Յօժարակամօրէն Մեր Անձերը Տրամադրենք
1 Սաղմոսերգու Դաւիթ մարգարէացաւ որ Եհովայի ժողովուրդը «յօժարակամ պիտի ըլլայ». այսինքն՝ «փութկոտ կամաւորներ»։ (Սաղմ. 110։3, ՆԱ, ստորանշում) Ասիկա բացայայտօրէն կը կատարուի համաշխարհային մեր եղբայրակցութեան մէջ։ Անցեալ չորս տարիներու ընթացքին, Եհովայի ժողովուրդը տարեկան աւելի քան մէկ միլիառ ժամ տրամադրեց Թագաւորութեան բարի լուրը տարածելու համար։ Քարոզչութեան ու աշակերտելու գործի կողքին, ուրիշ բազմաթիւ կերպերով ալ կրնանք մեր անձերը յօժարակամօրէն տրամադրել ուրիշներուն օգնելու։
2 Կերպեր՝ Որոնցմով Կրնանք Մեր Յօժարակամութիւնը Ցոյց Տալ. Ժողովքի անդամներէն ոմանք թերեւս օգնութեան կարիքը ունենան ժողովներու երթալու համար։ Ինչո՞ւ յօժարակամօրէն զանոնք մեր հետ չտանինք։ Ուրիշներ թերեւս հիւանդ, ֆիզիքապէս տկար են, կամ հիւանդանոց կը գտնուին։ Կրնա՞ք նախաձեռնութիւնը առնել անոնց այցելելու կամ կերպով մը օգնելու։ Թերեւս անհատ մը կամ ընտանիք մը քաջալերութեան կարիքը ունի։ Խորհեցա՞ք այսպիսիները հրաւիրել որ երբեմն ձեր ընտանեկան ուսումնասիրութեան ներկայ գտնուին։ Թերեւս ռահվիրայ մը կամ հրատարակիչ մը ծառայութեան մէջ ընկերակիցի մը կարիքը ունի։ Ինչո՞ւ չառաջարկէք ծառայութեան մէջ անոր հետ աշխատիլ։ Ասոնք կարգ մը կերպեր են, որոնցմով կրնանք յօժարակամօրէն բարիք ընել մեր հաւատակիցներուն։—Գաղ. 6։10
3 Եղբայրներ կրնան Եհովայի կազմակերպութեան մէջ պիտանի ըլլալու իրենց յօժարակամութիւնը ցուցնել, ջանալով երէցներէն եւ օգնական ծառաներէն պահանջուած որակումներուն գոհացում տալ։ (Ա. Տիմ. 3։2–10, 12, 13. Տիտ. 1։5–9) Մինչ կը շարունակենք թիւով աճիլ, որակելի եղբայրներու կարիքը կայ որոնք կը յօժարին առաջնորդութիւն առնել քարոզչութեան, աշակերտելու եւ ժողովքները հովուելու գործին մէջ։—Ա. Տիմ. 3։1
4 Թերեւս մեզմէ ոմանք կրնան աւելի լայն տարողութեամբ իրենց անձերը մատչելի դարձնել Եհովայի ծառայութեան համար, երբեմն որպէս օժանդակ ռահվիրաներ ծառայելով։ Մեր յայտագրին մէջ կարգ մը տրամաբանական փոփոխութիւններ մտցնելով, թերեւս կրնանք շարունակական կերպով օժանդակ ռահվիրաներ ըլլալ, կամ նոյնիսկ կանոնաւոր ռահվիրայութեան ծառայութիւնը ձեռնարկել։ Արդեօք մեր պարագաները կը ներե՞ն որ շրջան մը փոխադրուինք ուր աւելի շատ օգնութեան կարիքը կայ։ Կրնա՞նք մեր անձերը Պէթէլի ծառայութեան մատչելի դարձնել եւ այսպէս աշխարհածաւալ գործին յառաջդիմութեան ուղղակիօրէն նպաստել։ Նաեւ բազմաթիւ Թագաւորութեան Սրահներ, Համաժողովի Սրահներ ու մասնաճիւղի շէնքեր կը կառուցուին համայն աշխարհի մէջ, ուր յօժարակամ աշխատաւորներու իսկական կարիքը կայ։ Անոնք որոնք իրենց անձերը այս ընտիր գործերուն մատուցած են մեծապէս գնահատուած են, ու առատապէս օրհնուած։—Ղուկ. 6։38
5 Ասոնք խայտալի ժամանակներ են։ Եհովա իր հոգիին միջոցաւ, երկրի վրայ հոյակապ գործ մը կը կատարէ իր յօժարակամ ժողովուրդին հետ։ Ամէն անգամ որ Եհովա, իր կազմակերպութեան միջոցաւ, հրաւէր կու տայ Թագաւորութեան յաւելեալ գործունէութեան մասնակցելու, լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարց տանք. ‘Իմ անձս տակաւին յօժարակամօրէն կը տրամադրե՞մ’։ Ապա աղօթքով մեր սիրտը ու պարագաները պէտք է քննենք։ Մեր աստուածպաշտութիւնը պիտի մղէ մեզ որ սրբազան ծառայութեան մէջ մեր կարելին ընենք ու այսպէս Եհովայի սիրտը ի՛րապէս ուրախացնենք։—Սոփ. 3։17