Պարբերաթերթերուն Մասին Ի՛նչ Ըսենք
ԴԻՏԱՐԱՆ Սեպտեմբեր 15
«Գրեթէ բոլոր կրօնքներու մէջ ճշմարտութիւնը սիրողներ կան։ Սակայն, ընդհանուր առմամբ կրօնքները մարդիկը բաժան բաժան կ’ընեն։ Պարկեշտ սիրտ ունեցող անհատները իրարու միացնելու համար ի՞նչ բանի կարիքը կայ։ [Պատասխանէ մը ետք, կարդացէք Սոփոնեայ 3։9] Այս պարբերաթերթը ցոյց կու տայ թէ ճշմարիտ Աստուծոյ գիտութիւնը ի՛նչպէս ամէնուրեք մարդիկը կը միացնէ»։
Sept. 22
«Մեզմէ շատեր կը խորհին թէ ուտելիքը միշտ անպակաս պիտի ըլլայ։ Սակայն, ներկայիս մտահոգութիւններ կան թէ գիտութիւնը կրնայ մեր ուտելիքի պահեստը վտանգի ենթարկել։ Այս պարբերաթերթը կը բացատրէ այդ մտահոգութիւններէն քանի մը հատը, ինչպէս նաեւ այս խնդրին իսկական լուծման համար Աստուածաշունչին տուած յոյսը»։
ԴԻՏԱՐԱՆ Հոկտեմբեր 1
«Թերեւս համաձայնիք թէ Աստուծոյ հանդէպ հաւատքը շատերու համար անժողովրդական նիւթ մը դարձած է, որու մասին չեն ուզեր խօսիլ։ Սակայն, պարագան ինչո՞ւ այդպէս է։ [Պատասխանէ մը ետք, կարդացէք Եբրայեցիս 11։1] Այս պարբերաթերթը նկատի կ’առնէ թէ իսկական հաւատքը ի՛նչ է եւ թէ հաւատք ունենալը կամ չունենալը ի՛նչ տարբերութիւն կ’ընէ»։
Oct. 8
«Ինչպէս գիտէք, Ամենայն Սրբոց Տօնը շատ ժողովրդական տօնակատարութիւն մըն է, եւ շատ մանուկներ անով կ’ուրախանան։ Երբեք պատեհութիւնը ունեցա՞ծ էք անոր ծագումին մասին գիտնալու։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Այս նիւթը կարդալով շատ հաճոյք պիտի առնէք, մանաւանդ եթէ հոգածու ծնող մըն էք»։