ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑԷՔ ԽՕՍԻԼ ՁԵՐ ՏԵՍԱԾ ՈՒ ԼՍԱԾ ԲԱՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ
1 Նոյնիսկ երբ ծեծեր եւ բանտարկութիւն դիմագրաւեցին, առաքեալները իրենց հակառակորդներուն ըսին. «Մենք զայն որ տեսանք ու լսեցինք՝ չենք կրնար չխօսիլ»։ (Գործք 4։20) Անոնք Յիսուսի գործերուն եւ ուսուցումներուն արժէքը գնահատեցին։
2 Յիսուսի եւ իր Թագաւորութեան մասին եղած բարի լուրը նմանապէս ներկայիս կարեւոր է մարդոց համար։ Հետեւաբար, պէտք է ամէն պատեհութիւն օգտագործենք խօսելու համար Աստուծոյ Խօսքէն մեր տեսած ու լսած բաներուն մասին։ Տօներու ընթացքին մարդիկ սովորաբար աւելի լաւ տրամադրութիւն կ’ունենան կրօնական հարցերու մասին խօսակցելու, եւ ասիկա աւելի պատեհութիւններ կու տայ վկայելու։
3 Ո՛վ Պատանիներ, Դպրոցին Մէջ Խօսեցէք. Շատ մը պատանի Վկաներ առիթներ կ’օգտագործեն դասընկերներուն եւ ուսուցիչներուն վկայելու։ Պատանի Վկայ մը, որ միշտ կը ջանայ նկատի առնել դասընկերներուն խօսակցութեան ընթացիկ նիւթերը, դպրոցին մէջ պատահած դէպք մը օգտագործեց եւ յարմար գրականութիւն մը ուսուցիչներուն եւ դասընկերներուն ներկայացուց։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Ան մէկ օրուայ մէջ 35 գիրքեր տեղաւորեց։ Քանի որ շատեր տարուան այս ժամանակին մէջ ուշադրութիւն կ’ընծայեն Յիսուս Քրիստոսին եւ խաղաղութեան գաղափարներուն, յարմար ժամանակ մը չէ՞ դասընկերներուն եւ ուսուցիչներուն թոյլ տալու որ գիտնան թէ Յիսուս որպէս իշխող Թագաւոր կրնայ աշխարհի խնդիրները լուծել։—Բաղդատել Ղուկ. 2։14։
4 Ծնունդին հետ կապ ունեցող կրօնական սովորութիւններուն ձեր չմասնակցիլը եթէ խօսակցութեան նիւթ դառնայ, կրնաք ըսել.
◼ «Ես չեմ մասնակցիր Ծնունդի տօնակատարութիւններուն քանի որ Յիսուս չեն պատուեր որպէս մեր փրկութեան միակ միջոցը եւ միակ անձը որ վերջ մը պիտի դնէ պատերազմին ու ցեղային խնդիրներուն։ [Մէջբերեցէք կամ կարդացէք Գործք 4։12։] Յիսուս այլեւս մանուկ մը չէ, այլ՝ իշխող Թագաւոր մը։ Այս գիրքը, Մեծագոյն Մարդը Որ Ապրած Է, կը բացատրէ Յիսուսի բոլոր ուսուցումները եւ հրաշքները եւ ցոյց կու տայ թէ ի՛նչպէս ան վերջ մը պիտի դնէ մարդկութեան տառապանքին»։ Ապա ցոյց տուէք 133–րդ գլուխին պատկերը, եւ յաջորդ էջին երկրորդ պարբերութիւնը կարդացէք։ Ուրիշ կէտեր ալ ցոյց տուէք որոնք անհատին յարմար են։ Եթէ բաւարար հետաքըրքրութիւն յայտնաբերուի, բացատրեցէք թէ ինչպէս կրնայ օրինակ մը ստանալ։
5 Գործակիցներուն Հետ Խօսեցէք. Եղբայր մը տեղաւորեց 63 գիրքեր, պարզապէս Մեծագոյն Մարդը գիրքը դնելով իր գրասեղանին վրայ։ Անոր քաշող երեւոյթը եւ խորագիրը հարցումներ յառաջ բերեն։ Կրնաք գործակիցի մը հարցնել. «Ո՞վ կը խորհիք թէ մեծագոյն մարդն է որ ապրած է»։ Ապա աւելցուցէք. «Այս գիրքը մանրամասնօրէն կը խօսի Յիսուսի ամբողջ կեանքին մասին, կը բացատրէ անոր տուած բոլոր դասախօսութիւնները, կը պատասխանէ այն հարցումներուն զորս շատեր կը հարցնեն անոր կատարած հրաշքներուն մասին, եւ ուրիշ հետաքրքրական մանրամասնութիւններ կը հայթայթէ։ Անիկա լման վերաքաղ մըն է Աստուածաշունչին սորվեցուցածին Յիսուսի մասին եւ հաստատօրէն կը փաստէ թէ Յիսուս Քրիստոս մեծագոյն մարդն է որ ապրած է»։ Ապա ակնարկեցէք Նաբոլէոնի մեկնաբանութեան Յիսուսի մասին, ինչպէս որ մէջբերուած է գրքին յառաջաբանին երրորդ պարբերութեան մէջ։
6 Նոյնանման պատեհութիւններ կրնան հանդիսանալ դրացիներուն կամ անհաւատ ազգականներուն վկայելու։ Աղօթեցէք որ Եհովա ձեզի տայ համարձակութիւն եւ կարողութիւն՝ յարմար ժամանակին խօսելու։ (Գործք 4։29, 31) Ինչ որ ըսելիք ունինք Յիսուսի մասին պիտի ազդէ արդարամիտ անհատներու սրտերուն։ Աւելի լաւ ի՞նչ փորձառութիւն կրնանք ունենալ քան օգնել դասընկերի մը, գործակիցի մը, դրացիի մը, կամ ազգականի մը որ սկսի քալել յաւիտենական կեանքի ճամբուն մէջ։—Յովհ. 14։6