Յարափոփոխ Աշխարհի մը Մէջ Քարոզել
1 Պարագաները որքա՜ն արագ կրնան փոխուիլ։ Մէկ օրէն միւսը, բնական աղէտ մը, տնտեսական տագնապ մը, քաղաքական տակնուվրայութիւն մը կամ լայնօրէն ծանուցանուած ողբերգութիւն մը կրնան խօսակցութեան նիւթ դառնալ։ Սակայն, շուտով մարդիկ իրենց ուշադրութիւնը կրնան այլուր դարձնել։ (Գործք 17։21. Ա. Կորն. 7։31) Այս յարափոփոխ աշխարհին մէջ, ի՞նչպէս կրնանք մարդոց ուշադրութիւնը գրաւել, որպէսզի անոնց հետ Թագաւորութեան պատգամը բաժնենք։
2 Ուրիշներու Մտահոգութիւնները Ըմբռնեցէք. Մարդոց ուշադրութիւնը գրաւելու կերպերէն մէկն է՝ ընթացիկ իրադարձութիւններուն ակնարկել։ Առիթով մը երբ իր ունկնդիրները կը յորդորէր որ լրջօրէն մտածեն Աստուծոյ առջեւ իրենց կեցուածքին մասին, Յիսուս անոնց մտքին մէջ թարմ եղող ողբերգութիւններ յիշեց։ (Ղուկ. 13։1-5) Նոյնպէս, երբ բարի լուրը կը ներկայացնենք, լաւ կ’ըլլայ որ զայն կապենք մեր թաղամասին մէջի անհատները հետաքրքրող ընթացիկ լուրի մը կամ տեղական խնդրի մը հետ։ Սակայն, երբ այսպիսի նիւթեր նկատի կ’առնենք, պէտք է զգոյշ ըլլանք որ քաղաքական կամ ընկերային հարցերու մէջ կողմ չբռնենք։—Յովհ. 17։16
3 Ի՞նչպէս կրնանք գիտնալ թէ մարդիկ ներկայիս ի՛նչ բանի մասին կը մտածեն։ Թերեւս լաւագոյն կերպն է հարցում մը հարցնել եւ ապա մտիկ ընել։ (Մատթ. 12։34) Մարդոցմով հետաքրքրուիլը մեզ պիտի մղէ որ ուրիշներու տեսակէտը նկատի առնենք եւ փափկանկատօրէն յաւելեալ հարցումներ հարցնենք։ Տանտիրոջ մը յանպատրաստից դիտողութիւնը կրնայ այդ շրջանի բնակիչներէն շատերուն ունեցած մէկ մտահոգութիւնը յայտնել եւ ճամբան հարթել վկայութիւն մը տալու։
4 Ներկայացում մը Պատրաստել. Յարափոփոխ աշխարհի մը մէջ դաշտի ծառայութեան պատրաստուելու համար, կրնանք Պատճառաբանել գիրքը օգտագործել։ Մեր ներկայացումին մէջ ի՛նչպէս ընթացիկ իրադարձութիւններ պարփակելու մասին օգտակար թելադրութիւններ կը գտնուին էջ 10-11–ի մէջ, «Ոճիր/Ապահովութիւն» եւ «Ընթացիկ Իրադարձութիւններ» ենթագլուխներուն ներքեւ։ Նման տեղեկութիւններ կրնաք գտնել Սեպտեմբեր 2000–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին 4–րդ էջին վրայ։ Երբ ձեր ներկայացումը կը պատրաստէք, վստահ եղէք որ պատշաճ համար մը պարփակէք։
5 Երբ մեր թաղամասին մէջ գտնուող անհատներուն յարափոփոխ մտահոգութիւնները կ’ըմբռնենք, բարի լուրը ներկայացնելու մեր կերպը պէտք է անոր յարմարցնենք։ Այս կերպով, մարդոց կը խօսինք իրենց սրտին դպչող նիւթերու մասին։ Որպէս արդիւնք, աւելի շատ անհատներու կ’օգնենք որ ճանչնան Ան որ անփոփոխ է իր յատկութիւններուն ու չափանիշներուն մէջ։—Յակ. 1։17