Եհովայի Ողորմութեան Համար Շնորհակալ Եղիր
Քրիստոսի Մահուան Յիշատակատօնը Պիտի Տօնակատարուի 24 Մարտին
1. Եհովա ի՞նչպէս մեզի հանդէպ ողորմութիւն ցուցաբերած է։
1 Սաղմոսերգուն բացագանչեց. «Թող գոհանան Տէրոջմէն իր ողորմութեանը համար ու հրաշքներուն համար, որ մարդոց որդիներուն ըրաւ»։ (Սաղմ. 107։8) Աստուծոյ ողորմութիւնը՝ մարդոց հանդէպ քաղցր ու կարեկից ըլլալէն աւելին կը պարփակէ։ Այս կէտը յստակ է ներշնչեալ փառաբանութեան մէջ. «Ո՛վ Տէր, քու ողորմութիւնդ զիս կը հաստատէր»։ (Սաղմ. 94։18) Իր միածին Որդին մեզի համար տալով, Եհովա ի՜նչ բացառիկ ողորմութիւն ցուցաբերած է։—Ա. Յովհ. 4։9, 10
2. Ի՞նչպէս կրնանք մեր շնորհակալութիւնը Եհովայի յայտնել։
2 Մինչ Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնը կը մօտենայ, ի՞նչպէս կրնանք ‘ողորմութեան Աստուծոյ’ շնորհակալութիւն յայտնել։ (Սաղմ. 59։17) Իւրաքանչիւրս պիտի ուզենք ժամանակ տրամադրել, երկրի վրայ Յիսուսի անցուցած վերջին օրերուն վրայ խոկալու։ (Սաղմ. 143։5) Նաեւ շահաւէտ պիտի ըլլայ Յիշատակատօնի համար յայտագրուած Աստուածաշունչի ընթերցանութեան հետեւիլ, ինչպէս ուրուագծուած է Աստուածաշունչը Քննենք Ամէն Օր՝ 2005 գրքոյկին մէջ, եւ եթէ կարելի է, Մեծագոյն Մարդը գիրքին 112-116–րդ գլուխները կարդալ ու պրպտել, Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած այլ գրականութիւններու հետ մէկտեղ։ Կարդացած հատուածներուդ վրայ խոկա՛ ու ատոնցմով զբաղէ՛։ (Ա. Տիմ. 4։15) Աստուծոյ Խօսքին մասին աղօթքով խորհրդածելը, ո՛չ միայն մեր սիրտը կը սնուցանէ, այլեւ Եհովայի հանդէպ մեր սէրը կը յայտնէ։—Մատթ. 22։37
3, 4. (ա) Ի՞նչպէս կրնանք մեր Լիպերիացի եղբայրներուն ցուցաբերած հոգին ընդօրինակել։ (բ) Որո՞նք Յիշատակատօնին պիտի հրաւիրես։
3 Ուրիշները Մղէ որ Աստուծմէ Շնորհակալ Ըլլան. Անցեալ տարի համայն աշխարհի մէջ, 16,760,607 հոգի Յիշատակատօնին ներկայ եղաւ։ Լիպերիայի գիւղերէն մէկուն մէջ, եղբայրները գիւղապետին նամակ գրեցին, իրեն իմացնելով թէ մտադրած են իր շրջանին մէջ Տէրունական Ընթրիքը տօնակատարել։ Գիւղապետը եղբայրներուն արտօնութիւն տուաւ որ այս առիթին համար տեղական գնդախաղի դաշտը գործածեն, եւ ասոր մասին ամբողջ շրջանին մէջ ծանուցում մը ըրաւ, ժողովուրդը հրաւիրելով որ ներկայ գտնուին։ Այդ գիւղին մէջ միայն հինգ հրատարակիչ ըլլալով հանդերձ, Յիշատակատօնին ներկայ գտնուեցաւ 636 հոգի։
4 Նմանապէս կ’ուզենք կարելի եղածին չափ շատ մարդոց օգնել որ մեզի հետ Յիշատակատօնը տօնակատարեն։ Ինչո՞ւ անուանացանկ մը չպատրաստես, թէ որոնք կ’ուզես հրաւիրել։ Զարթի՛ր 8 Մարտ եւ Դիտարան 15 Մարտ թիւերուն 32–րդ էջը, Յիշատակատօնին ներկայ գտնուելու հրաւէր կը բովանդակէ։ Կրնաս նաեւ Յիշատակատօնի հրաւիրատոմսերը գործածել։ Հրաւիրատոմսին վրայ տօնակատարութեան ժամանակն ու վայրը մեքենագրէ կամ կոկիկ կերպով գրէ, ապա հատ մը տուր իւրաքանչիւր անհատի որ կը հրաւիրես։ Մինչ Մարտ 24–ը կը մօտենայ, իւրաքանչիւրին վերայցելէ, անոնց յիշեցնելու եւ վերջնական կարգադրութիւններ ընելու համար։
5. Ի՞նչպէս կրնանք Աստուածաշունչի աշակերտները քաջալերել որ Յիշատակատօնին ներկայ գտնուին։
5 Ի՞նչպէս կրնանք օգնել Աստուածաշունչի այն աշակերտներուն որ չեն սկսած ժողովներու յաճախել, որ այս առիթին ներկայ գտնուին ու լիովին օգտուին։ Իւրաքանչիւր ուսումնասիրութեան ընթացքին քանի մը վայրկեան տրամադրէ, այս տօնին կարեւորութեան հանդէպ գնահատութիւն կերտելու համար։ Կրնաս ընտիր տեղեկութիւններ գտնել՝ Դիտարան 1 Ապրիլ 2004 թիւին մէջ, էջ 3-7, եւ Պատճառաբանել գիրքին մէջ, էջ 266-269 (կամ էջ 210-213, Արաբ.)։
6. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ այցելուներուն բարի գալուստ մաղթենք։
6 Այցելուներուն Բարի Գալուստ Մաղթէ. Ժողովասրահին մէջ այցելուներուն մօտեցիր եւ անոնց բարի գալուստ մաղթէ։ (Հռովմ. 12։13) Հրաւիրած անհատներուդ քով նստէ եւ վստահ եղիր որ անոնք Աստուածաշունչ եւ երգարան ունին։ Յատկապէս պիտի ուզենք նախաքայլը առնել ջերմօրէն ողջունելու ոեւէ անգործունեայ եղբայր կամ քոյր, որ ջանք թափած է ներկայ գտնուելու։ Մեր սիրալիր հետաքրքրութիւնը կրնայ անոնց օգնել որ ժողովքին հետ վերստին կանոնաւորաբար ընկերակցին։ (Ղուկ. 15։3-7) Այս ամենասուրբ առիթին, թող մեր բոլոր կարելին ընենք ուրիշները քաջալերելու որ մեզի հետ Եհովայի շնորհակալութիւն յայտնեն իր «զարմանալի ողորմութեան» համար։—Սաղմ. 31։21