Յառաջընթաց Տան Սուրբ Գրային Ուսումնասիրութիւններ Վարել
1 Թանզանիայի մէջ հիւանդապահուհի մը, Արժանթինի մէջ պատանուհի մը եւ Լաթվիայի մէջ մայր մը, հասարակաց ի՞նչ բան ունին։ 1997–ի Տարեգիրքը (էջ 8, 46 եւ 56–ը) կը տեղեկագրէ, որ երեքն ալ իրենց տան սուրբ գրային ուսումնասիրութեան մէջ արագ յառաջդիմութիւն ունեցան, շաբաթը մէկէ աւելի անգամ Գիտութիւն գիրքը ուսումնասիրելու իրենց ունեցած յօժարակամութեան շնորհիւ։ Յանձնարարուած է որ եթէ կարելի է, հրատարակիչները ջանան իւրաքանչիւր ուսումնասիրութեան նիստին, մէկ գլուխ ուսումնասիրել։ Սակայն, շատեր կը խորհին թէ ասիկա իրագործելը դժուար է։ Թէպէտեւ շատ բան կախում ունի իւրաքանչիւր աշակերտի պարագաներէն եւ ընդունակութենէն, սակայն փորձառու ուսուցիչներ հետեւեալ թելադրութիւնները գործադրելով յաջողութիւն գտած են։
2 Ինչպէս նկատի առնուած է Յունիս 1996–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականին մէջ, պէտք է մարզէք ձեր աշակերտները որպէսզի նախապատրաստուին դասին համար։ Սկիզբէն իսկ, լաւ կ’ըլլայ բացատրել եւ ցոյց տալ թէ ի՛նչպէս կրնան ընել ասիկա։ Անոնց ցոյց տուէք գիտութիւն գրքի ձեր անձնական օրինակը։ Առաջին դասը միասնաբար պատրաստեցէք։ Օգնեցէք աշակերտին որ գտնէ բանալի բառերը, կամ ուղղակիօրէն տպագրուած հարցումին պատասխանէ եւ ետքը ընդգծէ զայն։ Կարգ մը հրատարակիչներ նոյնիսկ իրենց աշակերտներուն գունաւոր մատիտներ տուած են ընդգծելու համար։ Մինչ անոնք դասը կը պատրաստեն, քաջալերեցէք որ բոլոր համարները բանան։ Ասիկա ընելով, մարզած կ’ըլլաք զանոնք՝ Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան, ինչպէս նաեւ՝ Դիտարան–ի Ուսումնասիրութեան համար։—Ղուկ. 6։40.
3 Լաւ ուսուցիչ մը կ’օգնէ աշակերտին որ արտայայտուի, փոխանակ միշտ ի՛նք խօսելու։ Անիկա կը խուսափի երկրորդական կէտերու պատճառաւ նիւթէն շեղելէ։ Ան, շատ քիչ անգամ դուրսէն յաւելեալ կէտեր կը բերէ։ Փոխարէն, կը շեշտէ ուսումնասիրութեան գլխաւոր կէտերը։ Ոմանք աշակերտներուն յաւելեալ գրականութիւններ հայթայթած են, որպէսզի իրենց կարգ մը հարցումներուն պատասխանները ստանան։ Ասկէ զատ, հետաքրքրուած անհատներ յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի ստանան ժողովներու ներկայ ըլլալով։
4 Պայման չէ ուսումնասիրութեան բոլոր մէջբերուած համարներուն նայիլ։ Պարբերութեան կարգ մը գլխաւոր կէտեր, պէտք է բացատրուին մէջբերուած համարներով։ Վերաքաղի ժամանակ, շեշտեցէք նկատի առնուած բանալի համարները եւ օգնեցէք աշակերտին որ զանոնք վերյիշէ։
5 Իւրաքանչիւր Նիստ Որքա՞ն Պէտք Է Տեւէ. Ուսումնասիրութիւնը մէկ ժամուան պէտք չէ սահմանափակուի։ Կարգ մը տանտէրներ ազատ ժամանակ ունենալով, թերեւս փափաքին աւելի երկար ուսումնասիրել։ Կամ եթէ կարելիութիւնը ունին, աշակերտները կրնան փափաքիլ շաբաթը մէկէ աւելի անգամ ուսումնասիրել։ Ասիկա կրնայ օգտակար ըլլալ անոնց։
6 Ինչպէս Եսայեայ 60։8–ն կը նկարագրէ, այսօր, Եհովան փառաբանող հարիւր հազարաւոր նորեկներ «կը թռչին ամպի պէս ու դէպի իրենց վանդակը թռչող աղաւնիներու պէս» իր ժողովուրդին ժողովքներուն մէջ կու գան։ Շարունակենք բոլորս ալ մեր բաժինը բերել Եհովայի հետ մօտէն աշխատելով, մինչ ան ոչխարանման անհատներու հաւաքումի գործը կ’արագացնէ։—Եսայ. 60։22