Դպրոցէն Լաւագոյնս Օգտուեցէք
1 Ասիկա ժամանակ մըն է, երբ պատանիներէն շատեր կը հարցնեն. «Պէ՞տք է նորէն դպրոց երթամ»։ Թէեւ դպրոց վերադառնալուն հետ կ’ընկերակցին կարգ մը դժուարութիւններ եւ մտահոգութիւններ, սակայն կան նաեւ բազմաթիւ օգուտներ, զորս կրնան քաղել այն պատանիները, որոնք ջանք կը թափեն իրենց ուսումէն լաւագոյնս օգտուելու։
2 Հիմնական լաւ ուսումը կրնայ անհատին հոգեւոր յառաջդիմութեան նպաստել։ Անհատի մը պատանեկութեան շրջանին ըրած բաները մեծ ազդեցութիւն կ’ունենան իր իրագործումներուն վրայ որպէս չափահաս։ Նոյնիսկ ուսման հարցով, «ինչ որ մարդ կը սերմանէ, նոյնը պիտի հնձէ»։ (Գաղ. 6։8) Այն պատանիները որոնք ժրաջանօրէն իրենց դպրոցական դասերը կը սորվին, կրնան այնպիսի հմտութիւններ ձեռք ձգել, որոնք զիրենք աւելի պիտանի անհատներ պիտի դարձնէ Եհովայի։
3 Զգուշութեամբ կանխամտածել կը պահանջուի, որպէսզի դպրոցական դասընթացքները շիտակ կերպով ընտրուին։ Ծնողներ պէտք է օգնեն իրենց զաւակներուն որ ամենագործնական մարզումը ընտրեն, որպէսզի կեանքի մէջ հոգեւոր նպատակակէտերու հասնին։ Իրենց հմտութիւնները զարգացնելով, պատանիներ կարող պիտի ըլլան իրենց անձերուն հոգ տանիլ ռահվիրայական գործին մէջ։ Անոնց հիմնական ուսումը պէտք է անոնց օգնէ որ Եհովան փառաբանեն, ուր որ ալ գտնուին։
4 Ո՛վ պատանիներ, փորձեցէք ձեր դպրոցական տարիներէն լաւագոյնս օգտուիլ։ Մինչ ասիկա կ’ընէք, կեդրոնացէք սրբազան ծառայութեան մէջ իմաստալից կեանք մը վարելու վրայ, փոխանակ՝ աշխարհային ասպարէզ մը հետապնդելու։ Ջանացէք ձեր կեանքը գործածել Եհովայի կամքը ընելով։ Այսպիսով, յաջողութիւն պիտի գտնէք, Եհովայի փառաբանութեան համար։—Սաղմ. 1։3