Բացումներ՝ Պարբերաթերթերը Ներկայացնելու Համար
Feb. 22
«Վաղեմի ժամանակներուն, Աստուած զաւակներուն պատուիրեց որ պատուեն թէ՛ իրենց մայրը եւ թէ իրենց հայրը։ [Կարդա՛ Ելից 20։12–ը։] Կը խորհի՞ս որ ներկայիս մայրերուն պատշաճ պատիւ կը տրուի։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը նկատի կ’առնէ թէ զանազան երկիրներու մէջ մայրեր ի՛նչ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն եւ զանոնք ի՛նչպէս ձեռք կ’առնեն»։
ԴԻՏԱՐԱՆ Մարտ 1
«Կը խորհի՞ս որ աշխարհը աւելի լաւ վայր մը պիտի ըլլար, եթէ ամէն ոք հետեւեալ խրատը կիրարկէր։ [Կարդա՛ Հռովմայեցիս 12։17, 18–ը։ Ապա թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Դժբախտաբար, երբեմն անհատական բախումներ կ’ըլլան։ Այս պարբերաթերթը ցոյց կու տայ թէ ի՛նչպէս Աստուածաշունչի խրատները կիրարկելը կրնայ մեզի օգնել որ խնդիրները լուծենք ու խաղաղութիւնը վերահաստատենք»։
Mar. 8
«Ամէն տարի, ուժանիւթի պահանջքը կ’աւելնայ։ Կրնա՞ս երեւակայել թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ եթէ օրին մէկը ուժանիւթը բոլորովին սպառի։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը նկատի կ’առնէ թէ ուժանիւթի աւելի մաքուր աղբիւրներ մշակելու մարզին մէջ ի՛նչ յառաջդիմութիւն արձանագրուած է։ Անիկա նաեւ ամբողջ ուժանիւթի Աղբիւրը կը բնորոշէ»։ Կարդա՛ Եսայեայ 40։26–ը։