Եհովա Մեր Ստեղծիչն Է
1 Միլիոնաւոր մարդիկ կը հաւատան որ Աստուած կեանքը ստեղծեց։ Շատ ուրիշներ բարեշրջութեան կը հաւատան։ Իսկ ուրիշներ կան որոնք վստահ չեն թէ ի՛նչ բանի հաւատան։ Կեանքը Ինչպէ՞ս Գոյացաւ—Բարեշրջութեա՞մբ թէ Ստեղծագործութեամբ գիրքը բոլոր այսպիսի մարդոց համար է։ Այս գրականութիւնը կը ներկայացնէ լման կերպով հետազօտուած բացատրութիւն մը թէ կեանքը ինչպէ՛ս գոյացաւ եւ ասիկա ի՛նչ կը նշանակէ մեր ապագային համար։ Յունիս ամսուան ընթացքին, այս ընտիր գիրքը ուշագրաւ պիտի դարձնենք։
2 Նոյնիսկ գիտական շրջանակին մէջ երեւելի անհատներ ընդունած են գրքին տրամաբանութիւնը։ Նէտէրլանտայի մէջ գիտական հետազօտող մը գրեց. «Այս գիրքը իրապէս բոլոր ակնկալութիւնները կը գերազանցէ։ Նիւթերուն տրամաբանական զարգացումը եւ լուսաբանութիւնները գիտականօրէն այնքա՛ն այժմէական են որ պէտք է կոյր ըլլաք որպէսզի որեւէ առարկութիւն յարուցանէք»։ Դատախազ մը յայտարարեց. «Զայն չորս անգամ կարդացած եմ եւ դեռ զիս կը տպաւորեն հետազօտութեան խորութիւնը, ուսումնականութիւնը եւ փաստագրութիւնը, որոնք պարփակուած են զայն արտադրելուն մէջ»։ Ուստի կրնանք վստահ ըլլալ որ տակաւին ուրիշներ պիտի գնահատեն այս գիրքը։
3 Կրնաս ասոր նման հակիրճ ներկայացում մը ընել.
◼ Բաց 6–րդ էջը եւ ըսէ. «Շատ մարդիկ կը խորհին որ մեր գեղեցիկ երկիրը եւ անոր վրայ եղած կեանքը դիպուածի մը արդիւնքն են։ Ի՞նչը կը նկատես որպէս բանաւոր բացատրութիւն մը թէ այս բոլորը ինչպէ՛ս գոյութիւն ունեցան։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Լեռնակուտակ ապացոյցներ կը հաստատեն Աստուածաշունչի տեղեկագրութիւնը Ստեղծիչի մը նկատմամբ որ ոչ միայն շատ զօրեղ է, այլ նաեւ մեզ շատ կը սիրէ։ Ան ճշմարիտ Աստուածն է եւ իր անունը Եհովա է»։ Կարդա Սաղմոս 83։18–ը եւ հակիրճօրէն բացատրէ թէ ինչպէ՛ս իր նպատակն է ամբողջ երկիրը դրախտի մը վերածել։
4 Եթէ կ’ուզես շուտով կարեւոր կէտիդ հասնիլ, կրնաս ըսել.
◼ «Արդեօք այս հարցումին մասին որեւէ ժամանակ խորհա՞ծ ես»։ Ցոյց տուր գրքին խորագիրը, բաց 7–րդ էջը, կարդա 2–րդ պարբերութեան հարցումները եւ բացատրէ թէ գիրքը գոհացուցիչ պատասխաններ կը հայթայթէ Աստուածաշունչէն։
5 Կամ կրնաս ասիկա փորձել.
◼ «Երբեք հարց տուա՞ծ ես թէ երկիրը ինչպէ՛ս գոյութիւն ունեցաւ։ Շատեր կը պնդեն որ անիկա տիեզերական հսկայ պայթումի մը արդիւնքն է։ Դուն ի՞նչ կը խորհիս։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ որ Աստուած երկիրը ստեղծեց որպէս մեր յաւիտենական բնակարանը։ Անիկա մեր արեգակնային դրութեան միւս մոլորակներէն տարբեր է։ Ըստ մեր գիտցածին, անիկա միակն է տիեզերքին մէջ որ պէտք եղած բոլոր բարդ հայթայթումները ունի կեանքը շարունակուելու համար»։ Նկատի առ 5–րդ պարբերութիւնը էջ 130–ի մէջ, եւ բացատրէ թէ ինչո՛ւ երկիրը պէտք է Վարպետ Ծրագրողի մը գործը ըլլայ։
6 Ուրիշ մօտեցում մը կրնայ ասոր նման բան մը ըլլալ.
◼ «Կարգ մը անհատներ կը խորհին որ մենք մարդանման կապիկներէ բարեշրջուած ենք։ Անոնք կը դաւանին որ մեր նախահայրերը ասոր պէս էին։ [Ցոյց տուր էջ 89–ի պատկերը։] Ի՞նչ կը խորհիս ատոր նկատմամբ»։ Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ցոյց տուր ինչ որ ըսուած է 20–րդ պարբերութեան մէջ, ապա կարդա Գործք 4։24–ը, որ Եհովան կը բնորոշէ որպէս մեր Ստեղծիչը եւ Կեանք Պարգեւողը։ «Այս գիրքը Աստուածաշունչին ըսածը նկատի առնելով կը քննէ ամբողջ բարեշրջութեան տեսութիւնը»։ Ակնարկէ բովանդակութեան ցանկին որ 5–րդ էջին մէջ է, եւ ցոյց տուր կարգ մը խորագիրներ, ինչպէս՝ 1, 7, 15 եւ 19–րդ գլուխներու խորագիրները։
7 Այս գիրքը կրնայ օրհնութիւն մը ըլլալ այն անկեղծ մարդոց որոնք Եհովայի եւ իր Խօսքին հանդէպ հաւատք չունեցողներու կողմէ խաբուած են։ Ստեղծագործութիւն գրքին բովանդակած իրական տեղեկութիւնները կրնան օգնել այսպիսի անհատներու որ գնահատանք մշակեն մեր Ստեղծիչին հանդէպ, որ սիրալիր կերպով մեզի կը հոգայ։