Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 3/97 էջ 1
  • ‘Ձեր Տունը Շինեցէք’

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • ‘Ձեր Տունը Շինեցէք’
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիք մը գոյութիւն ունի՞
    Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը
  • Ուրիշներու Հետ Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը Բաժնենք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
  • Ձեր ընտանեկան կեանքէն ներս աստուածային խաղաղութիւն հետապնդեցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • Ընտանիքներուն Օգնենք Որ Տեւական Ապագայ Մը Ապահովեն
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
թծ 3/97 էջ 1

‘Ձեր Տունը Շինեցէք’

1 Անկասկած՝ աշխարհի շուրջ ամէն մշակոյթի մէջ, ընտանեկան կեանքը կը քայքայուի։ Սատանային աշխարհը խաբէութեան եւ անբարոյութեան մէջ կը մխրճուի։ (Ա. Յովհ. 5։19) Ասիկա ստիպողականութիւնը կը շեշտէ ‘մեր տունը շինելու’ եւ ուրիշներուն ալ սորվեցնելու որ ի՛նչպէս իրենք ալ իրենց տունը կրնան շինել։—Առ. 24։3, 27

2 Աստուածաշունչի Սկզբունքները Պաշտպանութիւն մըն Են. Ընտանեկան իսկական ուրախութեան գաղտնիքը կը գտնուի Աստուածաշունչի սկզբունքները գործադրելու մէջ։ Այս զօրաւոր ճշմարտութիւնները ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամին համար օգտակար են, կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ։ Այն ընտանիքը որ կը գործադրէ զանոնք, ուրախ պիտի ըլլայ եւ աստուածային խաղաղութիւն պիտի վայելէ։—Բաղդատել՝ Եսայեայ 32։17, 18։

3 Այն սկզբունքները որոնք կրնան մեզի օգնել մեր տունը շինելու, համառօտ կերպով ուրուագծուած են Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը խորագրով նոր գրքին մէջ։ Իւրաքանչիւր գլուխ կ’եզրափակուի ուսուցումի շրջագիծով մը որ օգտակար է եւ կը շեշտէ սկզբունքներ, զորս ընտանիքի անդամները պէտք է յիշեն։ Այս շրջագծերը մեծաւ մասամբ կը սկսին հետեւեալ հարցումով. «Աստուածաշունչի այս սկզբունքները ինչպէ՞ս կրնան օգնել . . .»։ Ասիկա ուշադրութիւն կը հրաւիրէ Աստուծոյ խորհուրդներուն վրայ, որպէսզի նկատի առնուած նիւթին շուրջ Ի՛ր մտածելակերպը ունենանք։—Եսայ. 48։17

4 Ծանօթացէ՛ք գրքին։ Սորվեցէ՛ք այն սկզբունքները գտնել, որոնք կրնան օգտակար ըլլալ, երբ զանազան դժուարութիւններ կը ծագին։ Գիրքը հետեւեալին նման նիւթեր կը շօշափէ. անհատ մը ի՞նչ պէտք է փնտռէ ապագայ կողակիցի մը մէջ (գլուխ 2), ի՞նչպիսի կենսական ազդակներ կը սատարեն ամուսնական տեւական ուրախութեան (գլուխ 3), ծնողները ինչպէ՞ս կրնան իրենց պատանիները մեծցնել որ պատասխանատու եւ աստուածավախ չափահասներ ըլլան (գլուխ 6), ինչպէ՞ս պաշտպանել ընտանիքը կործանարար ազդեցութիւններէ (գլուխ 8), սկզբունքներ՝ որոնք կ’օգնեն միածնող ընտանիքներու որ յաջողութիւն գտնեն (գլուխ 9), հոգեւոր օգնութիւն՝ ալքոլամոլութենէ եւ բռնութենէ տառապող ընտանիքներու (գլուխ 12), ի՞նչ ընել երբ ամուսնական կապը խզուելու սպառնալիքին տակ կը գտնուի (գլուխ 13), ի՞նչ կրնանք ընել տարեց ծնողները պատուելու համար (գլուխ 15), եւ ինչպէ՞ս կրնանք մեր ընտանիքին համար երկարատեւ ապագայ մը ապահովել (գլուխ 16)։

5 Նոր Գիրքը Լաւ Կերպով Գործածեցէ՛ք. Եթէ Ընտանեկան Ուրախութիւն գիրքը ցարդ ուսումնասիրած չէք, ինչո՞ւ ընտանիօք չսկսիք զայն ուսումնասիրել։ Նաեւ, երբոր ձեր ընտանիքը նոր խնդիրներ կամ դժուարութիւններ դիմագրաւէ, գրքին այն գլուխները աչքէ անցուցէք, որոնք այս խնդիրները կը շօշափեն եւ աղօթքով նկատի առէք թէ տրուած խրատը ինչպէ՛ս կրնաք գործադրել։ Ասկէ զատ, Մարտ ամսուն, դաշտի ծառայութեան համար շատ ժամանակ տրամադրեցէք, որպէսզի կարենաք Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը գիրքը կարելի եղածին չափ շատ մարդոց հասցնել։

6 Ընտանիքներ, որոնք աստուածպաշտութիւն ի գործ կը դնեն, հոգեւորապէս զօրաւոր ու միացած պիտի ըլլան եւ պատրաստուած՝ Սատանայի յարձակումներուն հետ գլուխ ելլելու։ (Ա. Տիմ. 4։7, 8. Ա. Պետ. 5։8, 9) Որքա՜ն շնորհապարտ ենք որ ընտանիքին Ծագում Տուողը մեզի ցուցմունքներ տուած է։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել