Ձեր Թաղամասը Լիովին Աշխատցուցէք
1 Բնակարանային շրջաններու մէջ երբեմն առեւտրական պզտիկ հաստատութիւններու կը հանդիպինք, ինչպէս՝ նպարախանութ մը, ճաշարան մը կամ կրպակ մը։ Եթէ այս հաստատութիւնները թաղամասին մնացեալ բաժինին հետ մէկտեղ պիտի ծածկէք, պէտք է զանոնք այցելէք ինչպէս բնակարանները կ’այցելէք։
2 Կրնաք պարզ, հակիրճ ներկայացում մը գործածել, թերեւս ըսելով. «Կը փափաքիմ քեզի բան մը ցոյց տալ»։ Եթէ սեփականատէրը այդ վայրկեանին զբաղած կը թուի ըլլալ, կրնաք պարզապէս թերթիկ մը ներկայացնել ու ըսել. «Դարձեալ կը հանդիպիմ երբ այսքան զբաղած չես ըլլար։ Կը փափաքիմ գիտնալ կարծիքդ այս թերթիկին նկատմամբ»։
3 Հարկ չկայ այս գործունէութեան նկատմամբ երկչոտ ըլլալու։ Հրատարակիչ մը տեղեկագրեց. «Կ’ակնկալէի որ ընդառաջումը ժխտական ըլլար։ Սակայն, անակնկալի եկայ երբ Թագաւորութեան պատգամին հանդէպ հակազդեցութիւնը ճիշդ հակառակն էր։ Անոնք անկեղծօրէն քաղաքավար ու բարեկամական էին ու գրեթէ միշտ պարբերաթերթերը կ’ընդունէին»։
4 Անշարժ կալուածներու առուծախի ընկերութեան մը մէջ աշխատող կին մը Վկաները իր գրասենեակը հրաւիրեց։ Ան պարբերաթերթերը ընդունեց ու Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ունենալու իր հետաքրքրութիւնը յայտնեց։ Վկաները անոր ցոյց տուին Գիտութիւն գիրքը, ապա անմիջապէս անոր հետ ուսումնասիրութիւն մը սկսան, իր գրասենեակին մէջ։
5 Ձեր թաղամասը լիովին աշխատցնելու նշանակումը կը պարփակէ այցելել թաղամասին մէջ գտնուող առեւտրական պզտիկ հաստատութիւնները։ (Գործք 10։42, ՆԱ) Ծրագրեցէք այս վայրերը այցելել ինչպէս որ կ’ընէք տունէ տուն ծառայելու ատեն։ Ասիկա ոչ միայն աւելի լաւ կերպով ձեր թաղամասը ծածկուելու պիտի նպաստէ, այլեւ առիթ պիտի տայ որ կարգ մը ուրախ փորձառութիւններով վարձատրուիք։