Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 11/99 էջ 8
  • Մահմետականի մը Ի՞նչ Պիտի Ըսէիք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մահմետականի մը Ի՞նչ Պիտի Ըսէիք
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Այս գրքոյկները կը գործածե՞ս
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
  • Բոլոր Լեզուներու եւ Կրօնքներու Պատկանող Մարդոց Վկայենք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
  • Ինչպէ՛ս գործածել՝ «Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր» գրքոյկը
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2013)
  • Անկեղծօրէն Ուրիշներուն Հոգ Տանելով Եհովան Ընդօրինակենք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
թծ 11/99 էջ 8

Մահմետականի մը Ի՞նչ Պիտի Ըսէիք

1 Մահմետականի մը վկայելու փորձառութիւնը ունեցա՞ծ էք։ Եթէ այո, հաւանաբար նկատած էք թէ Մահմետականները ջերմեռանդօրէն կը հաւատան Աստուծոյ։ Սակայն, անոնք Եհովայի մարգարէներուն նախագուշակած մօտալուտ երկրային դրախտին մասին շատ քիչ բան գիտեն, ուստի կ’ուզենք անոնց հետ այս յոյսը բաժնել։ (Ա. Տիմ. 2։3, 4) Հետեւեալ տեղեկութիւնները կրնան օգնել ձեզի որ լաւ վկայութիւն մը տաք։

2 Մահմետականները Ալլահին՝ կամ Աստուծոյ՝ կը հաւատան, Մուհամմէտը կը նկատեն որպէս անոր մարգարէն։ Գուրանը անոնց սուրբ գիրքն է, իսկ անոնց կրօնքը կը կոչուի Իսլամութիւն, որ կը նշանակէ «ենթարկում»։ Գուրանը կ’ըսէ թէ ստախօսութիւնը եւ արձաններու պաշտամունքը սխալ է, թէ Աստուած մէկ է, եւ թէ ան Երրորդութեան մը մէկ մասը չէ։ Անիկա նաեւ կը սորվեցնէ հոգիի անմահութիւնը, դժոխքի կրակը եւ երկնային դրախտը։ Մահմետականները Աստուածաշունչը կ’ընդունին որպէս Աստուծոյ Խօսքը, սակայն կը հաւատան թէ անիկա աղաւաղուած է, մինչ Գուրանը՝ որ տակաւին իր բնագիր լեզուով է՝ անարատ պահուած է։

3 Բարեկամական, Փափկանկատ եւ Ներատես Եղէ՛ք. Երբ Մահմետականի մը հետ կը խօսակցիք, բարեկամական ու փափկանկատ եղէք։ (Առ. 25։15) Ի մտի ունեցէք թէ իսլամական հաւատալիքները ամուր կերպով հաստատուած են եւ թէ անոնց մեծ մասը բերանացի ուսուցուած է։ Հետեւաբար, կրօնական ուսուցումներու մասին տրամաբանելը եւ Աստուծոյ կամքը գիտնալը, անոնց հոգեւոր զարգացման մէկ մասը չէ եղած։ (Հռովմ. 12։2) Մահմետականներուն օգնելու համար, կենսական է համբերատար ու հասկացող ըլլալ։—Ա. Կորն. 9։19-23

4 Խուսափեցէք գործածելէ այնպիսի արտայայտութիւններ, որոնք Մահմետականի մը այն տպաւորութիւնը կու տան որ դուք Քրիստոնեայ Աշխարհին կը պատկանիք։ Յստակ դարձուցէք թէ դուք Կաթողիկէ կամ Բողոքական կրօնքներու հետ կապակցութիւն չունիք, եւ թէ դուք տարբեր էք։ Աստուածաշունչին ակնարկեցէք որպէս Աստուծոյ Գիրքը։ Քանի որ Մահմետականները «Աստուծոյ Որդի» արտայայտութենէն չեն ախորժիր, սովորաբար նախընտրելի է զայն չգործածել, կամ այս նիւթը չարծարծել, մինչեւ որ հոգեւորապէս յառաջդիմեն։ Սակայն, կրնաք Յիսուսի մասին խօսիլ, անոր ակնարկելով որպէս մարգարէ կամ պատգամաբեր մը։ Խուսափեցէք վիճաբանելէ։ Եթէ նկատէք թէ անհատը բարկանալու վրայ է, քաղաքավար կերպով անմիջապէս մեկնեցէք։

