Ամառուան Համար Ձեր Ծրագիրները Ի՞նչ Են
Երբ ամառուան մասին կը խորհինք, մեր միտքը կու գան տաք եղանակը, նահանգային համաժողովի մը յաճախելու կարգադրութիւնները, ինչպէս նաեւ թարմացուցիչ արձակուրդի մը կամ ազգականներու եւ բարեկամներու հաճոյալի այցելութիւն մը տալու համար եղած ծրագիրները։ Երբ ամառուան համար ձեր ծրագիրները կ’ընէք, հետեւեալը մի քանի վերյիշեցումներ են, որոնք կրնան ձեզի օգնել որ Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնէք.
◼ Նահանգային համաժողովին ներկայ գտնուելու համար հաստատ ծրագիրներ ըրէք։ Խնդիրներէ խուսափելու համար, ձեր փոխադրութիւնը եւ իջեւանելու դիւրութիւնները շատ առաջ ապահովեցէք։
◼ Եթէ արձակուրդի պատճառով ժողովքէն հեռու էք, ծրագրեցէք տեղական ժողովքին ժողովներուն յաճախել ու ծառայութեան մասնակցիլ։ Վստահ եղէք որ դաշտի ծառայութեան ձեր տեղեկագիրները յանձնէք. եթէ հարկ ըլլայ, զանոնք նամակով մը ձեր ժողովքին քարտուղարին յղեցէք։
◼ Ճշմարտութեան մէջ չեղող ազգականներուն այցելութիւն մը տալը կրնայ առիթ մը ըլլալ որ անպաշտօն կերպով վկայէք։ Վստահ եղէք որ ձեր հետ ձեր Աստուածաշունչը ու կարգ մը գրականութիւններ բերէք։
◼ Մտածա՞ծ էք օգնել մօտակայ ժողովքի մը որ իր թաղամասը ծածկելու համար աջակցութեան կարիքը ունի։ Ձեր շրջանին մէջ եղած կարիքներուն մասին տեղեկութիւններ առնելու համար, երէցներուն կամ շրջանային տեսուչին հետ խօսեցէք։
◼ Դպրոցական արձակուրդները պատանիներուն հոյակապ պատեհութիւններ կը մատուցանեն որ իրենց ծառայութեան գործունէութիւնը ընդլայնեն։ Ո՛վ պատանիներ, կրնա՞ք որպէս օժանդակ ռահվիրաներ ծառայել։
◼ Հաճելի եղանակ ու աւելի երկար ցերեկներ ըլլալով, կրնաք ծառայութեան մէջ հոյակապ արդիւնքներ ձեռք ձգել, երեկոյեան վկայութեան շատ աւելի մասնակցելով, երբ շատեր տունը կը գտնուին։
◼ Երէցները արթուն պէտք է ըլլան ժողովքին գործունէութիւնները լաւ կազմակերպուած պահելու համար, կարգադրութիւն ընելով որ անհատ մը բացականերուն պատասխանատուութիւններուն հոգ տանի։
Յիշեցէք որ «աշխատասէր մարդուն ծրագիրները իրաւամբ առատութիւն կը բերեն»։ (Առ. 21։5) Ծրագրեցէք ձեր ամառուան աստուածպետական պատեհութիւններէն լաւագոյնս օգտուիլ։