Միօրեայ Մասնաւոր Համաժողովի Նոր Յայտագիր
1 Մինչ լրատուամիջոցները եւ աշխարհիկ դաստիարակները նիւթական հարստութիւնը կը փառաւորեն, Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը յորդորէ՝ «Բարի Գործերով Հարստացէք»։ (Ա. Տիմ. 6։18) Սեպտեմբեր 2002–էն սկսեալ, այս է միօրեայ մասնաւոր համաժողովի յայտագրին բնաբանը։ Այս համաժողովին ի՞նչ քաջալերութիւն պիտի ստանանք։
2 Շրջանային տեսուչը պիտի քննարկէ թէ ի՛նչ կը նշանակէ «Աստուծոյ Աչքին Հարստացէք», եւ տեսակցութիւն պիտի ունենայ ոմանց հետ, որոնք ճիգ կը թափեն հոգեւոր հարստութիւն ձեռք ձգելու համար։ Իր առաջին դասախօսութեան մէջ, այցելու դասախօսը ցոյց պիտի տայ թէ Աստուծոյ ժողովուրդը ի՛նչպէս կը կատարէ «Բարի Գործեր Այս Հունձքի Ժամանակին Մէջ»։ Իւրաքանչիւրս պիտի քաջալերուինք նկատի առնելու թէ ի՛նչպէս կրնանք աւելի լիովին բաժին բերել Աստուծմէ յանձնարարուած հունձքին մէջ, որ ներկայիս կը կատարուի։
3 Որքա՜ն հպարտ կը զգանք, երբ տեսնենք որ Քրիստոնեայ պատանիներ հոգեւոր հարստութիւն կը հետապնդեն։ Ասիկա Եհովան կը փառաբանէ եւ պատանիներուն կ’օգնէ ծառայութեան ապագայ առանձնաշնորհումներու համար ընտիր հիմ մը դնելու։ «Բարի Գործերով Եհովան Փառաբանող Պատանիները Գովենք» բաժինը ուշագրաւ պիտի դարձնէ այն բարի գործերը, զորս Քրիստոնեայ պատանիներ կը կատարեն տեղականօրէն։
4 Բարի գործերու հետամուտ ըլլալուն արդիւնքները ի՞նչ են։ Այցելու դասախօսը ասիկա պիտի քննարկէ իր վերջին դասախօսութեան մէջ՝ «Շարունակեցէք Բարիք Գործել եւ Եհովայի Օրհնութիւնները Քաղեցէք»։ Ան չորս մարզեր նկատի պիտի առնէ, որոնց մէջ ճոխ օրհնութիւններ կը քաղենք. (1) որպէս անհատներ, (2) որպէս ընտանիքներ, (3) որպէս ժողովք, եւ (4) որպէս աշխարհածաւալ կազմակերպութիւն։
5 Եհովայի իրենց նուիրումը կատարողները մկրտուելու պատեհութիւնը պիտի ունենան։ Եթէ այդ քայլը առնելու պատրաստ էք, անմիջապէս վերակացու տեսուչը տեղեակ պահեցէք։
6 Երբ ձեր շրջանին մէջ տեղի ունենալիք համաժողովին թուականը ծանուցանուի, շուտով հոն ներկայ գտնուելու հաստատ ծրագիրներ ըրէք։ Ջանացէք կանուխ հասնիլ, որպէսզի բացման երգեցողութեան եւ աղօթքին մասնակցիք։ Միօրեայ մասնաւոր համաժողովի ամբողջ յայտագրին ներկայ գտնուիլը եւ ուշի ուշով անոր հետեւիլը, մեզ պիտի զօրացնէ որ շարունակենք հետապնդել ընթացք մը, որ մեզ իրապէս հարուստ կը դարձնէ մեր Աստուծոյն՝ Եհովայի՝ աչքին։