոր կէտերը նկատի առնել պէտք չէ կեդրոնանայ Թիւ 2 Դասախօսութեան նշանակուած համարներուն վրայ, որպէսզի աշակերտը կարենայ լման կերպով զարգացնել իր տեղեկութիւնները Աստուածաշունչի այդ համարներուն մասին։
4 Դպրոցի տեսուչը նշան պիտի դնէ անոնց Խրատի Թղթիկին վրայ որոնք Թիւ 2, 3, եւ 4 Դասախօսութիւնները կը ներկայացնեն։ Պայման չէ որ ան հետեւի խրատի թղթիկին մէջ յիշուած կէտերուն շարքաւորումին, բայց կրնայ մասնայատուկ խրատ տալ այն կէտերուն մասին ուր աշակերտը կարիքը ունի բարելաւուելու։ Թիւ 1 Դասախօսութիւն տուողին խրատի թղթիկին պէտք չկայ նշան դնել, թէեւ առանձին խրատ կարելի է տալ երբ հարկ կայ։
5 Բոլոր անոնք որոնք որակելի են պէտք է օգտագործեն Եհովայի կողմէ եղած հոգեւոր հայթայթումը, մէջը ըլլալով Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ մատուցուած վարժութիւնը։ Այսպիսի վարժութիւն մը կրնայ առաջնորդել աւելի արդիւնաբեր ծառայութեան մը։—Ա. Տիմ. 4։7