Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 5/00 էջ 8
  • «Առաջ Թող Փորձուին»—Ի՞նչպէս

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Առաջ Թող Փորձուին»—Ի՞նչպէս
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Եղբայրներ, ջանք կը թափէ՞ք օգնական ծառայ ըլլալու
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
  • Պատանի՛ եղբայրներ, կը ձգտի՞ք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2013)
  • Օգնութեանդ Կարիք Կայ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
  • Օգնական ծառաներուն դերը ի՞նչ է
    Ներկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
թծ 5/00 էջ 8

«Առաջ Թող Փորձուին»—Ի՞նչպէս

1 Քանի որ Եհովայի կազմակերպութիւնը շարունակ կ’աճի, որպէս օգնական ծառաներ ծառայող որակելի եղբայրներու յարատեւ կարիք կայ։ Տակաւին չնշանակուած եղբայրներուն մեծամասնութիւնը՝ պատանիներն ալ ներառեալ, ժողովքին մէջ ծառայելու փափաքը ունին։ Երբ անոնց յաւելեալ գործ նշանակուի, անոնք պիտանի կը զգան եւ բան մը իրագործած ըլլալու զգացումը կ’ունենան։ Անոնց յաւելեալ յառաջդիմութիւնը կախեալ է անոնց ‘առաջ փորձուելէն’։ (Ա. Տիմ. 3։10) Ասիկա ի՞նչպէս կը կատարուի։

2 Երէցներուն Դերը. Ա. Տիմոթէոս 3։8-13–ի մէջ օգնական ծառաներուն վերաբերեալ սուրբ գրային որակումները գնահատելու որպէս մէկ մասը, երէցները պիտի փորձեն պատասխանատուութիւններ վերցնելու եղբօր մը ատակ ըլլալը։ Անոր կրնան օգտակար ծառայութիւններ տալ, որոնք առնչութիւն ունին պարբերաթերթերը եւ գրականութիւնները բաժնելու, բարձրախօսները պտըտցնելու, Թագաւորութեան Սրահին հոգ տանելու եւ ուրիշ բաներու հետ։ Երէցները ուշադրութիւն պիտի ընեն թէ ան ի՛նչպէս կ’ընդառաջէ եւ հոգ կը տանի իր նշանակումներուն։ Անոր մէջ պիտի փնտռեն կարգ մը յատկութիւններ, ինչպէս՝ վստահելիութիւն, ճշդապահութիւն, ջանասիրութիւն, համեստութիւն, պատրաստակամ հոգի, եւ ուրիշներու հետ լաւ յարաբերութիւններ ունենալու կարողութիւն։ (Փիլ. 2։20) Ան իր հագուելակերպին եւ յարդարանքին մէջ օրինակելի՞ է։ Պատասխանատուութեան գիտակցութիւն ունի՞։ Անոնք պիտի ուզեն տեսնել ‘իր օրինակելի կեանքը՝ հեզութեան ու իմաստութեան արտայայտութիւնը եղող գործերով’։ (Յակ. 3։13, Անթիլիաս) Ան իրապէս կը ձգտի՞ ժողովքին մէջ օգնական ձեռք մը երկարել։ Ան ‘աշակերտելու’ նկատմամբ Յիսուսի տուած պատուէրը կը կատարէ՞, նախանձախնդրաբար դաշտի ծառայութեան մասնակցելով։—Մատթ. 28։19. տես՝ Դիտարան 1 Նոյեմբեր 1990, էջ 10-20։

3 Թէեւ օգնական ծառայ նշանակուելու համար նուազագոյն տարիք մը որոշուած չէ, սակայն, Աստուածաշունչը այսպիսի եղբայրներուն կ’ակնարկէ որպէս «տղամարդիկ՝ որոնք կը ծառայեն»։ Չենք կրնար երեւակայել որ անոնք իրենց պատանեկութեան տարիքի սկիզբը կամ կիսուն ըլլան, մանաւանդ որ կին եւ զաւակներ ունենալու հաւանականութիւնն ալ յիշուած է։ (Ա. Տիմ. 3։12, 13, ՆԱ) Այսպիսի տղամարդիկ պէտք չէ «երիտասարդական ցանկութիւններ»ու տեղի տան, այլ լուրջ վարմունքի տէր պէտք է ըլլան, Աստուծոյ եւ մարդոց առջեւ մաքուր խղճմտանք մը ունենալով։—Բ. Տիմ. 2։22

4 Թէեւ բնական կարողութիւնը օգտակար է, սակայն կարեւորը անհատի մը կեցուածքն ու հոգին է։ Եղբայր մը խոնարհաբար կը փափաքի՞ Աստուած փառաբանել եւ իր եղբայրներուն ծառայել։ Եթէ այո, Եհովա պիտի օրհնէ ժողովքին մէջ յառաջդիմելու իր ջանքերը։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել