Ի՛նչպէս Մշակել Պատճառաբանելու Կարողութիւնը
1 «Պատճառաբանել» բառին սահմանումներէն մէկն է՝ «ուրիշի մը հետ խօսիլ, անոր արարքներուն կամ կարծիքներուն ազդելու նպատակաւ»։ Ծառայութեան մէջ աւելի ազդեցիկ ըլլալու համար, ձեր հանդիպած մարդոց հետ պատճառաբանելու ձեր կարողութիւնը մշակելու կարիքը ունիք։ (Գործք 17։2-4) Սակայն, ի՞նչպէս կրնաք այս հմտութիւնը մշակել։
2 Անիկա կը Սկսի Խորհրդածելով. Երբ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւններ կ’ուսումնասիրէք, նիւթին մասին խոկալը օգտակար պիտի գտնէք։ Եթէ նիւթին կարգ մը կէտերը քիչ մը խրթին թուին, ժամանակ տրամադրեցէք որոշ փնտռտուքներ ընելու եւ պատասխաններուն մասին խորհրդածելու։ Ջանացէք յստակօրէն հասկնալ ո՛չ միայն հայթայթուած բացատրութիւնները, այլեւ այդ բացատրութիւններուն սուրբ գրային պատճառները։
3 Անիկա կը Պարփակէ Ծառայութեան Համար Պատրաստուիլ. Պահ մը խորհեցէք թէ ճշմարտութիւնը ի՛նչպէս պիտի բացատրէք տարբեր տեսակի մարդոց։ Հետաքրքրութիւն արթնցնելու համար միտք գրգռող հարցում մը պատրաստեցէք։ Որոշեցէք թէ սուրբ գրային կէտ մը ի՛նչպէս պիտի կապէք նիւթին եւ անոր մասին պատճառաբանէք։ Նախապէս խորհեցէք թէ ի՛նչ առարկութիւններ կրնան յարուցուիլ եւ մտածեցէք թէ զանոնք ի՛նչպէս պիտի քննարկէք։ Ներկայացուած գրականութեան մէջ ուշագրաւ կէտի մը մատնանշեցէք, որ այդ նիւթին լաւագոյնս կը յարմարի։
4 Յիսուսի Օրինակին Հետեւեցէք. Յիսուս սուրբ գրքերէն ազդու կերպով պատճառաբանելու մէջ լաւագոյն օրինակը հանդիսացաւ։ Իր սորվեցուցած կերպը վերլուծելու համար, նկատի առէք Ղուկաս 10։25-37–ի արձանագրութիւնը։ Նկատի առէք այս քայլերը. (1) Երբ մարդոց հարցումներուն կը պատասխանէք, ուշադրութիւնը Աստուածաշունչին ուղղեցէք։ (2) Հրաւիրեցէք զիրենք որ արտայայտուին, եւ երբ խելացի պատասխաններ տան, զիրենք գովեցէք։ (3) Վստահ եղէք որ հարցումին ու Աստուածաշունչին միջեւ կապակցութիւնը յստակ մնայ։ (4) Սրտին կոչ ընող օրինակ մը գործածեցէք, վստահ ըլլալու համար որ ճիշդ պատասխանը ըմբռնելի է։—Տես՝ Դիտարան 1 Մարտ 1986, էջ 27-28, պարբերութիւն 8-10 (Անգլ.)։
5 Մեզի Տրուած Գործիքը Գործածեցէք. Սուրբ Գրութիւններով Պատճառաբանել գիրքը հրատարակուած է որպէս դաշտի ծառայութեան գիրք։ Անոր բացումները, խօսակցութիւնը ընդհատող առարկութիւններուն պատասխանները, եւ տրամաբանելի կէտերը մեզի կ’օգնեն որ մեր պատճառաբանելու կարողութիւնը զարգացնենք։ Պատճառաբանել գիրքը արժէքաւոր գործիք մըն է որ պէտք է միշտ մեր հետ ունենանք ծառայութեան մէջ, եւ զայն գործածելու չվարանինք, երբ սուրբ գրային զրոյցներ կ’ունենանք։ Վերաքաղ ըրէք գրքին 7-8–րդ էջերը, տեսնելու համար թէ ի՛նչպէս կրնաք անկէ մեծագոյն օգուտը քաղել։
6 Ձեր պատճառաբանելու կարողութիւնը մշակելը, քարոզելու եւ սորվեցնելու գործին մէջ ձեր հմտութիւնը պիտի բարելաւէ։ Ասիկա իր կարգին, ձեզի եւ ծառայութեան մէջ ձեր հանդիպած անհատներուն համար ճոխ օրհնութիւններ պիտի բերէ։