Ապրիլի Ընթացքին Պարբերաթերթի Գործունէութեան Պատրաստուինք
Ինչպէս մեր 1996–ի Օրացոյցին վրայ կը նկատուի, այս տարի Տիրոջ Ընթրիքը Ապրիլ 2–ին պիտի տօնակատարուի։ Այս մեծ առիթէն քաջալերուելով, բոլորս ալ նախանձախնդրութեամբ մասնակցինք պարբերաթերթի բաշխումին Ապրիլ ամսուան ընթացքին։ Անգլերէն լեզուով հրատարակուած ի՜նչ այժմէական պարբերաթերթեր պիտի գործածենք։ Ապրիլ 1–ի Դիտարանը պիտի կեդրոնանայ անցեալ տարուան նահանգային համաժողովի հանրային դասախօսութեան վրայ, որու խորագիրն է՝ «Յաւիտենական Թագաւորը Փառաբանեցէ՛ք»։ Ապրիլ 15–ի Դիտարանը պիտի հետեւի անցեալ տարուան հանրային մասնաւոր դասախօսութեան բնաբանին. «Սուտ Կրօնքին Վախճանը Մօտ Է»։ Այս տարուան մասնաւոր դասախօսութիւնը՝ «Կամակոր Սերունդի մը մէջ Առանց Մեղադրանքի Մնանք» խորագրով՝ որ Ապրիլ 21–ին պիտի ներկայացուի, Թագաւորութեան գործունէութեան աւելի պիտի մղէ։ Ապրիլ 22–ի Զարթի՛րը ուշագրաւ պիտի դարձնենք, որու բնաբանն է՝ «Երբ Պատերազմներ Այլեւս Չըլլան»։
Անցեալ Ապրիլ ամսուան Թագաւորութեան Լուրերու արշաւին որպէս շարունակութիւն, այս Ապրիլը ուշագրաւ ամիս մը պէտք է ըլլայ պարբերաթերթի բաշխման համար։ Հիմա է ժամանակը ծրագիրներ ընելու։ Շատեր պիտի փափաքին ծառայել որպէս օժանդակ ռահվիրաներ։ Կարիքին համաձայն, Ապրիլի պարբերաթերթերէն յաւելեալ օրինակներ պէտք է ապսպրել։ Պարբերաթերթի Օրեր կարելի է ծրագրել, այնպէս որ կարելի եղածին չափ ամէն անհատ մասնակցի—առաւօտուն, կէսօրին եւ/կամ իրիկունը։ Թող բոլորս ալ ‘խօսքը կատարողներ’ ըլլանք։ Ինչպէս Սաղմոս 69։9–ի մէջ գուշակուած էր Մեսիային նկատմամբ, մենք ալ ըսենք. «Քու տանդ նախանձը [մաքուր նախանձախնդրութիւնը (ՆԱ)] զիս կերաւ»։—Յակ. 1։22. Յովհ. 2։17