Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 1/01 էջ 1
  • Լաւ Ունկնդիր մը Եղէք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Լաւ Ունկնդիր մը Եղէք
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Նայեցէք թէ Ի՛նչպէս կը Լսէք»
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Եհովա ի՛նչպէս կ’առաջնորդէ մեզ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Պատանիներուն Օգտակար Եղող Ժողովներ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
  • Ուշադրութիւն Ընծայեցէք թէ Ի՛նչպէս Մտիկ կ’Ընէք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
թծ 1/01 էջ 1

Լաւ Ունկնդիր մը Եղէք

1 Ուշադրութեամբ մտիկ ընելը ինքնակրթութիւն կը պահանջէ։ Նաեւ կը պահանջէ, որ ունկնդիրը սորվելու եւ լսածէն օգտուելու փափաք մը ունենայ։ Ուստի, Յիսուս շեշտեց թէ հարկ է որ անհատ մը ‘ուշադրութիւն ընէ թէ ի՛նչպէս կը լսէ’։—Ղուկ. 8։18, ՆԱ

2 Ասիկա յատկապէս կը կիրարկուի երբ ժողովներու եւ համաժողովներու ներկայ կը գտնուինք։ Ասոնք առիթներ են, երբ ուշադրութեամբ պէտք է մտիկ ընենք։ (Եբր. 2։1) Ստորեւ կու տանք կարգ մը կէտեր, որոնք պիտի օգնեն ձեզի որ այս քրիստոնէական հաւաքոյթներուն լաւ ունկնդիր մը ըլլաք։

◼ Ժողովներուն արժէքը գնահատեցէ՛ք։ Անոնք ‘հաւատարիմ տնտեսին’ միջոցով ‘Եհովայէ սորվելու’ գլխաւոր կերպ են։—Եսայ. 54։13. Ղուկ. 12։42

◼ Նախապատրաստուեցէ՛ք։ Քննարկուելիք նիւթը աչքէ անցուցէք, եւ մի՛ մոռնաք ձեր հետ բերելու ձեր Աստուածաշունչը եւ ուսումնասիրուելիք գրականութեան ձեր անձնական օրինակը։

◼ Ժողովներու ընթացքին, կեդրոնանալու համար մասնաւոր ջանք թափեցէք։ Պէտք է խուսափիք ձեր հետ նստողներուն հետ խօսակցելէ, կամ ներկաներուն ըրածները դիտելէ։ Փորձեցէք մտացիր չըլլալ, ժողովէն ետք ձեր ընելիք բաներուն՝ կամ անձնական այլ բաներու մասին մտածելով։

◼ Ներկայացուած նիւթերը վերլուծեցէ՛ք։ Դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Ասիկա ի՞նչպէս իմ վրաս կը կիրարկուի։ Զայն ե՞րբ պիտի կիրառեմ’։

◼ Գլխաւոր կէտերը եւ համարներուն տեղերը հակիրճօրէն նոթագրեցէք։ Ասիկա ձեզի կ’օգնէ որ ձեր միտքը նկատի առնուած նիւթին վրայ կեդրոնացնէք, նաեւ կը նպաստէ որ գլխաւոր կէտերը յիշէք հետագայ գործածութեան համար։

3 Ձեր Զաւակներուն Մտիկ Ընել Սորվեցուցէք. Երախաները հոգեւոր դաստիարակութեան կարիքը ունին։ (Բ. Օր. 31։12) Անցեալին, Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ ‘լսելու կարողութիւն ունեցող’ բոլոր անհատները ուշի ուշով պէտք էր մտիկ ընէին, մինչ Օրէնքը կը կարդացուէր։ (Նէեմ. 8։1-3) Եթէ ծնողներ ժողովներուն յափշտակուած հետեւին եւ շատ ուշադիր ըլլան, հաւանական է որ իրենց զաւակները զիրենք ընդօրինակեն։ Զաւակները զբաղած պահելու համար խաղալիքներ կամ ներկելիք գրքեր բերելը խոհեմութիւն չէ։ Անտեղիօրէն զուգարան երթալն ալ անոնց մտիկ ընելուն արգելք կրնայ հանդիսանալ։ Քանի որ «մանուկին սրտին մէջ յիմարութիւնը կապուած է», ծնողներ անկեղծ ջանք պէտք է թափեն, հսկելով իրենց զաւակներուն վրայ, որպէսզի ժողովներուն հանդարտ նստին եւ մտիկ ընեն։—Առ. 22։15

4 Լաւ ունկնդիրներ ըլլալով, կ’ապացուցանենք որ ի՛րապէս իմաստուն ենք եւ կը փափաքինք ‘մեր իմաստութիւնը աւելցնել’։—Առ. 1։5

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել