Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 9/05 էջ 7
  • Շինեցէ՛ք զիրար

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Շինեցէ՛ք զիրար
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Բարիք ըրէ եւ ուրիշներուն օգնէ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
  • Ծառայութեան մէջ զիրար շինենք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2008)
  • Շարունակեցէ՛ք ‘զիրար շինել’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • Հոգեւոր խօսակցութիւնները կը շինեն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2003
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
թծ 9/05 էջ 7

Շինեցէ՛ք զիրար

1 Պօղոս առաքեալ իր կարելին ըրաւ որ հաւատակիցները զօրացնէ։ (Գործք 14։18-21) Նմանապէս, կը հետաքրքրուինք երբ մեր եղբայրները դժուար պարագաներ կը դիմագրաւեն, եւ կ’ուզենք անոնց օգնել։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ ժողովքի բոլո՛ր անդամները, եւ ո՛չ թէ միայն երէցները, ուրիշներով պէտք է հետաքրքրուին։ (Հռովմ. 15։1, 2) Նկատի առ երկու կերպ, որոնցմով կրնանք սա սիրալիր յորդորին անսալ. «Մէկզմէկ մխիթարեցէ՛ք եւ իրարու օգնեցէ՛ք [«շինեցէ՛ք զիրար», ԱՎ]»։—Ա. Թես. 5։11

2 Ուրիշներու կարիքները զատորոշէ՛. Աստուծոյ Խօսքը կը տեղեկագրէ թէ Այծեմնիկ «լեցուած էր բարի գործերով ու ողորմութիւններով»։ (Գործք 9։36, 39) Ան կարիքաւորները կը նկատէր եւ իր կարելին կ’ընէր անոնց օգնելու համար։ Ան ի՜նչ ընտիր օրինակ կը հանդիսանայ մեզի։ Թերեւս իմանաս որ տարեց մը պէտք ունի որ մէկը զինք ժողովի բերէ, կամ՝ ռահվիրայ մը պէտք ունի որ մէկը իրեն հետ ծառայէ շաբթուան մէկ օրը՝ կէսօրէ ետք։ Եթէ զատորոշես այսպիսի կարիք մը եւ զայն լեցնես, անհատը որքա՜ն պիտի քաջալերուի։

3 Հոգեւոր զրոյցներ. Ուրիշները կրնանք նաեւ շինել մեր խօսքերով։ (Եփ. 4։29) Փորձառու երէց մը նշեց. «Եթէ կ’ուզես քաջալերական ըլլալ, հոգեւոր բաներու մասին խօսէ։ Շինիչ խօսակցութիւն մը սկսելու համար, կրնաս պարզ հարցում մը ուղղել, օրինակ՝ ‘Ճշմարտութիւնը ի՞նչպէս քեզի հասաւ’»։ Ժողովքի պատանիներով անկեղծօրէն հետաքրքրուէ։ Վհատած ու ամչկոտ անհատներուն հանդէպ անտարբեր մի՛ գտնուիր։ (Առ. 12։25) Թոյլ մի՛ տար աշխարհային ժամանցի նիւթերուն որ հոգեւոր լաւ զրոյցներուն տեղը առնեն։—Հռովմ. 1։11, 12

4 Ուրիշները շինելու համար ի՞նչ կրնաս ըսել։ Աստուածաշունչի ընթերցանութեան եւ անձնական ուսումնասիրութեան ընթացքին, վերջերս սկզբունք մը նկատա՞ծ ես որ Եհովայի հանդէպ գնահատութիւնդ խորացուցած է։ Հանրային դասախօսութեան կամ Դիտարան–ի Ուսումնասիրութեան մէջ յիշուած կէտ մը քեզ սրտապնդա՞ծ է։ Կամ, հաւատք զօրացնող փորձառութիւն մը սիրտիդ դպչա՞ծ է։ Այսպիսի հոգեւոր գոհարներ ունենալով, միշտ պիտի կարենաս ուրիշներուն հետ քաջալերական նիւթեր խօսիլ։—Առ. 2։1. Ղուկ. 6։45

5 Գործնական օգնութիւն մատուցանելով եւ մեր լեզուն իմաստութեամբ գործածելով, շարունակենք զիրար շինել։—Առ. 12։18

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել