Հարցումի Տուփ
◼ Գիտութիւն գրքով Աստուածաշունչի պաշտօնական ուսումնասիրութիւն մը որքա՞ն ժամանակ պէտք է վարուի անհատի մը հետ։
Ներկայիս Եհովա իր կազմակերպութիւնը կ’օրհնէ։ Ասոր ապացոյցը կը տեսնենք ամէն տարի, երբ հազարաւոր նորեկներ ճշմարտութեան կողմը դիրք կը բռնեն։ Գիտութիւն գիրքը կը փաստէ ազդու գործիք մը ըլլալ ասիկա իրագործելու մէջ։ Դիտարան 1 Ապրիլ 1996–ի համարը մատնանշեց որ այս գիրքը ծրագրուած է Աստուածաշունչի աշակերտին օգնելու որ արագօրէն հոգեւորապէս յառաջդիմէ, թերեւս մի քանի ամսուան մէջ մկրտութեան քայլին հասնելով։
Այս պատճառաւ, միեւնոյն Դիտարանը, էջ 25–ի վրայ, խրատեց. «Անհատ մը Գիտութիւն գրքով իր ուսումնասիրութիւնը վերջացնելէ ու մկրտուելէ ետք, հարկ չկայ իր հետ կանոնաւոր գետնի վրայ ուսումնասիրութիւնը շարունակել ուրիշ գրքով մը»։
Ի՞նչ կրնանք ըսել անհատի մը նկատմամբ որ չի մկրտուիր Գիտութիւն գիրքը ամբողջացնելէ ետք։ Յունիս 1996–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկը, էջ 6, պարբերութիւն 23–ին մէջ, մեզի վերյիշեցուց Դիտարանի նշած կէտը, թէ Գիտութիւն գիրքը ամբողջացնելէ ետք միեւնոյն աշակերտին հետ ուրիշ գրքեր չուսումնասիրել։ Ասիկա կը նշանակէ՞ որ ասկէ անդին Աստուածաշունչի աշակերտին օգնելով հետաքրքրուած չենք։ Ո՛չ։ Կը փափաքինք որ մարդիկ ճշմարտութեան հիմնական գիտութիւնը ձեռք ձգեն։ Սակայն, կ’ակնկալուի որ յարաբերաբար կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ հմուտ ուսուցիչ մը կարենայ սովորական անկեղծ աշակերտի մը օգնել որ բաւարար գիտութիւն ստանայ Եհովայի ծառայելու խոհեմ որոշում մը առնելու համար։ Անհատական պարագաներու պատճառաւ, նաեւ կարելի է որ Աստուածաշունչի աշակերտներէն ոմանք փափաքին շաբաթը մէկ անգամէն աւելի ուսումնասիրել։
Անտարակոյս, կարգ մը աշակերտներ ուրիշներէ աւելի դանդաղ կը յառաջդիմեն։ Սակայն, Գիտութիւն գիրքը ուսումնասիրելէ ետք, որ սովորականէն աւելի երկար ժամանակ առած է, եթէ անհատը չէ որոշած ժողովքին հետ ընկերակցիլ, հրատարակիչը պէտք է պարագան նկատի առնէ Ժողովքի Ծառայութեան Յանձնախումբի երէցներէն մէկուն հետ։ Եթէ մեղմացուցիչ կամ անսովոր պարագաներ պարփակուած են, յաւելեալ օգնութիւն կարելի է մատուցանել։ Ասիկա ներդաշնակ է այն սկզբունքին հետ որ նշուած է Դիտարան 1 Ապրիլ 1996–ի համարին մէջ, էջ 25, պարբերութիւն 11–12։
Ճշմարտութեան նոյնիսկ հիմնական գիտութիւնը սորվիլը գնահատելով, աշակերտը պէտք է մղուի Քրիստոնէական ժողովներուն յաճախելու։ Ասով աշակերտը կրնայ Եհովայի ծառայելու իր փափաքը ապացուցանել։ Եթէ այսպիսի հոգեւոր գնահատութիւն բացայայտ չէ, Գիտութիւն գրքով երկար ժամանակ ուսումնասիրութիւն մը վարելէ ետք, յարմար կ’ըլլայ ուսումնասիրութիւնը դադրեցնել։