Հարցումի Տուփ
◼ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գիրքը ունենալով, տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը մինչեւ ե՞րբ պէտք է վարուի։
Սեպտեմբեր 1993 թուակիր Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկը յանձնարարեց նոր հետաքրքրուած անհատներու հետ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը շարունակել մինչեւ որ երկու գիրքեր ուսումնասիրուին։ Քանի որ Գիտութիւն գիրքը ունինք, յարմար կը թուի բարեճշդում մը ընել այս կարգադրութեան մէջ, ինչպէս ուրուագծուած է 1 Ապրիլ 1996 թուակիր Դիտարանին մէջ, էջ 21 եւ 22։
Գիտութիւն գիրքը ծրագրուած է «յաւիտենական կեանքի սահմանուած» անհատներուն օգնելու որ սորվին ի՛նչ որ պէտք է գիտնան, որպէսզի Եհովայի նուիրուին ու մկրտուին։ (Գործք 13։48) Ուստի, այս նոր գրականութիւնը ամբողջացնելէ ետք, հարկ չկայ միեւնոյն աշակերտին հետ երկրորդ գիրք մը նկատի առնել։ Մինչ ձեր Աստուածաշունչի աշակերտները կը սկսին ճշմարտութիւնը որդեգրել, կրնաք աստիճանաբար զիրենք քաջալերել որ իրենց գիտութիւնը ամբողջացնեն Եհովայի Վկաներու ժողովներուն յաճախելով, ինչպէս նաեւ Աստուածաշունչը եւ Քրիստոնէական տարբեր գրականութիւնները կարդալով։
Օգտաշատ է որ քաջածանօթ ըլլաք Մեր Ծառայութիւնը Կատարելու Համար Կազմակերպուած գրքին 175–218–րդ էջերու հարցումներուն։ Թէեւ այս հարցումներուն պէտք չէ ակնարկում ընէք, ոչ ալ զանոնք Աստուածաշունչի աշակերտին հետ վերաքաղ ընէք, սակայն լաւ կ’ըլլայ որ Գիտութիւն գրքէն շեշտէք այն կէտերը որոնք աշակերտը կարող պիտի դարձնեն որ Աստուածաշունչի հիմնական ճշմարտութիւններուն մասին պատշաճ հասկացողութիւն արտայայտէ, երբ երէցները մկրտութեան թեկնածուներուն հետ հարցումները վերաքաղ ընեն։
Հարկ չկայ Գիտութիւն գրքին պարունակած տեղեկութիւններուն վրայ յաւելեալ նիւթեր կամ ապացոյցներ աւելցնելու, Աստուածաշունչի ուսուցումները պաշտպանելու կամ սուտ վարդապետութիւնները հերքելու համար։ Ասիկա մի՛միայն կը ծառայէ որ ուսումնասիրութիւնը աւելի երկարի։ Փոխարէն, կարելի է Գիտութիւն գիրքը աւելի շուտ ծածկել, թերեւս շուրջ վեց ամսուան ընթացքին։ Ասիկա կը պահանջէ մեզմէ որ առաջուընէ նիւթը լիովին ուսումնասիրենք այնպէս որ կարենանք զայն յստակօրէն ու հակիրճօրէն ներկայացնել։ Նոյնպէս, աշակերտին քաջալերութիւն պէտք է տրուի որ նիւթը նախապէս ուսումնասիրէ, նշուած համարները բանայ ու ջանայ յստակօրէն հասկնալ թէ գիրքը իւրաքանչիւր գլուխին մէջ ի՛նչ կը սորվեցնէ։
Դիտարանը շեշտեց կարիքը որ Եհովայի Վկաները աւելի մեծ թիւով Աստուածաշունչի ազդու ուսումնասիրութիւններ վարեն, աւելի կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ։ (Տես Եսայեայ 60։22։) Գիտութիւն գրքին ազդու գործածութիւնը կրնայ նորեկ անհատներուն օգնել որ յաւիտենական կեանքի առաջնորդող գիտութիւնը ձեռք ձգեն ու անոր հետ ներդաշնակ գործեն։—Յովհ. 17։3