5 Նախընտրելի է միայն մէկ անհատի հետ խօսիլ, եւ ոչ թէ խումբի մը հետ։ Սովորաբար, յարմար է որ կիներ՝ կիներու վկայեն ու տղամարդիկ՝ տղամարդոց։ Բացայայտօրէն, կա՛ն բացառութիւններ, սակայն լաւ դատողութիւն պէտք է գործածուի։ Նաեւ, կիներու պարկեշտ հագուելակերպի եւ յարդարանքի առնչութեամբ, Մահմետականներէն շատեր իրենց տեսակէտը ունին եւ շատ դիւրազգաց են անոր նկատմամբ։ Քոյրերը ասոր պէտք է գիտակցին։—Ա. Կորն. 10։31-33

6 Ի՛նչ Բաներու Մասին Խօսիլ. Անկեղծութեամբ խօսեցէք Աստուծոյ մեծութեան ու անոր սիրոյն մասին։ Մի՛ վարանիք ըսելու թէ դուք ճշմարիտ հաւատացեալ մըն էք, թէ Աստուած մէկ է (եւ ոչ թէ Երրորդութիւն մը), եւ թէ արձաններու պաշտամունքը սխալ է։ Խօսեցէք այժմ աշխարհի մէջ եղած չարութեան մասին՝ պատերազմներ, քաղաքացիական խռովութիւն, ցեղային ատելութիւն, եւ կեղծաւորութիւն, որ բացայայտ է շատ մը կրօնասէր մարդոց մէջ։

7 Աստուծոյ Ուղղութիւնը—Դրախտ Տանող Ճամբան գրքոյկը ձեզի աւելի ներատեսութիւն պիտի տայ այն նիւթերուն մասին, որոնք կրնան գործածուիլ Մահմետականներու հետ խօսակցութիւններ սկսելու համար։ Անիկա ծրագրուած է, որպէսզի հրապուրէ այն Մահմետականները, որոնք կ’ապրին միջավայրի մը մէջ ուր կրնան Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու ազատ զգալ։

8 Որպէս ներկայացում, կրնաք ըսել.

◼ «Մասնաւոր ջանք կը թափեմ Մահմետականներու հետ խօսելու համար։ Ձեր կրօնքին մասին կը կարդայի եւ կը խորհիմ որ չեմ սխալիր ըսելով թէ Մահմետականները մէկ ճշմարիտ Աստուծոյ կը հաւատան, նաեւ՝ բոլոր մարգարէներուն։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Կը փափաքիմ ձեզի հետ խօսիլ հին մարգարէութեան մը մասին, որ երկիրը դրախտի մը վերածուելու մասին է։ Կրնա՞մ ձեզի մարգարէին գրած խօսքերը կարդալ։ [Կարդալ՝ Եսայեայ 11։6-9] Այս մարգարէութիւնը ինծի կը յիշեցնէ Գուրանէն մէջբերում մը որ այս գրքոյկին մէջ կը գտնուի»։ Բացէք Աստուծոյ Ուղղութիւնը գրքոյկը, էջ 9–ը, եւ կարդացէք թաւ տառերով գրուած մէջբերումը, որ կ’ակնարկէ այն արդարներուն որոնք երկիրը պիտի ժառանգեն։ Եթէ հետաքրքրութիւն ցուցաբերուի, խօսակցութիւնը շարունակեցէք, նկատի առնելով յաջորդ էջին վրայի 7-9–րդ պարբերութիւնները։ Գրքոյկը անոր տուէք, եւ վերայցելութեան կարգադրութիւն ըրէք։ Ուրիշ ներկայացումի մը համար, տես՝ Փետրուար 1998–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկը, էջ 6, պարբերութիւն 27։

9 Երբ անհատի մը կը հրաւիրէք Աստուծոյ Ուղղութիւնը գրքոյկը նկատի առնելու, նախընտրելի է որ զայն խօսակցութիւն կոչէք, եւ ոչ թէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը։ Երբ գրքոյկը լրացնէք, աշակերտը պատրաստ պէտք է ըլլայ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը կամ Գիտութիւն գիրքը ուսումնասիրելու։ Յատկապէս Մահմետականներու համար ծրագրուած այլ հրատարակութիւններ են՝ Ի՛նչպէս Դրախտին Ճամբան Գտնել թերթիկը եւ՝ Աստուծոյ Իրապէս Ենթարկուելու Ժամանակը գրքոյկը։

10 Իսլամական հաւատալիքներու եւ անոնց դիւրազգաց կողմերու մասին այս տեղեկութիւնները ունենալով, Մահմետականներուն ներկայացուցած մեր գրականութիւններու ընտրութեան եւ անոնց վկայելու կերպին մէջ կրնանք ներատես ըլլալ։ Թող որ Եհովա շարունակէ մեր ջանքերը օրհնել, ամէն տեսակի մարդոց օգնելու, որպէսզի իր անունը կանչեն ու փրկուին։—Գործք 2։21

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել