Պարբերաթերթերուն Մասին Ի՛նչ Ըսենք
Awake! Feb. 22
«Թերեւս նկատած էք թէ շատ մը աշխատավայրեր աւելի վտանգաւոր դարձած են։ Այս պարբերաթերթը ընտիր թելադրութիւններ կը բովանդակէ, թէ ի՛նչպէս կարելի է զանոնք աւելի ապահով դարձնել։ Անիկա նաեւ ցոյց կու տայ թէ մեր բարօրութիւնը առնչուած է աշխարհիկ գործի հանդէպ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը ունենալուն կամ չունենալուն հետ։ Հաճեցէք զայն կարդալ»։
ԴԻՏԱՐԱՆ Մարտ 1
«Բնաւ հարց տուա՞ծ էք թէ մեր կեանքը ուղղելու եւ կարեւոր որոշումներ տալու լաւագոյն կերպը ի՞նչ է։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Լաւագոյն ուղղութիւններէն ոմանք, ինչպէս՝ Ոսկեղէն Կանոնը, կը գտնուին Աստուածաշունչին մէջ։ [Կարդացէք՝ Մատթէոս 7։12] Աստուածային ի՞նչ այլ սկզբունքներ կրնան ուղղակիօրէն մեզի օգտակար ըլլալ։ Պատասխանը պիտի գտնէք այս պարբերաթերթին մէջ»։
Awake! Mar. 8
«Աստուածաշունչը կը շեշտէ ողջամիտ կրթութեան կարեւորութիւնը։ [Կարդացէք՝ Առակաց 2։10, 11] Մեր մեծամասնութիւնը կը գիտակցի թէ ո՛րքան կենսական է որ երախաներ որակելի ուսուցիչներ ունենան։ Զարթի՛ր–ը ուշագրաւ կը դարձնէ ուսուցիչներու կարեւոր դերը, թէ ի՛նչպէս պէտք է գնահատենք իրենց զոհողութիւնները, եւ ծնողներ ի՛նչ կրնան ընել անոնց օգնելու համար այս դժուար մարտահրաւէրին մէջ»։