Կրնա՞նք Ստեղծիչ Գիրքը Ներկայացնել
Անցեալ տարի ուրախութիւնը ունեցանք, Մեզի Հոգ Տանող Ստեղծիչ մը Կա՞յ գիրքը ստանալու։ Այս գիրքը մասնաւորապէս եղած է անոնց համար, որոնք աշխարհային լաւ ուսում ունին, բայց կրնան Աստուծոյ չհաւատալ։ Այս գիրքը հետզհետէ աւելցող պահանջքի մը գոհացում կու տայ։
Գործնական պատճառներով, գրականութիւններու ամսուան մատուցումը, ընդհանրապէս աւելի տեղ կու տայ այդ գրականութիւններուն, որոնք աւելի շատ հետաքրքրութիւն գտած են։ Ասիկա կը նշանակէ՞ որ ետ պիտի կենանք Ստեղծիչ գիրքը ներկայացնելէ։ Բնաւ երբեք։ Այս գիրքը տարուան մէջ որեւէ ժամանակ կրնայ ներկայացուիլ այն անհատներուն՝ որոնք Աստուծոյ չեն հաւատար, եւ սակայն կրնան օգտուիլ անկէ։ Նաեւ՝ կրնայ ներկայացուիլ անհատներու, որոնք Աստուծոյ գոյութեան կը հաւատան, սակայն իրական գաղափար մը չունին, թէ ո՛վ է ան եւ ի՛նչ են անոր յատկութիւնները եւ նպատակները։ Ուրեմն կը քաջալերենք ձեզ, որ ձեր ծառայութան պայուսակին մէջ օրինակ մը ունենաք, եւ պատրաստ ըլլաք տեղաւորելու ոեւէ անհատի, որ կը խորհիք թէ կրնայ հետաքրքրուած ըլլալ այս նիւթով։