Աստուածպետական Ստացուածքներու Հանդէպ Գնահատութիւն Ցուցաբերեցէք
1 Երբ տաճարի նորոգութեան համար կարգադրութիւններ կ’ընէր, Յովսիա Թագաւոր այդ գործը կատարելու նշանակուած անհատները գովելով, ըսաւ. ‘Անոնց ձեռքը տրուած ստակին հաշիւը մի հարցնէք, քանզի անոնք հաւատարմութեամբ կը գործեն’։ (Դ. Թագ. 22։3-7) Իրենց յանձնուած դրամը գործածելու կերպէն, սրբազան բաներու հանդէպ այս մարդոց ունեցած գնահատութիւնը բացայայտ էր։ Ներկայիս, մինչ Աստուծոյ աւետարանը մատակարարելու գործին կը մասնակցինք, մենք ալ մեզի տրուած նիւթական բաները գործածելու մէջ հաւատարմութիւն պէտք է ցուցաբերենք։
2 Դաշտի Ծառայութեան Մէջ. Մեր գրականութիւնները մեծապէս կ’արժեւորենք, քանի որ անոնց բովանդակած կենսական պատգամը կը գնահատենք ու գիտենք թէ զանոնք արտադրելը որքան ծախսի կը նայի։ Պէտք չէ մեր գրականութիւնները անխտրաբար ներկայացնենք Աստուածաշունչի պատգամին հանդէպ իսկական գնահատութիւն չունեցող անհատներու։ Եթէ անհատ մը բարի լուրին հանդէպ քիչ հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ, կրնանք իրեն թերթիկ մը ներկայացնել, քան՝ այլ գրականութիւն մը։
3 Գրականութիւնները այնպիսի կերպով մը բաշխեցէք, որ անոնց արժէքին հանդէպ յարգանք ցոյց կու տայ։ Զանոնք հանրային վայրերու մէջ մի՛ ձգէք, ուր ասդին–անդին պիտի նետուին։ Որպէսզի վատնելէ խուսափիք, տան մէջ ձեր ունեցած գրականութիւնները ցուցակագրեցէք, յաւելեալ գրականութիւններ ապսպրելէ առաջ։ Եթէ պարբերաթերթերուն իւրաքանչիւր թիւէն միշտ աւելորդ օրինակներ կը մնան ձեր քով, մտածեցէք ձեր ապսպրանքը նուազեցնել։
4 Գրականութիւններ՝ Անձնական Գործածութեան Համար. Պէտք է ապսպրենք միայն այն գրականութիւնները, որոնց իրապէս պէտք ունինք։ Պէտք է չափաւորութիւն գործածենք մանաւանդ երբ կ’ապսպրենք ոսկեզօծ Աստուածաշունչեր, Վերագրումներով Աստուածաշունչեր, եւ այլ մեծ գրականութիւններ, ինչպէս՝ Համաբարբառ, Ցանկ, Խորաթափանց Ակնարկ եւ Ծանուցանողներ, որոնց արտադրութիւնը բաւական ծախսի կը նայի։
5 Մի՛ մոռնաք որ ձեր անձնական գրականութիւններուն վրայ ձեր անունն ու հասցէն գրէք։ Ասիկա կ’օգնէ որ սխալ տեղաւորուած գրականութիւններուն փոխարէնը ապսպրելու կարիքը նուազի։ Եթէ երգարան, Աստուածաշունչ, կամ ուսումնասիրութեան գրականութիւն մը կորսնցնէք, թերեւս Թագաւորութեան Սրահին կամ համաժողովի սրահին մէջ զայն գտնէք կորսուած իրերու վերաբերեալ բաժնին մէջ։—Ղուկ. 15։8, 9
6 Թող ջանանք մեր գրականութիւնները իմաստութեամբ գործածել։ Ասիկա կերպ մըն է, Եհովայի մեզի յանձնած Թագաւորութեան ստացուածքները գործածելու մէջ մեր հաւատարմութիւնը ցոյց տալու։—Ղուկ. 16։10