Աստուածաշունչին Վրայ Աւելի Շեշտ Դնել
1. Սկիզբը, Դիտարան–ը գլխաւորաբար որո՞նց համար կը հրատարակուէր, եւ Ոսկեդար–ը՝ որո՞նց համար։
1 1 Հոկտեմբեր 1919–ին, Ոսկեդար պարբերաթերթին առաջին թիւը լոյս տեսաւ։ Անիկա քարոզչութեան մէջ շատ արժէքաւոր գործիք մը եղաւ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անիկա յատկապէս հանրութեան համար պատրաստուած էր։ Դիտարան–ի պարագան տարբեր էր, որ երկար տարիներ գլխաւորապէս «պզտիկ հօտ»ին յատուկ պարբերաթերթ մը կը նկատուէր։ (Ղուկ. 12։32) Նոր գրականութիւնը Թագաւորութեան հրատարակիչներուն քով ա՛յնքան լաւ ընդունելութիւն գտաւ, որ երկար տարիներ Ոսկեդար–ի շրջաբերութիւնը Դիտարան–ի շրջաբերութենէն շա՜տ աւելի էր։
2. Ներկայիս Ոսկեդար–ի անունը ի՞նչ է, եւ սկիզբէն իսկ անոր նպատակը ի՞նչ եղած է։
2 Ոսկեդար պարբերաթերթը հրատարակուեցաւ մարդոց ցոյց տալու թէ մարդկութեան խնդիրներուն իսկական լուծումը Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութիւնն է, որ արդարեւ ոսկեդար մը պիտի բերէ մարդկութեան։ Յաջորդ տասնամեակներու ընթացքին, Ոսկեդար–ը կարգ մը ճշդումներու ենթարկուեցաւ, այժմէական կարիքներուն յարմարելու համար։ 1937–ին անոր անունը Մխիթարութիւն եղաւ, իսկ 1946–էն ի վեր Զարթի՛ր անունը կը կրէ։
3. Զարթի՛ր–ը ո՞ր մարգարէութեան կատարման մէջ ազդու գործիք մը եղած է։
3 Այս պարբերաթերթը մեծապէս նպաստած է 1919–էն ի վեր տրուած մեծ վկայութեան։ (Մատթ. 24։14) Սակայն մեր ժամանակներուն ստիպողականութեան ի տես, յարմար կը թուի Զարթի՛ր–ը յաւելեալ ճշդումներու ենթարկել։
4. (ա) Անհատ մը ի՞նչ պէտք է ընէ եթէ կ’ուզէ «Տէրոջը բարկութեան օրը ծածկուիլ»։ (բ) Յայտնութիւն 14։6, 7–ի համաձայն, ‘երկնքի մէջ թռչող հրեշտակը’ բոլոր մարդիկը կը քաջալերէ որ ի՞նչ ընեն։
4 Միլիոնաւոր անհատներ կը սիրեն Զարթի՛ր–ը կարդալ, քանի որ գրաւիչ կերպով աշխարհիկ այլազան նիւթեր կը ծածկէ։ Անկասկած ամէն տարի Յիշատակատօնին ներկայ գտնուողներուն մեծամասնութիւնը Զարթի՛ր–ը կանոնաւորաբար կը ստանայ։ Սակայն եթէ մէկ կը յուսայ «Տէրոջը բարկութեան օրը ծածկուիլ», մեր գրականութիւնները կանոնաւորաբար կարդալէն աւելին պէտք է ընէ։—Սոփ. 2։3. Յայտ. 14։6, 7
5. (ա) Յունուար 2006–էն սկսեալ, Զարթի՛ր–ը ի՞նչ բան աւելի աչքառու պիտի դարձնէ։ (բ) Շատեր թերեւս մղուին ի՞նչ ընելու, եւ ո՞ր մարգարէութեան առ ի կատարում։
5 Ուստի Յունուար 2006–էն սկսեալ, Զարթի՛ր–ը Աստուծոյ Թագաւորութեան վրայ աւելի շեշտ պիտի դնէ։ Անիկա ընթերցողներուն ուղղակի քաջալերութիւն պիտի տայ որ իրենց խնդիրներուն լուծման համար Աստուածաշունչին դիմեն, եւ ընթացիկ իրադարձութիւններուն մասին Աստուածաշունչի տուած բացատրութեան վրայ աւելի շեշտ պիտի դնէ։ Այս կերպով, ընթերցողները ընթացիկ դէպքերուն մասին աւելի լաւ հասկացողութիւն ձեռք պիտի ձգեն եւ թերեւս ուզեն Եհովայի մասին աւելի սորվիլ։—Զաք. 8։23
6, 7. (ա) Զարթի՛ր–ը ի՞նչպէս շատերու պիտի օգնէ որ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13–ը կիրարկեն։ (բ) Զարթի՛ր–ը ամիսը քանի՞ անգամ պիտի հրատարակուի, եւ այս փոփոխութիւնը քանի՞ լեզուներու պիտի ազդէ։
6 Զարթի՛ր–ը պիտի շարունակէ հանրութիւնը հետաքրքրող նիւթեր ներկայացնել։ Սակայն Աստուածաշունչին վրայ աւելի շեշտ պիտի դրուի։ (Ա. Թես. 2։13) Որովհետեւ Դիտարան–ը աստուածաշնչական խորունկ տեղեկութիւններ կը բովանդակէ եւ Զարթի՛ր–ը Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած յաւելեալ նիւթեր պիտի ներկայացնէ, անհրաժեշտ չի թուիր շարունակել Զարթի՛ր–ը հրատարակել ամիսը երկու անգամ։ Հետեւաբար Յունուար 2006–ի թիւէն սկսեալ, Զարթի՛ր–ը միամսեայ պարբերաթերթ պիտի ըլլայ, դիւրացնելով անոր պատրաստութիւնը, թարգմանութիւնն ու առաքումը։
7 Այս փոփոխութենէն շուրջ 40 տոկոսով պիտի ազդուին այն լեզուները, որով Զարթի՛ր–ը լոյս կը տեսնէ։ Շատ մը լեզուներով, Զարթի՛ր–ը արդէն միամսեայ կամ եռամսեայ պարբերաթերթ է։ Իսկ Դիտարան–ը որեւէ փոփոխութիւն պիտի չկրէ։
8. Հրատարակիչները ի՞նչպէս կրնան Զարթի՛ր–ը գործածել Դիտարան–ին հետ։
8 Հրատարակիչները կրնան իւրաքանչիւր ամսուան Զարթի՛ր–ը ներկայացնել այդ ամսուան երկու Դիտարան–ներէն որեւէ մէկուն հետ։ Զարթի՛ր–ը ներկայացնող հրատարակիչները պիտի կարենան ամբողջ ամսուան ընթացքին նոյն թիւը գործածել, առանց ստիպուելու ամսուան կիսուն իրենց ներկայացումը փոխելու, ինչպէս է պարագան ներկայիս։
9. Զարթի՛ր–ը պիտի շարունակէ ի՞նչ դեր խաղալ։
9 1919–ին առաջին թիւը լոյս տեսնելէն ի վեր, Ոսկեդար, Մխիթարութիւն ապա Զարթի՛ր անունով պարբերաթերթը քարոզչութեան մէջ գլխաւոր դեր մը խաղցած է։ Կ’աղօթենք որ Եհովա փոփոխութեան ենթարկուած Զարթի՛ր–ի բաշխումը շարունակէ օրհնել, եւ անիկա «բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն» անհատներու օգնէ որ Աստուծոյ Թագաւորութեան դիմեն որպէս իրենց միակ յոյսը։—Յայտ. 7։9