Անհաւատներու Օգնենք
1 Արդի ժամանակներուն, իբրեւ զարգացած եւ մտածելու մէջ յառաջդիմական նկատուիլը ժողովրդական դարձած է։ Մարդկային փիլիսոփայութիւններ եւ երեւակայական տեսութիւններ կը բարձրացուին, մինչ հոգեւոր արժէքներ կ’անտեսուին։ Անկեղծ մարդիկ որոնք հետաքրքրուած են պարզ իրողութիւններով եւ հասկնալի ճշմարտութիւններով, սիրով պիտի ընդունին պատեհութիւնը քննելու Կեանքը Ինչպէ՞ս Գոյացաւ—Բարեշրջութեա՞մբ թէ Ստեղծագործութեամբ գիրքը։ Այս գիրքը կրնայ անհաւատներու օգնել։ (Հռովմ. 1։19, 20) Վստահ եղէք վերայցելելու բոլոր անոնց որոնք հետաքրքրութիւն կը յայտնաբերեն։
2 Կրնաս խօսակցութիւնդ այս կերպով սկսիլ.
◼ «Վստահ եմ որ տեղեակ ես թէ շատ մը ուսուցիչներ թիկունք կը կանգնին այն գաղափարին թէ մարդկային ընտանիքը բարեշրջութեամբ գոյութիւն ունեցաւ։ Անիկա կը սորվեցնէ թէ ամէն բան դիպուածով գոյութիւն կ’ունենայ։ Ասոր մասին ի՞նչ կը խորհիս։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս գաղափարին տակաւին կ’ակնարկուի որպէս տեսութիւն մը։ Տեսութիւնը ‘չփաստուած ենթադրութիւն մը’ն է։ Դարերու տեւողութեամբ մարդիկ կը հաւատային որ երկիրը տափակ էր. այժմ գիտենք որ ատիկա յիմար ենթադրութիւն մըն էր, իրողութեան վրայ հիմնուած չէր։ Նոյնը կրնա՞յ ճշմարիտ ըլլալ բարեշրջութեան տեսութեան նկատմամբ»։ Կարդա բացման խօսքերը 4–րդ էջին մէջ, ապա նկատի առ Եսայեայ 42։5–ը։
3 Կամ կրնաս այս մօտեցումը գործածել երբ կը վերադառնաս.
◼ «Սովորական բան մըն է հանդիպիլ Աստուծոյ չհաւատացող անհատներու։ Տարիներ առաջ, ասիկա հազուագիւտ էր։ Ըստ կարծիքիդ, ինչո՞ւ շատեր Աստուծոյ հանդէպ իրենց հաւատքը կորսնցուցած են։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Ոմանք իրենց անհաւատ ըլլալը կը վերագրեն մեր աշխարհին մէջ եղած բռնութեան եւ տառապանքին սոսկալի յաւելումին։ Անոնք կը պատճառաբանեն որ եթէ ամենակարող Աստուած մը կայ, ինչո՞ւ վերջ մը չի դներ այս բոլոր նեղութիւններուն։ Անոնք որոնք գոհացուցիչ պատասխան մը չեն գտներ այդ հարցումին, յաճախ անաստուած կը դառնան։ Բայց ջախջախիչ ապացոյց կայ փաստելու թէ Աստուած գոյութիւն ունի եւ թէ ան շուտով երկիրը ուրախութեան եւ խաղաղութեան վայր մը պիտի դարձնէ»։ Խօսակցութիւնը շարունակէ գործածելով սուրբ գրային միտքերը որոնք կը գտնուին 19–րդ պարբերութեան մէջ, էջ 196–ի վրայ։
4 Մինչ Աստուածաշունչը ձեռքդ է, կրնաս խօսակցութիւնը սկսիլ հետեւեալը ըսելով.
◼ «Դարձեալ կ’այցելենք ցոյց տալու համար թէ ինչո՛ւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը գործնական է մեր ժամանակներուն համար։ Մարդոց մեծամասնութիւնը Աստուածաշունչ ունին, բայց քիչեր ժամանակ կը տրամադրեն զայն կարդալու։ Ոմանք անկեղծօրէն մեզի կ’ըսեն թէ այլեւս շատ վստահութիւն չունին Աստուածաշունչին հանդէպ։ Ասոր մասին ի՞նչ կը խորհիս։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Բաներէն մէկը որ մեզ կը համոզէ թէ Աստուածաշունչը Աստուծոյ ներշնչուած Խօսքն է, անոր մարգարէութիւններուն կատարումն է»։ Նկատի առ էջ 234–ի մէջ 6–րդ պարբերութեան համարները։
5 Այս միտքը կրնայ նպաստաւոր ընդառաջում մը ձեռք ձգել.
◼ «Կրնանք գեղեցկութիւնը եւ իմաստութեան սքանչելի ապացոյցը տեսնել այս երկրի վրայ մեզ շրջապատող բաներուն մէջ։ Արեւնամուտի այս գրաւիչ պատկերը յարմար օրինակ մըն է»։ Ցոյց տուր այն պատկերը որ էջ 12 եւ 13–ի վրայ է։ «Կարգ մը Բաներ Որոնց Մասին Մտածենք» նիւթէն կարգ մը կէտեր յիշէ, եւ բացատրէ թէ ինչպէ՛ս այս գիրքը մեր աշխարհին վերաբերեալ կենսական հարցումներու գոհացուցիչ պատասխաններ կը հայթայթէ։
6 Կրնանք օրհնութիւն մը ըլլալ ուրիշներու, այս գիրքը գործածելով անոնց օգնելու որ հաստատուն հիմ մը գտնեն իրենց Ստեղծիչին հանդէպ հաւատք ունենալու։