Աշխարհածաւալ արշաւ՝ ծանուցանելու համար ‘Ազատումը մօտ է’ բնաբանով նահանգային համաժողովը
Իւրաքանչիւր ժողովքի հրատարակիչները մասնայատուկ յայտաթերթիկ պիտի բաշխեն
1 Շուրջ 155 երկիրներու մէջ կայանալիք նահանգային համաժողովները պիտի ծանուցանուին աշխարհածաւալ արշաւով մը, որ պիտի սկսի 2006–ի գարնան, նախ հիւսիսային կիսագունդին մէջ, ապա աշխարհի տարածքին, մասնայատուկ յայտաթերթիկ գործածելով։ Այս արշաւը պիտի պարփակէ մասնաւոր համաժողովները, որոնք Յուլիսին եւ Օգոստոսի առաջին շաբթուան ընթացքին տեղի պիտի ունենան Գերմանիոյ, Չեխ Հանրապետութեան եւ Լեհաստանի մէջ։
2 Որովհետեւ վերջին ժամանակին մէջ շա՜տ յառաջացած ենք, այս չար դրութենէն ազատուելու Աստուծոյ խոստումը աչքառու դարձնող համաժողովները, ուղղաբարոյ մարդոց մեծապէս գրաւիչ պէտք է ըլլան։ Պատգամը զիրենք պիտի մղէ նկատի առնելու ի՛նչ որ ապագային տեղի պիտի ունենայ։ Մխիթարութեան ու յոյսի պատգամ մը լսելու պատեհութիւնը տասնեակ միլիոնաւորներու ներկայացնելու համար, Եհովայի Վկաներու աւելի քան 98,000 ժողովքներուն քաջալերութիւն կը տրուի որ խանդավառօրէն ծանուցանեն այն համաժողովը, որուն ներկայ պիտի գտնուին։
3 Իւրաքանչիւր հրատարակիչ շուրջ 50 յայտաթերթիկ պիտի կարենայ ստանալ։ Ռահվիրաները կրնան նաեւ հոգ տանիլ չբաշխուած յայտաթերթիկներուն։ Համաժողովի թուականէն երեք շաբաթ առաջ, ժողովքը պիտի սկսի իր արշաւը, ջանալով իր թաղամասը ծածկել։
4 Կը յանձնարարուի՝ իւրաքանչիւր տանտիրոջ անձամբ յայտաթերթիկ մը տալ։ Սակայն, եթէ ոմանք տունը չեն, կարելի է խոհեմօրէն յայտաթերթիկ մը ձգել։ Ժրաջան աշխատանք պէտք է տարուի՝ բոլոր յայտաթերթիկները երեք շաբթուան ընթացքին բաշխելու համար։
5 Վստահ ենք թէ հսկայ վկայութիւն մը պիտի տրուի, համայն աշխարհի մէջ «Ազատումը մօտ է» բնաբանով նահանգային համաժողովը ծանուցանելու լուրջ ջանքերուն շնորհիւ։ Կ’աղօթենք որ Եհովայի ճոխ օրհնութիւնը ձեր ջանքերուն վրայ ըլլայ, մինչ այս աշխարհածաւալ արշաւին կը մասնակցիք։